Վեհանոյշ Թեքեան
Փետրուար 6, 2023
Եթէ քաղաքական կամ բնութեան աղէտ մը պիտի գայ, նախ չորս կողմը կը նայի՝ ո՞ւր կայ հայկական եռուն գաղութ։ Ճիշդ հո՛ն կը հարուածէ։
Մինչ այդ մենք՝ փիւնիկներէն յարութիւն առնելէն-առնելէն հոգինիս ելած է։ Իսկ եթէ պէտք է՝ Հոգի՛ ալ կը շինենք։ Դարձեալ կը փիւնիկուինք, խաղաղութեան աղաւնի կը կանչենք, կռո՛ւնկ ինչո՞ւ եկար – ինչո՞ւ չեկար կ՚երգենք, եւ …. կը մարտնչինք։
Կրկի՛ն Հալէպ։ Երկրաշարժին պատճառով , նախատեսելիին դիմաց, իրենց տաքուկ տուներէն դուրս փախած, ցուրտին ու մութին հայկական եկեղեցիներու եւ ակումբներու մէջ ապաստանած մեր քոյր-եղբայրները, հաւաքաբար, միանգամայն առանձին-առանձին, նստած են խռովայոյզ։ Անոնք թէպէտ լուռ ու անփոփ՝ իրար ոյժ կու տան։ Հոգեւորականի մը ներկայութիւնը կը սփոփէ զիրենք։
Լուսանկարները կան դիմատետրին մէջ։ Նայեցէք դէմքերը – վախուորած, հաշտուած, խոժոռ «ալ կը բաւէ» հայեացքով։ Սպասելէ զատ բան չեն կրնար ընել։ Ինչի՞ կը սպասեն։ Փրկութեա՛ն։ Որ այս բոլորը գէշ երազի պէս անցնին։ Բայց իրենք աւելի լաւ գիտեն – գէշ երազները շատ երկար կեանք կ՚՚ունենան։
Ծնողները, մեծմայրերը Ինչպէ՛ս գրկեր են իրենց երեխաները – բուրդէ գլխարկներով, անուշիկ ժպտացող։ Մանուկները կը զգան թէ բան մը կը պատահի, որ ճիշդ չէ։
Յիսո՛ւս մանուկ, որ դարերով խորանին վրայէն կը դիտես – ասո՛նք ալ մանուկներ են, քովերնին իրենց հայրերն ու մայրերն են, մեծ ծնողքը, մօրաքոյր, հօրեղբայր, խաղընկեր, դրացի։ Խաչեա՛լ Քրիստոս, «գետնին տակը անցնիլ»ը առաջ բարկութեան խօսք էր միայն, հիմա իմա՛ստ ունի – թաց ցաւ է եւ չորցած արիւն։
Այլեւս Երկրագունդի շարժումները այնպէս դասաւորէ, որ մանուկները լուսաժայթ մանկութիւն ապրին, որ մեծահասակները սարսափ ու անձկոյթ չունենան։ Որ փլած տուներ ու ճաթռտած գետիններ Կեանքը կուլ չտան։
Եղած չեղածը մէկ կեանք է, Քրիստոս Աստուած մեր, դեռ Արցախի՛ հարցը ունինք։ Մեր սիրտը բզիկ-բզիկ ընելը ի՞նչ շահ կը բերէ, քանի որ Դուն գիտե՛ս թէ մենք փիւնիկուի՜լ գիտենք։
Բայց պահանջելու պէս կը խնդրենք, որ ա՛լ փորձանք չբերես մեր գլխուն։ Երկրագունդին անզուսպ երախները կղպէ, թշնամիներուն լեզուները եւ թաթերը կտրտէ, եւ տուր ազգիս հայոց՝ արդարութեան լոյսի բարիքները բոլո՛ր։