ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ՝ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:3 Minute, 18 Second
Արցախի խորհրդարանէն ներս, հաւաքի ընթացքին

Ստեփանակերտի (Արցախ) մէջ, Հոկտեմբեր 13էն 15, հայ լրագրողներու հինգերորդ համաժողովը տեղի ունեցաւ: Ժողովականները երեք օրերուն ընթացքին առիթը ունեցան մասնակցելու զրոյցներու, դասախօսութիւններու, կլոր սեղաններու եւ կատարելու այցելութիւններ: Ներկայ էին շուրջ երկու հարիւր խմբագիրլրագրողներ:

Ներկայացուեցան եւ արծարծուեցան զանազան հարցեր, որոնց կարգին »Մամուլի դերը հայապահպանութեան եւ հայ ինքնութեան պահպանութեան գործին մէջ«, »Հայկական տեղեկատուադաշտը եւ համակարգումի անհրաժեշտութիւնը«, »Հայաստանը եւ հայերը արաբալեզու ելեկտրոնային տեղեկատուութեան մէջ«, »Հայկական հեռուստատեսութեան կարեւորութիւնը սփիւռքի մէջ«, »Իրանահայ հրատարակչութեան վերլուծական պատմութիւնը«, »21րդ դարու մարտահրաւէրները« տեղեկատուական անվտանգութիւնը եւ հայ լրատուութիւնը«, »Մամուլ եւ ժողովրդավարութիւն«, »Սփիւռքի մամուլի ներկայ վիճակը եւ առկախ խնդիրները«, »Հանդուրժողականութիւնը եւ հայ մամուլը«, »Հակահայկական քարոզչութիւնը միջազգային մամուլէն ներս եւ հայկական ԶԼՄի դերը քարոզչական պատերազմին«, »Ընկերային ցանցերու« պլոկըրներու դերակատարութիւնը հակահայկական քարոզչութեան հակադարձելու գործին մէջ«, »Հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներու դերը արտաքին քաղաքականութեան լուսաբանման գործին մէջ«, »Հայթրքական փոխ յարաբերութիւնները եւ անոնց արտացոլումը ժամանակակից հայ մամուլէն ներս«, »Հայաստանեան մամուլի ներկայ վիճակը եւ առկայ խնդիրները (ձայնասփիւռ, պատկերասփիւռ եւ կայքէջներ)«, »Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը եւ զանգուածային լրատուամիջոցները«, »Զէնքով յաղթեցինք« իսկ գրիչո՞վ. Արցախի հիմնախնդիրը եւ մամուլի դերը«, »Արցախ հիմնախնդիր« ամէնօրեայ պայքար նաեւ լրատուադաշտէն ներս«, »Ազատ եւ տեղեկացուած հասարակութեան կայացումը որպէս համահայկական խնդիր«, »Սփիւռքահայ համայնքը եւ զանգուածային լրատուամիջոցները՝ անցեալն ու ներկան«, »Եւրոպայի երկիրներու մէջ մամլոյ տեսադաշտի ձեւաւորում«, »Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի հայոց թեմի ամսաթերթը եւ նրա խնդիրները«, »Մամուլի դերը հայապահպանութեան եւ հայ ինքնութեան պահպանութեան գործին մէջ«, »Հայատառ մամուլի մարտահրաւէրները Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի մէջ«, եւայլն:

Համաժողովի մասնակիցները եռօրեայ քննարկումներու արդիւնքներուն հիման վրայ հանդէս եկան յայտարարութեամբ մը. »յետագայ աշխատանքի գերակայ ուղղութիւններ« հռչակելով հայկական ազգային պետականութեան ամրապնդումն ու հզօրացումը« Արցախի հիմնահարցի խաղաղ եւ արդարացի կարգաւորումը« Արցախի պետականութեան միջազգային ճանաչումը« Հայոց Ցեղասպանութիւնը իբրեւ համաշխարհային նորագոյն պատմութեան մեծագոյն ոճրագործութեան ճանաչումը« հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան նկատմամբ միջազգային հասարակական կարծիքի ձեւաւորումը« եւ հայկական հարցերու շուրջ միջազգային հանրութիւնը տեղեկացնելու նպատակով ներգործօն լրատուամիջոցներու ստեղծումը:

Ժողովականները համակարծիք գտնուեցան, որ առաջնահերթ են ՀայաստանԱրցախՍփիւռք կապերու հզօրացումը« նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնը« կրթութիւնը եւ մայրենիի անաղարտութիւնը« համահայկական տեղեկատուական գործօն համակարգերու ստեղծումը« հայկական տեղեկատուական ապահովութեան երաշխաւորումը« Հայաստանի« Արցախի« Սփիւռքի նուաճումներու« ազգային արժէքներու համակարգուած ներկայացումն ու քարոզչութիւնը« հակահայկական քարոզչութեան համակարգուած դիմագրաւումը« հայ ժողովուրդի պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը« հայ լրագրողներու համագործակցութեան յետագայ սերտացումը« անոնց մասնագիտական պատրաստումը եւ վերապատրաստումը:

Մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին, հանդիպումները Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի, Պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանի, ինչպէս նաեւ համաժողովի փակումէն ետք, վերադարձին, Գորիսի մէջ կայացած հանդիպումը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգըսեանի հետ, որոնք ծաւալուն տեղեկութիւններ փոխանցեցին Հայաստանի եւ Արցախի հարցերու մասին:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Գորիսի մէջ հանդիպում ունեցաւ: Ան շնորհաւորեց՝ մամուլի օրուան առիթով եւ գնահատեց անոնց տարած աշխատանքը: Նաեւ, ան յատկանշական նկատեց նման խորհրդաժողովի մը գումարումը Արցախի մայրաքաղաքին մէջ« որովհետեւ այդպիսով ո’չ միայն լրագրողները աւելի մօտէն կապ կը հաստատեն Ստեփանակերտի եւ արցախեան առօրեային հետ« այլ նաեւ անիկա իր մէջ կը բովանդակէ խորհրդանշական իմաստ՝ Արցախեան հակամարտութեան լուծման գծով լրագրողներուն տարած ու տանելիք աշխատանքին առնչուած: 

Նախագահը իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտը դրաւ միջազգային եւ ներքին կեանքին մէջ գրաւոր թէ բանաւոր լրատուամիջոցներուն դերակատարութեան կարեւորութեան վրայ: Ան դիտել տուաւ« որ միջազգային լրատուական դաշտին մէջ մենք թէ’ քանակով եւ թէ’ որակով բարելաւուելու եւ աւելի եւս ամրապնդուելու կարիք ունինք« որպէսզի կարենանք դէմ յանդիման կանգնիլ »հարեւան« երկիրներուն կողմէ կատարուած սուտ քարոզչութեան« կեղծ լուրեր տարածելու մնայուն փորձերուն« որոնք միշտ ալ ձախողութեան մատնուած են« բայց եւ այնպէս այս գծով պէտք է յաւելեալ լուրջ եւ հետեւողական աշխատանք ծաւալել:

Նշենք« որ Հայաստանի նախագահը Գորիս կը գտնուէր քաղաքի 140ամեակի ձեռնարկներուն ու տօնակատարութիւններուն մասնակից դառնալու համար:

Հայ լրագրողներու 5րդ համաժողովի ծիրին մէջ յայտարարուեցան Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Համաշխարհային հայկական Քոնկրէսի կողմէ կազմակերպուած սփիւռքահայ լրատուամիջոցներու մրցումին արդիւնքները:

Սփիւռքահայ օրաթերթերու գլխաւոր մրցանակը ստացաւ »Ազդակ« օրաթերթը (Լիբանան), իսկ սփիւռքի ձայնասփիւռի կայաններուն գլխաւոր մրցանակը՝ »Վանայ Ձայն«ը (Լիբանան):

Համաժողովը յայտարարեց, թէ այս հիմնախնդիրներու լուծման գործին մէջ կարեւոր առաքելութիւն ունի Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը:

»Մենք՝ Հայ լրագրողների 5րդ համաժողովի մասնակիցներս« լի ենք վճռականութեամբ՝ այսուհետ եւս համաժողովի շարունակականութիւնը ապահովելու եւ աջակցելու հայ լրագրողների ընկերակցութեան նորացուած համակարգող խորհրդին՝ առկայ հիմնախնդիրների լուծման ուղղութեամբ գործնական քայլեր ձեռնարկելու համար: Համաժողովը ՀայաստանԱրցախՍփիւռք եռամիասնութեան պետական« քաղաքական եւ հասարակական բոլոր կառոյցներին ու կազմակերպութիւններին կոչ է անում համախմբուել՝ յանուն համազգային նպատակների իրականացման«« նշուած է յայտարարութեան մէջ: Համաժողովի աւարտին« ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը յայտարարեց« թէ սփիւռքի նախարարութիւնը 2011ը պիտի հռչակէ Սփիւռքը միջազգայնացնելու տարի:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles