ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՄԷՋ.- ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.Ի ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ 16-ՐԴ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 46 Second

 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 30-ին, Տիթրոյթի «Մարիոթ Տիրպորն Ինն» պանդոկին մէջ, տեղի ունեցաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի 16-րդ հանդիսութիւնը մասնակցութեամբ 250 ներկաներու:

Օրուան հանդիսավարն էր տեղւոյն WXYZ կայանի խօսնակուհի Ալեքսի Պոզարճեան, որ հմտօրէն կատարեց իր պաշտօնը։

Առաջին հերթին, ան բեմ հրաւիրեց Արաքսի Թոսունեանը, որ մեներգեց Ա․Մ․Ն․-ի եւ Հայաստանի քայլերգները։

Ապա, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Բարեջան Արք․ Առաջնորդ Անուշաւան Դանիէլեան բազմազբաղ ըլլալով, տեղւոյն Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ․ Տէր Հրանդ Քհն․ Գէորգեան կատարեց բացման աղօթքը, իր կողքին ունենալով շրջանի աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ պատուելի Յակոբ Յարութիւնեանը։

Հայ Դատի Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի խօսքը փոխանցեց տոքթ․ Արա Չալեան, որ ըսաւ․ «Այսօր եկած ենք պատուելու այդ ժրաջան աշխատողները, որոնք շարունակ կը գործէն Հայ Դատի սուրբ գործին համար։ Հետզհետէ աւելի վտանգուած ենք բոլորս՝ Հայաստանը, Արցախն Սփիւռքը։ Մեր պարտականութիւնն է, այս գծով գործի լծուիլ եւ պայքարիլ։ Պիտի վերանորոգենք մեր պարտականութիւնը, հաւատքն ու գործունէութիւնը»։ Ապա, ան բեմ հրաւիրեց Արեւելեան Ա․ Մ․Ն․-ի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Սթիւ Մեսրոպեանին, որ իր կարգին նշեց, թէ Հայ Դատը պիտի շարունակէ գործել, յատկապէս պատրաստելով եւ թրծելով երիտասարդ սերունդներ։ Այս գծով, ան տեղեկութիւններ փոխանցեց դաստիարակչական «Լէօ Սարգիսեան» ծրագրին մասին։ Ան բեմ հրաւիրեց եւ յուշանուէրով մը պատուեց անցեալ ամրան այս ծրագրին մասնակցած եւ ցայսօր գործի լծուած Քալիֆորնիա ծնած եւ Լուիզիանա համալսարանը այցելած Նաթալիա Մաթոսեանը։

Արեւելեան Ա․ Մ․Ն․-ի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Անի Չաղլասեան, իր կարգին խօսք առնելով աւելի մանրամասնութիւններ փոխանցեց իրաւաբանական բնագաւառէն ներս կատարուած աշխատանքներուն մասին, ուր Սիրանուշ Սահակեան հետեւողական ձեւով եւ բծախնդրօրէն կը շարունակէ գործել։

Ապա, ներկաները դիտեցին Արցախի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ  Գէորգ Պետրոսեանը յղած խօսքը, որուն յաջորդեցին երիտասարդներ Քեւ Իսքաճեանի եւ Արենի Համբարեանի խօսքերը։

Նաեւ ազատութեան մրցանակակիր էր քոնկրէսական Տէյվիտ Թրոթ (Հանրապետական), որուն մասին հակիրճ տեղեկուէիւններ փոխանցեց շրջանի Հայ Դատի գործօն անդամներէն՝ Ռաֆֆի Ուրլեան։ Թրոթ հաւաստիացուց, թէ ամէն գնով պիտի պայքարի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար։

Ապա «Արցախ Ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչ Սեպուհ Համագործեան բեմ հրաւիրեց եւ ազատութեան մրցանակով պատուեց արցախցի բեմադրիչ Ճիւան Աւետիսեանը, որ շեշտեց, թէ արուեստի ճամբով եւ եօթներորդ աշխարհէն ներս գործելով, ան սատարած կ՛ըլլայ Հայ Դատին եւ անոր աշխատանքներուն։

Ճորճի-Անն Օշական պարտականութիւն ստանձնած էր ներկայացնել տարուան «Վահան Գարտաշեան» մրցանակակիրը։ Այս տարուայ նկատի առնուած անձնաւորութիւնը, շարունակ գաղութէն ներս գործած Ներսէս Կետիկեանն էր, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ եւ յիշատակելի դրուագներ պատմելէ ետք, շեշտեց, թէ «Դժուար եւ դժնդակ օրեր կ՛ապրինք։ Հայրենիքը վտանգի տակ է։ Սակայն այսպէս եղած է մի՛շտ։ Միասնաբար գործե՛նք եւ կրնա՛նք դուրս գալ այս ահաւոր վիճակէն»։

Վերջին մրցանակակիրն էր մարզական եւ յատկապէս կողովագնդակի (պասքէթպոլ) բնագաւառէն ներս ծանօթ մարզիչ Ռեքս Քալամեանն (Տիթոյթ Փիսթընզի օգնական մարզիչ եւ Հայաստանի ազգային խումբի աւագ մարզիչ) էր, որուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց Միշիկընի ներկայացուցիչ Մարի Մանուկեանը։

Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ընտանիքի անդամ Քալամեան նշեց․ «29 տարիէ ի վեր որ կը գործեմ իբրեւ մարզիչ, անմոռանալի են այդ ժամանակաշրջանը, որ անցուցի Հայաստանի ազգային խումբին հետ»։

Փակման խօսքը փոխանցեց Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի ղեկավար Ռաֆֆի Համբարեան։ «Հաւատք պէտք է ունենանք շարունակ։ Այս օրերուն կրկին մեր հաւատքը խնդրոյ առարկայ է, յար եւ նման 1918-ի Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի օրերուն։ Այս հաւատքով է, որ պիտի շարունակենք գործել։  Միասնաբար պիտի գործենք, հակառակ անոր որ մութ ամպեր կը շարունակեն պատել երկինքը։ Բոլորին յստակ թող ըլլայ։ Պիտի շարունակենք պայքարիլ հայութեան, Հայաստանին եւ Հայ Դատին համար»։

Նշենք, թէ ընդունելութեան ժամանակ, Շանթ Մասոյեան կիթառով հրամցուց հայկական եւ օտար մեղեդիներ, իսկ ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ տեղւոյն Համազգայինի «Արաքս» պարախումբը, ներկայացնելով «Անուշ տաւիղ» եւ «Շիրակի շարան» գործերը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles