«Զմիւռնիան Հայոց Եւ Յունաց Ցեղասպանութիւններու Ուղեծիրին Մէջ. Բնաջնջում, Հրկիզում Եւ Տարագրութիւն (Սեպտեմբեր, 1922)» Խորագրով Եռօրեայ Միջազգային Գիտաժողով

0 0
Read Time:4 Minute, 39 Second

 

Սեպտեմբեր 14-16 տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամին կազմակերպած «Զմիւռնիան հայոց եւ յունաց ցեղասպանութիւններու ուղեծիրին մէջ. բնաջնջում, հրկիզում եւ տարագրութիւն (Սեպտեմբեր, 1922 թ.)» խորագրով եռօրեայ միջազգային գիտաժողովը (համակազմակերպիչներ` Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկ, Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարան, Պէյրութի Հայկազեան համալսարան, Սալոնիկի Արիստոտէլի անուան համալսարանի պոնտագիտութեան ամպիոն):

Գիտաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանը. «Այսօր, ատրպէյճանական անթաքոյց հակամարտութեան օրերուն մենք կը գումարենք գիտաժողով` նուիրուած 100 տարի առաջ տեղի ունեցած մէկ այլ` թրքական հակամարտութեան հետեւանքներուն: 100 տարի առաջ նահատակուած են հազարաւոր անմեղ քաղաքայիններ, այսօր` իրենց մարտական դիրքերուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները պաշտպանող հայ զինուորներ: Մեր, այսպէս կոչուած, դրացիներուն վայրագ պահուածքը չէ փոխուած. անոնք այսօր ալ դաւանած են նոյն «արժէքները», ինչ որ` 100 տարի առաջ: Ու ասոր մենք պէտք է յստակ գիտակցինք մեր յարաբերութիւնները կառուցելու ժամանակ», նշեց ան: Յարութիւն Մարութեանին առաջարկով ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Սեպտեմբեր 13-ին Ատրպէյճանի յարձակման պատճառով նահատակուածներուն յիշատակը:

Ներկաներուն տեսակապով ողջունեց Սալոնիքի Արիստոտէլի անուան համալսարանի պոնտագիտութեան ամպիոնի փրոֆ․ Քիրիաքոս Խացիկիրիակիտիսը. «Հայերու եւ յոյներուն բարեկամութիւնը դարերու պատմութիւն ունի, որ հիմնուած է փոխադարձ վստահութեան վրայ: Այս գիտաժողովը մէկ անգամ եւս կը փաստէ այդ հանգամանքը»: Ապա աւելցուց, որ ինչպէս 1922 թուականին Զմիւռնիոյ մէջ, այնպէս ալ այս օրերուն երկու ժողովուրդներուն ընդհանուր թշնամին` Թուրքիան, կը շարունակէ իր վայրագ քաղաքականութիւնը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վերապատուելի դոկտոր Փոլ Հայտոսթեան, որ նշեց, թէ մարդկութիւնը պէտք է ճանչնայ անցեալը ո՛չ միայն հարստութեամբ եւ բարիքներով, այլեւ` աղէտներով: Այս գիտաժողովը, վեր. Փոլ Հայտոսթեանի համոզումով, վեր կը հանէ Զմիւռնիոյ գրական, պատմական, եկեղեցական, քաղաքական եւ տնտեսական կեանքը:

Գիտաժողովի բացման արարողութեան յաջորդեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կազմակերպած «Զմիւռնիան հայոց եւ յունաց ցեղասպանութիւններու ուղեծիրին մէջ. բնաջնջում, հրկիզում եւ տարագրութիւն (Սեպտեմբեր, 1922 թ.)» խորագրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան բացումը: Նոյն օրը մասնակիցները այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր, ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին մօտ, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը:

Գիտաժողովին մասնակցեցան ցեղասպանագիտութեան եւ յարակից ոլորտներու մօտաւորապէս քառասուն մասնագէտներ` Հայաստանէն, Յունաստանէն, Լիբանանէն, Հոլանտայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն, Իտալիայէն եւ Չեխիայէն:

Գիտաժողովին առաջին օրը գումարուեցաւ երեք նիստ` հետեւեալ խորագիրներով. «Զմիւռնիոյ համայնքային կեանքը. դպրութիւն, գրչութիւն, հրատարակչական մշակոյթ», «Զմիւռնիոյ պարբերական մամուլը», «Զմիւռնիոյ կրօնական կեանքը. միջկրօնական փոխյարաբերութիւնները»:

Առաջին օրուան հիմնական զեկուցողը Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ, փրոֆ․ Ալպերթ Խառատեանն էր. ան ներկայացուց Զմիւռնիոյ հայկական գաղթօճախին պատմութիւնը: Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան Զմիւռնիոյ հայ գաղթավայրի ուսումնասիրման ոլորտին մէջ ունեցած ներդրման համար Ալպերթ Խառատեանը, ինչպէս նաեւ յոյն հետազօտող Ճորճ Փուլիմենոսը պարգեւատրեց «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամի «Հենրի Մորկենթաու» յուշամետալով:

Գիտաժողովին երկրորդ օրը գումարուեցաւ երեք նիստ` հետեւեալ խորագիրներով. «Յիշողութեան մշակոյթ եւ հոգեբանական ուրուագծումներ», «Ոճրագործութիւն, քարոզչական եւ քաղաքային մշակոյթ», «Մշակութային ինքնութիւնը Զմիւռնիոյ հայերու եւ յոյներու բնաջնջման համաթեքսթին մէջ. քրիստոնէական ժառանգութեան ոչնչացումը»:

Երկրորդ օրուան առաջին պատուաւոր զեկուցողը անուանի լեզուաբան, գերմանագէտ, հայագէտ, Մաքկիլ համալսարանի փրոֆ․ Տորա Սաքայեանն էր. ան հանդէս եկաւ «Փաստաթո՞ւղթ, թէ՞ գրական գործ. մեծ հօրս` բժիշկ Կարապետ Խաչերեանի օրագիրը Զմիւռնիոյ աղէտի մասին» խորագրով զեկուցումով:

Միւս պատուաւոր զեկուցողը Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի առաջատար գիտաշխատող Վերժինէ Սվազլեանն էր. անոր զեկուցումը նուիրուած էր Զմիւռնիոյ աղէտին եւ ժողովուրդին պատմական յիշողութեան: Հիմնական զեկուցող, թրքագիտութեան եւ ժամանակակից ասիական ուսումնասիրութիւններու ամպիոնի դասախօս, Կապոդիստրիայի անուան Աթէնքի ազգային համալսարանի փրոֆ․ Հերվէ Ժորժըլէնը ներկայացուց «Քեմալականներու` Զմիւռնիոյ նուաճումը (1922, Սեպտեմբեր). առաջինը թիրախաւորելով հայերը եւ մեղքը բարդելով անոնց վրայ» զեկուցումը:

Երկրորդ օրը տեղի ունեցաւ նաեւ «Հայոց պատմութիւն. Զմիւռնիա» խորագրով փոստային բացիկի հանդիսաւոր ներկայացումը, որմէ ետք մասնակիցները ստացան իրենց օրինակները:

Գիտաժողովին երրորդ օրը գումարուեցաւ երկու նիստ` հետեւեալ խորագիրներով. «Փրկութեան գործը. ականատեսներ եւ մարդասիրական ձեռնարկումներ», «Մարդու իրաւունքներու խախտում, իրաւական գնահատականներ եւ հեռանկարներ. վերապրածներու տարագրութիւնը եւ ներգաղթը Խորհրդային Հայաստան»:

Հիմնական զեկուցողը Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վերապատուելի դոկտոր Փոլ Հայտոսթեանն էր. ան հանդէս եկաւ «Մոռցուած հոգի Էգեական ծովուն մէջ. վեր. Յակոբ Երանեանի կեանքն ու վախճանը» խորագրով զեկուցումով:

Հարցուպատասխանի եւ քննարկումներու աւարտէն ետք Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտական աշխատանքներու գծով փոխտնօրէն Էդիտա Գզոյեան ամփոփեց գիտաժողովին արդիւնքները: Ան նշեց, որ գիտաժողովը տեղի ունեցաւ Հայաստանի համար դժուար ժամանակներու մէջ` հայ-աՏրպէյճանական սահմանագօտիին մէջ ԱՏրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւններու պայմաններու մէջ, աւելցուց, թէ ինչպէս 100 տարի առաջ, այնպէս ալ հիմա հայերուն եւ յոյներուն ընդհանուր թշնամի Թուրքիան չէ հրաժարած իր հակահայկական եւ հակայունական քաղաքականութենէն: Էդիտա Գզոյեան երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան գիտաժողովի կազմակերպման եւ իրականացման կարեւոր գործին մէջ:

Այնուհետեւ մասնակիցները այցելեցին Նուպարաշէն աւան` Նոր Զմիւռնիա փողոցի անուանակոչման արարողութեան:

Նուպարաշէնի վարչական շրջանի ղեկավարի տեղակալ Աշոտ Ղադեանը եւ աշխատակազմի կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան բաժինի գլխաւոր մասնագէտ Գոհարիկ Ոսկանեանը դիմաւորեցին միջազգային գիտաժողովին մասնակիցները: Նուպարաշէնի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Բարդուղիմէոս քհն. Յակոբեան հոգեհանգիստի կարգ կատարեց` ի յիշատակ 1922 թուականին Զմիւռնիոյ հայ եւ յոյն անմեղ զոհերուն:

Գոհարիկ Ոսկանեանը ողջունեց հիւրերը, ներկայացուց Նուպարաշէնի պատմութիւնը` շեշտելով աւանի բարեկարգման ու զարգացման աշխատանքները:

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Նուպարաշէնի ամէնէն տարեց բնակիչները, որոնք Զմիւռնիոյ հայ վերապրողներուն շառաւիղներն են` Նուպար Պէրպէրեանը եւ Սարգիս Ճարպիկեանը (Ջրտըխեան):

Միւս կողմէն, հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաժողովներու սրահին մէջ Զմիւռնիայի հայ վերապրողներու ժառանգներուն հետ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին ժառանգները իրենց գերդաստաններու պատմութիւնները վկայող մասունքները ի պահ յանձնեցին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտական ֆոնտերուն: Նմուշներու հիմնական մասը ներկայացուած են Սեպտեմբեր 14-ին բացուած «Զմիւռնիան հայոց եւ յունաց ցեղասպանութիւնների ուղեծիրում. բնաջնջում, հրկիզում եւ տարագրութիւն (Սեպտեմբեր, 1922)» խորագիրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան:

Ներկաներուն ողջոյնի խօսքով դիմեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ու վերապրողներու փաստագրման եւ ուսումնասիրութեան բաժինի աւագ գիտաշխատող, ցուցադրութեան հեղինակ Թեհմինէ Մարտոյեանը` նշելով, որ Զմիւռնիոյ հայերու եւ յոյներու բնաջնջման ու անոնց թաղամասերու հրկիզման խնդիրի լուսաբանման մեծապէս կը նպաստեն ականատես-վերապրողներու պատումները: Ան նշեց, որ յուշագիր-օրագրերը` որպէս վաւերաթուղթեր, շատ յաճախ լոյս կը սփռեն ժամանակի պատմական իրողութիւններուն վրայ:

Կարեւորելով Զմիւռնիոյ հայ վերապրող Աւետեան, Պերպէրեան, Սվազլեան, Ղազէրեան, Խաչերեան եւ Բարթիկեան ընտանիքներու պատմութիւնները` Թեհմինէ Մարտոյեանը շնորհակալութիւն յայտնեց ժառանգներուն համագործակցութեան համար:

Գառնիկ Սվազլեանի թոռնուհին` Քնարիկ Աւագեան, ներկայացուց իր մեծ հօր պատմութիւնը` հետաքրքրական մանրամասնութիւններ հաղորդելով ներկաներուն:

Հանդիպման աւարտին ժամանակաւոր ցուցադրութեան նիւթերով եւ պատմութիւններով օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար վերապրողներու ժառանգները շնորհակալագրեր ստացան:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles