Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Խորհուրդին եւ Գրասենեակին 6 Փետրուար 2023-ին, Երեւանի մէջ, մեկնարկը կատարուեցաւ Հ.Յ.Դ. ուսանողական, երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու համագումարին:
Տարբեր տարածաշրջաններէ (14 երկիրներէ) համագումարին կը մասնակցին Հ.Յ.Դ. երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան 33 միութիւններէ 58 անդամներ (Հայաստան, Արցախ (հեռակայ), Սուրիա, Լիբանան, Իրան (Թեհրան, Նոր Ջուղա), Քանատա, Արեւելեան Ա․Մ․Ն․, Արեւմտեան Ա․Մ․Ն․, Հարաւային Ամերիկա, Հոլանտա, Շուէտ, Ֆրանսա, Աւստրալիա…):
Հնգօրեայ տեւողութեամբ ընթացող համագումարը պիտի լսէ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Գերագոյն Մարմնի ներկայացումները՝ տարածաշրջանի եւ համազգային վիճակին, Հայաստանի ներքին քաղաքական կացութեան ու Արցախի իրավիճակին մասին, այս հարցերու գծով Հ.Յ.Դ. ունեցած դերակատարութեան առնչութեամբ նաեւ հայութեան համար «Ազգ-Բանակ» գաղափարախօսութեան կարեւորութեան շուրջ:
Համագումարի նպատակներն են.
ա.-Քննել Հ.Յ.Դ. երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միութիւններու ռազմավարական նպատակներն ու ծրագիրները, արժեւորել անոնց արդիւնաւէտութիւնը եւ ի հարկին բարեփոխումներ կատարել:
բ.-Նոր թափ հաղորդել Հայաստանի եւ յատկապէս Արցախի եւ Սիւնիքի նկատմամբ կատարուող աշխատանքներուն, համահայկական ներուժը ուղղել դէպի այս ռազմավարական շրջանները, մշակելով արդիւնաւէտ ծրագիրներ:
գ.-Ծայրայեղ անհատապաշտութեան եւ անձնական բարօրութեան փնտռտուքի ընդհանուր մթնոլորտի պայմաններուն մէջ համագումարի ընթացքին յատուկ շեշտ պիտի դրուի ազգային գաղափարաբանութեան հաւատարիմ, քաղաքականացած, յեղափոխական եւ մարտունակ երիտասարդութեան դաստիարակութեան գործին վրայ:
Համագումարի մասնակցողները Գորիսի եւ Կապանի մէջ պաշտօնական հանդիպումներ պիտի ունենան, նաեւ պատմական եւ յատուկ նշանակութիւն ունեցող վայրեր պիտի այցելեն:
Կազմակերպող կողմը նախատեսած էր համագումարը իրականացնել Արցախի մէջ, սակայն Ատրպէյճանի կողմէ շուրջ երկու ամիսէ ի վեր շարունակուող Արցախի շրջափակման պատճառով` ժողովավայրը որոշուեցաւ տեղափոխել Սիւնիք:
Համագումարի հանդիսաւոր բացման արտասանած իր խօսքին մէջ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան հաստատեց, որ հայրենիքի ներկայ անվտանգային ծանր իրավիճակը յաղթահարելու համար հարկ է արմատախիլ ընել յարմարուողական ու պարտուողական մօտեցումներ: Ան ամրագրեց, որ Հ.Յ.Դ. երիտասարդութիւնը պիտի շարունակէ դիմադրել եւ իր կտրուկ ընդդիմութիւնը արտայայտել Հայաստանի ներկայ իշխանութեան նկատմամբ: Ան շեշտեց, որ Արցախը զրահաբաճկոնն է Հայաստանի եւ խաբկանք է այն գաղափարը թէ առանց Արցախի կարելի է խաղաղ ու հանգիստ ապրիլ Հ․Հ․ տարածքին: Ան անդրադառնալով օրուան իրավիճակին պարզեց, որ դաշնակցական երիտասարդները կը խանգարեն իշխանութեան քաղաքականութիւնը, անոնք արգելք են Հայաստանը թրքական վիլայէթ դառնալու եւ այս գծով անոնց պայքարը կանգ պիտի չառնէ:
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ Արգիշտի Գէորգեան ընդգծեց, որ Հ.Յ.Դ. երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միութիւնները մշտապէս անկիւնադարձային դեր ունեցած են Դաշնակցութեան կառոյցին համար, ան կոչ ուղղելով համագումարին մասնակցող երիտասարդներուն յորդորեց, որ դառնան այն ճրագները, որոնք վառ պիտի պահեն պայքարի ջահը եւ կանգնին հայրենիքի համար մղուող պայքարի առաջնագծին:
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան նախագահ Գոռ Սարգսեան նշեց, որ Դաշնակցական երիտասարդը այնտեղ է ուր կայ պայքար, պատերազմի դաշտէն մինչեւ Երեւանի փողոցներն ու Սփիւռքի մայրաքաղաքները, միշտ գործելով յանուն Հայաստանի եւ Արցախի: Ան ընդգծեց, որ եթէ այս համագումարը կազմակերպուէր երեք տարի առաջ ապա 44-օրեայ պատերազմին իրենց կեանքը զոհող ընկերներ կը միանային, հետեւաբար պարտք ունինք այդ ընկերներուն նկատմամբ՝ ցոյց տալու, որ Արցախը երբեք պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ:
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան ներկայացուցիչ Հայկազ Յարութիւնեան նշեց, որ այսօր անհրաժեշտ է մեր ճակատագիրը փոխել, իսկ վերածնունդի մոհիկանը պէտք է ըլլայ երիտասարդութիւնը:
Հ.Յ.Դ. Արցախի Երիտասարդական Միութեան անդամները, որոնք Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման պատճառով չկրցան մասնակցիլ համագումարին, իրենց խօսքը առցանց ներկայացուցին, ուր Անի Յովհաննէսեան նշեց, որ այսօր Արցախի Երիտասարդական Միութիւնը Արցախի հասարակական դաշտին մէջ ունի իր ինքնուրոյն դերը եւ կ՛ընկալուի որպէս միակ կազմակերպութիւն, որ ունակ է սփիւռքի երիտասարդական ներուժը կեդրոնացնել Արցախի վրայ եւ անոր միջոցով Արցախի երիտասարդին ձայնը բարձրացնել աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Ան նշեց, որ այսօր Արցախի երիտասարդութեան պայքարը հայ ազգի գոյութեան համար է, հետեւաբար աշխատանքը պէտք է ուղղուած ըլլայ Արցախի փրկութեան գործին, որովհետեւ առանց Արցախի չկայ Հայաստան:
Հ.Յ.Դ. ուսանողական, երիտասարդական եւ պատանեկան երեք միաւորներու նկատմամբ համապարփակ մօտեցում ցուցաբերելով՝ համագումարը պիտի ջանայ ի կատար ածել իր նպատակները:
Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
6 Փետրուար, 2023