ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆ ԵՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 3 Second

 

            Ֆրանսա սպասուած արձակ օր է Ամենայն Սրբոցը, Նոյեմբեր 1ը, կ’ըսեն՝ ԹՈՒՍԷՆ: Աւանդութիւն է: Գերեզմանատուները այցե-լուներով եւ ծաղիկներով կը կենդանանան: Ցուրտը սկսած էր ինքզինք զգացնել, թէեւ տօնը խանգարող ամպ եւ անձրեւ չկային: Արմենակ հոս թաղուած սիրելի չունէր, աւանդութիւնը յարգելով գերեզմանատուն երթալու պարտք չէր: Մենք ալ հոս արմատ չունէինք, ծաղիկ տանելու եւ խունկ ծխելու համար:

            Եւ Էլպիս եւ Արմենակ այցի եկան: Էլպիս, իմաստ տալու հա-մար Ամենայն Սրբոցին, խոշոր ամանով մը պոլսական անուշապուր բերաւ: Մակարուհին Հիմալայայի բուրումնաւէտ թէյ պատրաստեց, հաւատալով որ երկինքի մօտ լեռներու թէյը կեանքի երկարացման կը նպաստէ:

            Արմենակ պատիւ ըրաւ յունական կոնեակին, որ ազատագրեց իր լեզուն:

  • Մակա՛րս, Հայաստան քանի որ կռիւներ չկան սահմանին վրայ, զբաղելու համար գումարեցին ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ պիտակով ժողով մը, չըսին՝ գիտաժողով, խորհրդաժողով: Ո՛չ օրակարգը գիտցանք, ո՛չ ալ իմացանք թէ այդ մեծ ժողովին ո՞վ զո՞վ կը ներկայացնէր: Կը թուի թէ ժողովը աւարտած է: Ոչ ոքի յայտնի է թէ, թէ ի՞նչ պիտի ընեն ազգի ներսի եւ դուրսի համահայկականները: Լսա՞ծ են Հանրապետութեան վարչապետի ահազանգող խօսքը, որ՝ «Պարզուեց, որ Հ.Հ.ն այլեւս որեւէ բան չի որոշում ու միակ բանը, որ կարող է որոշուել, դա հլու կատարել այլ տեղերում կայացուած որո-շումները»… Ժողովականները գիտէի՞ն, թէ ի՞նչ եզրակացութեան յանգած է Հանրապետութեան առաջնորդը: Թէեւ, պէտք չէ յուսահատիլ, քանի որ դեռ չէ տուած հասցէները նշուած «այլ տեղերում»ի:’

– Արմենա՛կ, ըսի, Համահայկական բանիմացները միշտ սիրած են խօսիլ եւ դատել ըստ իրենց ընդոծին իմաստութեան, վար-ժուած են միշտ կրկնելու, որ ըստ իրենց կարծիքին՝ գիտեն, ժողովի եւ լուսաբանութեան կարիք չունին: Հիմա աւելի լու-սաւոր է վարչապետի եզրակացութիւնը, «… հլու կատարել այլ տեղերում կայացուած որոշումները»: Միշտ օգտակար է իրարու քով գալ, խօսիլ, տուրիզմ ընել եւ գուանաւոր նկարնե-րով վերադառնալ, տպաւորել կին, հարս, փեսայ, զաւակ, թոռ, նաեւ՝խնամի, նոյնիսկ եթէ ան հայ չէ:

                        Մակա՛րս, այսքանին համար կ’արժէ՞ օդանաւ նստիլ, եր-թալ եւ գալ, երբ վառելանիւթի տագնապ կայ, որպէսզի աղմկարարներ խօսին: Գէթ բնապահպանութեամբ հետաքրքրուէին: Միայն թէ «հլու կատարել այլ տեղերում կայացուած որոշումներ»ը», մեր ժողովուրդը չհասցնէ Աւարայրի դատարկ հերոսութեան, ըսելու՝ «սուր ձեր պարանոց մեր»…

            Եւ  նոր քաղաքական տեսութեամբ եղեւ խաղաղութիւն

            Արդէն դրան առջեւ հասած էր Արմենակ, գլխարկը դրած եւ կը սպասէր որ Էլպիս անուշապուրի դատարկ ամանը պայուսակի  մէջ դնէ եւ իրեն միանայ:

            Ինչո՞ւ Կեդրոնականցին, Սիամանթոյի բարբառով որպէս նոր օրերու «մեծատաղանդ ակումիդ», չեն հրաւիրեր ճառագայթող ժողովներու: Այս վերջին համահայկականը պիտի չըլլայ ի հարկէ: Միշտ պէտք է յուսալ… Wait and see…

            Թրքական առածը աւելի իմաստալից է. «Համբերութեան վերջը գերեզմանն է: Թրքերէնը գիտցողները այդ  թող ըսեն, երբ «հլու կատա-րել»-ու հողմապտոյտին մէջ…յայտնուինք:

 

            Մակար ի Գաղիա, երկուշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2022

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
100 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles