Մասաչուսէց․- Սուրբ Ստեփանոսի Ամենօրայ Ազգային Վարժարանի Նոր Տնօրէնուհին՝ Կարինէ Փալանճեան

0 0
Read Time:1 Minute, 18 Second

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ (Մասարուսէց) ․- Սուրբ Ստեփանոս ամենօրայ ազգային վարժարանի խնամակալութիւնը, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ կրթօճախին նոր տնօրէնուհի նշանակուած է Կարինէ Փալանճեանը (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ)։ Ան պիտի փոխարինէ Հուրի Պոյամեանը, որ անցեալ տարեշրջանի աւարտին նամակ մը յղած էր տեղեկացնելով, որ 35-ամեայ ծառայութենէ ետք կը պատրաստուի հանգստեան կոչուելու։

Փալանճեան, որ նախապէս դասաւանդած է Քալիֆորնիոյ «Շամլեան» եւ «Ալեք Փիլիպոս» դպրոցներէն ներս, կրթութեան բնագաւառէն ներս ստացած է իր դոկտորականը հետեւելով Արիզոնայի համալսարանին դասընթացքներուն։ ներկայիս նոյն համալսարանը կը գտնուի իբրեւ «Մելիքեան» կեդրոնի յետ-դոկտորականի ուսումնասիրող եւ ուսուցչակազմի անդամ։ Ան հաստատած է Ուսանողական Յաջողութեան Կեդրոնը Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, որ բազմազան օժանդակ ծառայութիւններ կը մատուցանէ, ներառեալ՝ խորհրդատուութիւն, հաշմանդամներու աջակցութիւն եւ հասակակիցներու կողմէ խնամակալութիւն։ Փալանճեան աւելի քան 15 տարուան կրթական փորձառութիւն ունի թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ։

2019-2020ին դոկտ. Փալանճեան Հայաստանի սահմաններու մանկավարժութեան գործունէութեան եւ ինքնութեան վերաբերեալ իր աւարտաճառին դաշտային աշխատանքը կատարած է Երեւանի եւ Շիրակի ու Տաւուշի սահմանային գիւղերուն մէջ, ինչպէս եւ ամիս մը պոլսահայ համայնքին մէջ։ Վերջերս, Համեմատական եւ Միջազգային Կրթութեան Ընկերութիւնը լաւագոյն աւարտաճառի մրցանակով պարգեւած է դոկտ. Փալանճեանի աւարտաճառը ընկերութեան տարեկան գիտաժողովին, որ տեղի ունեցած էր Ուաշինկթընի մէջ։

«Պատիւը պիտի ունենամ ծառայելու Նիւ Ինկլընտի միակ հայկական կրթօճախին», յայտնեց Փալանճեան։ Ծուխի հովիւ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Քհն. Պալճեան իր կարգին, մեծ խանդավառութեամբ տեղեկացուց, թէ Փալանճեան պիտի կարենայ շարունակել երկար տարիներ ծառայած Հուրի Պոյամեանի ժրաջան աշխատանքը, որ հետեւողականօրէն քայլ պահած եւ ներդրում ունեցած էր այս կրթօճախի բարելաւման եւ մակարդակի բարձրացման։

Սուրբ Ստեփանոս վարժարանի հոգաբարձութեան յանձնախումբի ատենապետ Մայքլ Կիւզէլեան յայտնեց, թէ յանձնախումբը յատկապէս տպաւորուած էր դոկտ. Փալանճեանի գիտութեամբ եւ նորարարական հեռանկարով կրթութեան բնագաւառին մէջ, ինչպէս եւ հայութեան հանդէպ իր նուիրումով։

 

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles