«Բարեւ»-ն Ու «Պարեւ»-ը

0 0
Read Time:3 Minute, 47 Second

Գէորգ Պետիկեան

-Պապի՛կ, դուն բարեւ կ՛ըսես, թէ ո՛չ պարեւ,- ըսաւ հնգամեայ թոռնուհիս՝ Վանան, հայկական վարժարանի առաջին օրուան աւարտէն, իր տուն վերադարձին, երբ տակաւին պաչիկներ եւ կարօտագին գրկախառնումներ չէինք փոխանակած:
Իմ կարգիս, հակառակ անոր, որ օրերս կապած էի առօրեայ մտահոգութիւննե-րուս, սակայն առաւօտէն սկսեալ, անհամբեր իր վերադարձին կը սպասէի այն նոր ու ինքնածին զգայնութեամբ, որուն շնորհիւ հին օրերուս գեղեցիկ թարմացումը պիտի կարենայի վերապրիլ:
Անկեղծօրէն, կ՛ուզէի տեսնել, թէ իր դպրոց յաճախելուն իբրեւ արդիւնք, արդեօք իր «ակռաներն ալ ոսկի եղա՞ծ էին», թէ ոչ: Անոր համար էր, որ իրեն կը սպասէի մեծ անձկութեամբ:
Եւ ահա այս հարցումը, որ զիս մեծ զարմանքի կը մատնէր: Ահա քեզի անակնկալ «վերապրում»:
Անմիջապէս նայեցայ դէմքին: Աչքերուն շարժումները քննեցի: Ժպիտը փորձեցի բացատրել: Գիտէի, որ երեւոյթը գեղեցիկ էր, որովհետեւ Վանան հետս միայն հայերէն կը խօսէր, համարձակ, նոյնքան ալ՝ ազատ:
Սթափեցայ ու ըսի. -Ես բարեւ կ՛ըսեմ:
-Օքէ՜յ.-ըսաւ արագ մը.-ուրեմն, դուն ի՛մ խումբէս ես:
Սկիզբը բան չհասկցայ: Թէեւ տարօրինակ գտած էի այս պատասխանը, սակայն չփորձեցի զայն վերլուծել: Բայց երբ կրկին շեշտեց, թէ ես «իր խումբէն էի», ահա այդ վայրկեանին զգաստացայ: Ի՞նչ խումբի մասին էր խօսքը:
Յիշեցի, որ դպրոցէն ներս, ծնողներու նախընտրութեան համաձայն, նոյն կարգի աշակերտներ կը բաժնուէին երկու խումբերու՝ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի:
Ահա՛, Վանային մատնանշած խումբը: Ինք, հակառակ անոր, որ մայրը հայրենի Վանաձորէն էր, բայց որովհետեւ ես իր սիրելի պապիկն էի, ուստի արեւմտահայ խումբին ուզած էր պատկանիլ: Ու ի՜նչ ուրախութիւն, ես ալ հիմա, իր իսկ որոշումով, իր խումբին կը պատկանէի: Ի՜նչ ցնծութիւն, թէ՛ իրեն եւ թէ՛ ինծի համար: Պապիկ եւ թոռնիկ նոյն խումբին մաս կը կազմէինք: Օ՜հ, ներողութիւն, Վանային համաձայն՝ պապիկն էր, որ մաս կը կազմէր իր խումբին:
Հոգ չէ: Փորձեցի անմիջապէս համբուրել ճակատը, երբ քանի մը քայլ հեռու կենալով՝ շատ համարձակ ըսաւ.

-Ինչո՞ւ պապի՛կ, ինչո՞ւ խումբ կայ: Ես կ՛ուզեմ Էմելիային եւ Րաքսանին մօտ նստիլ, անոր դասարանը…:
Իր մանուկ միտքը այսչափ կրցած էր արտայայտել: Էմելիան պարսկահայ ծնողքի զաւակ էր, իսկ Րաքսանի ծնողները Երեւանէն էին:
Կասկածը տեղին ըլլալու էր, որովհետեւ ինք եւ իր նմաններն ու տարեկիցները դպրոց կամ այլ տեղ ամէն հանդիպումին, իրարու հետ անգլերէն լեզուով էր, որ կը հաղորդակցէին, կը խօսէին, կը խաղային:
Անգլերէնը նոյնիսկ իրենց այս տարիքին, արդէն տիրապետած ու կլանած էր իրենց մտապաշարն ու լեզուն, բառերն ու խօսակցական միջոցները: Հայերէնը, պապիկին լեզուն էր ու կարծես միայն պապիկին ու նանիին հետ խօսելու համար ստեղծուած էր: Ինք կ՛ուզէր Էմելիային եւ Րաքսանին դասարանը «նստիլ»: Անոնց քովը: Չէ որ երեքով միշտ միասին կը խաղային: Միասին «փարք» կ՛երթային: Ծնողները միասին «փիքնիք» ալ կ՛ընէին:
Ո՛չ միայն իրեն, այլ նաեւ ինծի համար ալ հարցը բաւական լուրջ էր: Վայրկեանին կը կարծէի, որ հայոց պատմութեան ձայնն էր, որ կը լսէի:
Վանան հաւանաբար, մինչեւ տուն վերադարձը երկար մտածած ըլլալու էր այս մասին ու առանց նախաբան մը ընելու՝ մտահոգութիւնը շպրտած էր երեսիս: Նայեցայ դէմքին: Տակաւին հարցումը անկէ կախուած կը մնար, ու ինձմէ պատասխանի մը կը սպասէր, պատասխան մը, որ գոհացում տար իր այս «մեծ» մտմտուքին:
Կը զգայի, որ իր փոքրիկ ուղեղը հիմա անտէր հայելի մըն էր, անկէ անմեղ պատկերներ կ՛անձրեւէին իր հոգիին մէջ: Ճերմակ ու բաց թուղթի մը նման նաեւ կը տեսնէի անոր հոգին: Ի՞նչ պէտք էր, որ պատասխանէի: Շուարած էի:
Բայց ի՞նչ ձեւով բացատրէի: Ըսէի, որ մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ընթացքին ճակատագիրը մեծ դեր ունեցած էր իր կեանքին մէջ: Ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ բառերով ներկայացնէի մեր ժողովուրդին այս չնախատեսուած երեւոյթը: Մեր՝ ճակատագիրը: Մեր՝ պատմական անարդարութեան եւ քաղաքական ոճիրի արդիւնք կեանքը:
Ինչպէ՞ս պարզէի հայ ըլլալու եւ մանաւանդ հայ մնալու ողբերգութիւնը այս անմեղ աղջկան:
Իսկ հիմա.- «Պապի՛կ, ինչո՞ւ երկու լեզու»:
Կեանքի հեգնանքէն ծնած էր այս հարցումը: Ինչպէ՞ս բացատրէի, ըսէ՛ք: Իսկապէս, որ ինծի ալ անժամանակ մշուշ մը պատած էր գիտակցութիւնս ու քրտինք բերած էր ճակտիս:
Կրկին նայեցայ դէմքին: Մեր աչքերը այս անգամ տարբեր կերպով իրար հանդիպեցան: Իրը՝ անհամբերութեամբ լեցուն էր, իսկ իմս՝ մտահոգութեամբ:
Ինք՝ անհանդարտ էր, ես՝ մտահոգ եւ լուռ: Ինք նոր ժամանակներու նոր հայութիւնն էր ինծի համար, ու այսօր, դպրոցի առաջին օրուան առաջին իսկ վայրկեանին իր խաղաղ ուղեղի լճակին մէջ ալիք մը ծնած էր, որ կամաց-կամաց մագլցող հետաքրքրութեամբ ու նոյն աստիճանաչափով մագլցող ակնկալութեամբ, վերածուած էր անհանդարտ հովի մը:
Կը մտածէի՝ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ընէի իր միտքին անկիւնը նստած կասկածը փարատել:
Վանան անգիտակցաբար, իր իսկ այս հարցումով, մտածումներուս առաջ փռած էր հայ լեզուի ու ինքնութեան հարցը: Աւելին, այս կարճ հարցումը իր հետ բերած էր հայ հողին անփոխարինելիութիւնը, մեր հայ լեզուին ներկայ տագնապը, մտածելու եւ գործելու մեր կարողութիւնն ու պատրաստակամու-թիւնը եւ վերջապէս՝ ազգային գիտակցութիւնը: Մէկ խօսքով, ազգը ճանչնալու միջոցը: Ահա քեզի տագնապ-մտահոգութիւն մը, մանուկի մը բերնէն անմեղօրէն դուրս նետուած:
Ազգային մեր կեանքին մէջ որքա՞ն ատեն պիտի մնայ այս տագնապը:

Չեմ գիտեր: Խոր դժբախտութիւն:

 

bedig43@aol.com

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles