Գիտաժողով՝ «Պոլսահայ Գրականութիւնը 20-րդ Դարի Կէսէն Մինչեւ Մեր Օրերը»

0 0
Read Time:1 Minute, 35 Second

«Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակը եւ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնը Սեպտեմբերի 23-ին, տեղւոյն համալսարանի դահլիճին մէջ կազմակերպեցին համահայկական գիտաժողով` «Պոլսահայ գրականութիւնը 20-րդ դարի կէսէն մինչեւ մեր օրերը» խորագրով:

Գիտաժողովը մեկնարկեց լռութեան րոպէով` յոտնկայս յարգելով յանուն Հայրենիքի նահատակուած զոհերու յիշատակը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն, փրոֆէսոր Սուրէն Դանիէլեանը:

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքը ներկաներուն փոխանցեց Անուշաւան եպիսկոպոս Ժամկոչեանը` կարեւորելով Ցեղասպանութիւն վերապրած պոլսահայութեան դերը հայ գրականութեան անդաստանէն ներս:

Դանիէլեանն ընթերցեց Պոլսոյ պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Սահակ Բ. Մաշալեանի օրհնութեան խօսքը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ փրոֆ․ Սրբուհի Գէորգեանը` նշանաւորելով համալսարանի 100-ամեակին նման թեմայով գիտաժողովի կազմակերպման կարեւորութիւնը:

«Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանը  ողջունեց գիտաժողովի մասնակիցները եւ շեշտեց, թէ ներկայ օրերուն, երբ Սփիւռքը ուծացման տագնապի առաջ է կանգնած, երբ Հայրենիքի մէջ կը  նուազի հետաքրքրութիւնը սփիւռքահայ գրականութեան եւ արեւմտահայերէնի նկատմամբ, կարեւոր է պոլսահայ գրականութեանը համահայկական գիտաժողովի մակարդակով անդրադառնալը:

«Արեւմտահայերէնի գոյութիւնը լուրջ վտանգուած է: Ազգային աղէտներուն համընթաց` պոլսահայ գրական ժառանգութեանը նուիրուած գիտաժողովն իր գիտական վերլուծութեամբ, հայրենիքի մէջ արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրական արժէքներու նկատմամբ հետաքրքրութիւն առաջացնելու կարեւոր քայլ է»,- նշեց Քէշիշեան:

«Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ շեշտեց.« Մեր պետութեան այս ժամանակահատուածում խորհրդանշական է պոլսահայ գրականութեանը նուիրուած այս գիտաժողովը, որովհետեւ այն, ինչ ասում է գրականութիւնը, գուցէեւ, չկարողանան ասել քաղաքագէտները»:

Հայաստանի Գրողներու միութեան անունով մասնակիցներուն ողջունեց Պետրոս Տէմիրճեանը:

Գիտաժողովի զեկուցումներն ընթացան երկու նիստով, որոնց ընթացքին զեկոյցներով հանդէս եկան փրոֆ․ Վազգէն Գաբրիէլեանը, Ֆրանսայէն Հայաստան ժամանած դոկտ․ Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանը, փրոֆ․ Սուրէն Դանիէլեանը, փրոֆ․ Արծրուն Աւագեանը, Քուեյթէն դոկտ․ Հրայր Ճէպէճեանը, Նիւ Եորքէն դոկտ․ Հրանտ Մարգարեանի զեկոյցը  կարդաց Մարի Մերտխանեանը: Զեկոյցնէր ունեցան նաեւ  Լիլիթ Սէյրանեանը, Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայերէն բաժնի խմբագիր Բագարատ Էսդուքեանը(տեսակապով), փրոֆ․ Աշոտ Գալստեանը, դոկտ․ Հայկազուն Ալվրցեանը, Վալերի Փիլոյեանը, Արցախի պետական համալսարանէն Նոնա Դաւթեանը, գրականագէտ Ֆելիքս Բախչինեանը, Քնարիկ Աբրահամեանը, Դաւիթ Մոսինեանը, Կարինէ Մարտիրոսեանը, Արցախէն Մանուշ Բալայեանը եւ Մարինէ Ղազարեանը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles