Արցախի Մէջ Միջկուսակցական Համակարգող Մարմին

0 0
Read Time:40 Second

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած երեք ընդդիմադիր ուժերու` Հ.Յ.Դ. Արցախի կառոյցի, «Արդարութիւն» եւ Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ղեկավար կազմերուն միջեւ քննարկումներու հիման վրայ ստորագրուած է յուշագիր մը, որուն համաձայն ստեղծուած է Միջկուսակցական համակարգող մարմին:

Յուշագիրը կ՛արձանագրէ, որ «Միջկուսակցական համակարգող մարմինը խորհրդատուական կառոյց է, ուր պիտի քննարկուին Արցախի քաղաքական դաշտի ընթացիկ ու սպասուող զարգացումները եւ անհրաժեշտութեան պարագային եզրակացութիւններ ու առաջարկներ պիտի ներկայացուին միացեալ գործողութիւններու եւ միասնական դիրքորոշումներու համար»:

Իր անդրանիկ նիստին Միջկուսակցական համակարգող մարմինը որոշած է յառաջիկայ օրերուն Արցախի մէջ ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակի եւ արտաքին մարտահրաւէրներու նիւթով խորհրդակցութիւններ կատարել Արցախի մէջ գործող քաղաքական ուժերու, հանրային տարբեր խումբերու եւ առանձին անհատներու հետ: Միջկուսակցական համակարգող մարմինը պիտի ձգտի հանրային-քաղաքական տեսակէտներու եւ նոր գաղափարներու համադրման կամ փոխանակման հարթակ դառնալ, որուն, հիմնադիր քաղաքական ուժերէն բացի, կրնան մաս կազմել նաեւ այլ քաղաքական ու հանրային միաւորներ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles