Անձնուէր Վեթերաններու Օրինակով («Զինադադարի Օր»-ուան Առթիւ)

0 0
Read Time:3 Minute, 9 Second
Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
Ազգերու մեծ ընտանիքը ամէն տարի Նոյեմբեր 11-ին կ’ոգեկոչէ «Զինադադարի Օր»-ը, ի յիշատակ այն բոլորին, որոնք իրենց կեանքը զոհած են իրենց հայրենիքին համար. օր մը, որ յարգանքի տուրք կ’ընծայէ ապրող այն բոլոր վեթերաններուն, որոնք վերապրողներ են պատերազմներու արհաւիրքէն:
Ամերիկային Միացեալ Նահանգները 1950-ական թուականներէն ի վեր այս տօնը կը կոչեն Վեթերաններու Օր:  Եւրոպական երկիրներ, ինչպէս Անգլիա, Ֆրանսա, եւ այլ երկիրներ նոյն օրը, Նոյեմբեր 11-ը, կը տօնեն որպէս Զինադադարի Օր՝՝ յիշատակելու համար Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի վերջաւորութիւնը, զինադադարը, որ տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 11, 1918 թուականին:
1919-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրոյ Ուիլսըն՝ Նոյեմբեր 11-ը հռչակեց որպէս Զինադադարի Օր՝ յիշեցնելու համայն ամերիկացի ժողովուրդին պատերազմի ողբերգութիւնը: 1954-ին, Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսը՝ Զինադադարի Օրը փոխեց Վեթերաններու Օրուան՝ ի յարգանս  Ամերիկայի բոլոր վեթերաններուն, զինեալ ոյժերու մէջ ծառայող արանց եւ կանանց:
Վեթերաններու Օր-ուան կամ Զինադադարի Օր-ուան առթիւ երբ կը մտածենք բոլոր վեթերաններու մասին, չենք կրնար, որպէս հայ, չմտածել նաեւ այն բոլոր հայազգի վեթերաններու մասին, որ իրենց կեանքը զոհեցին իրենց «Երկրորդ Հայրենիք»-ներուն համար:
Բայց աւելին, որպէս հայ, Վեթերաններու Օրուան առթիւ, չենք կրնար չյիշել մեր Հայրենիքի, Հայաստանի Վեթերանները որոնք, ինչպէս երէկ, այսօր ալ իրենց կեանքը ողջակէզի սեղանին վրայ դնելու պատրաստակամութիւնը կը ցուցաբերեն: Իրօք, ի՞նչ սրտառուչ երեւոյթ է երբ մարդ մը իր հայրենիքին համար յօժարակամ է ո՛չ միայն իր ժամանակը, իր տաղանդը, իր ոյժերը նուիրելու, այլ նոյնիսկ իր կեանքը զոհելու:
Վեթերաններու Օրը կամ Զինադադարի Օր –ը նաեւ պատգամ մը ունի մեզի այն իմաստով որ մենք ալ կոչուած ենք վերարտադրելու, պահելու եւ պահպանելու անշահախնդիր հայրենասէր վեթերաններուն ոգին: Վեթերանները այն նուիրեալ անձերն են, որոնք իրենց հայրենիքին ազատութեան համար զոհած եւ զոհուած են, տուած ու տրուած են: Ամէն քաղաքացիի առանձնաշնորհումն ու պատասխանատուութիւնն է ընել իր լաւագոյնը այդ վսեմ իտէալին համար: Ամէն քաղաքացի, զինեալ ոյժերու մէջ ըլլայ թէ ոչ, բարոյական պարտաւորութիւնն ունի պահպանելու եւ պաշտպանելու իր հայրենիքին ազատութիւնը: Ազատութիւնը անքակտելիօրէն զօդուած է հաւատարմութեան հետ: Քաղաքական ազատութիւնը ո՛չ միայն առանձնաշնորհում է եւ իրաւունք է, այլ նաեւ մեծ պատասխանատուութիւն:
Ո՛չ մէկ ռամկավար պետութիւն (դեմոկրասի) կրնայ ապրիլ, մեծնալ եւ ուռճանալ առանց իր քաղաքացիներու հաւատարմութեան: Թերեւս ասիկա ի մտի ունենալով է որ ամերիկացի մեծանուն նախագահ Ճան Քենետին առիթով մը ըսաւ, «Մի՛ հարցներ թէ հայրենիքը ի’նչ կրնայ ընել քեզի համար, այլ հարց տուր թէ դո՛ւն ի՛նչ կրնաս ընել հայրենիքին համար»: Ահա՛ այս հոգեբանութիւնն է որ կը կերտէ ու կը պահէ ժողովրդավար սկզբունքներով կառավարուող հասարակութիւն մը:
Ասիկա ճշմարիտ է ե՛ւ Ամերիկայի համար, ե՛ւ Հայաստանի համար, եւ որեւէ դեմոկրասիի համար: Երկրի մը քաղաքացիները պէտք է իրազեկ ըլլան իրենց իրաւունքներուն, բայց նաեւ գիտակցելու են այն պատասխանատուութիւններուն, որ կ’ակնկալուի լիիրաւ քաղաքացիէ մը: Երկրի մը քաղաքացիները իրենք զիրենք նուիրելու են հայրենիքին շահերը պաշտպանելու արտաքուստ թշնամիներէ, միանգամայն նաեւ պահպանելու իւրաքանչիւր քաղաքացիի անհատական իրաւունքները:
Իւրաքանչիւր սերունդ ունի իր դերն ու պարտքը իր հայրենիքի նկատմամբ: Այդ սերունդի ամէն մէկ անդամը գիտակցելու է, թէ հայրենիքին ծառայել, հայրենիքի պահպանումին եւ վերելքին սատարելը ե՛ւ փառք է, ե՛ւ պարտք է:
Ռուս գրագէտ Թուրկենեւ սովոր էր ըսելու. «Հայրենիքը կրնայ ըլլալ առանց մեզմէ ոեւէ մէկուն, բայց մենք չենք կրնար ըլլալ առանց հայրենիքի»: Ամէն քաղաքացի, ամէն հայ ունենալու է կեանքի այս փիլիսոփայութիւնը:
Վեթերաններու Օր-ը կամ Զինադադարի Օր-ը նաեւ կը պատգամէ մեզի, որ մեր հայեացքը միայն անցեալին չսեւեռենք, այլ նաեւ ապագային, քանի որ ապագան կերտողները մե՛նք պիտի ըլլանք՝ ներկայի մեր տեսիլքով եւ ջանքերով: Վաղուան հունձքը այսօրուան սերմանումէն կախեալ է:
Արդ, որպէս հայ, ամերիկահայ կամ սփիւռքահայ, հարց տալու ենք մենք մեզի թէ ի՛նչ տեսակ բարոյական ժառանգութիւն պիտի թողունք յետնորդ սերունդներուն: Արդեօք ազատութեան, արդարութեան, մարդկային արժանապատուութեան գիտակցութիւնը պիտի կրնա՞նք դրոշմել ապագայ սերունդի պատկանող անդամներու սրտերուն ու հոգիներուն մէջ:
Վեթերաններու Օր-ը կամ Զինադադարի Օր-ը առիթ մը կ’ընծայէ մեզի ո՛չ միայն մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու՝ հայրենիքին եւ մեր «երկրորդ հայրենիք»-ներուն համար զոհուող բոլոր վեթերաններուն, այլ նաեւ ուխտելու թէ մենք՝ ապրողներս ալ մեր լաւագոյնը պիտի ընենք մեր հայրենիքին ու «երկրորդ հայրենիք»-ներուն ֆիզիքական ապահովութեան եւ վերելքին համար:
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles