Ձեռնարկ Ի Յիշատակ Տոքթ․ Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի

0 0
Read Time:3 Minute, 2 Second

 

Աւելի քան 400 ներկաներ ժամանած էին Նիւ Եորքի Ամենայն Հայոց եկեղեցւոյ Սուրբ Վարդան տաճարը, ուր տեղի ունեցաւ գաղութի գործօն անդամներէն տոքթ․ Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի (Օգոստոս 16, 1938 – Մայիս 27, 2020) ի յիշատակ ձեռնարկ մը։

Քաղցկեղէ մահացած Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը եղած էր հազիւ ընտանեկան պարագաներու մասնակցութեամբ, Պսակաձեւ Ժահրի դաժան օրերուն պատճառաւ։ Աւելի քան երկու տարի ետք, կարելի եղաւ կազմակերպել պատշաճ ձեռնարկ մը, յիշելու համար տոքթ․ Ռաֆֆի Յովհաննէսեանը, որ ազգային բարձր ոգիի տէր անձնաւորութիւն մըն էր։

Օրուան հանդիսավարն էր, տոքթ․ Յովհաննէսեանի զարմիկներէն՝ Ալեքս Եմէնիճեանը (տարիներ շարունակ ղեկավարած՝ MGM Studios-ը), որ շեշտեց, թէ իրեն համար պատիւ է նմանօրինակ պարտականութիւն մը ստանձնելը։ «Մեծ ազդեցութիւն ձգած է վրաս, այս բացառիկ կարողութիւններու տէր անձը», ըսաւ ան, որ սահիկներով դրուատեց իր կեանքը։

Նշենք, թէ տոքթ․ Ռաֆֆի Յովհաննէսեան նաեւ մօտէն հետեւած է հայ մամուլին եւ շարունակ օժանդակած է «Հայրենիք»-ին, նոյնիսկ ժամանակաշրջան մը, կարգ մը գաղափարակից գործընկերներու հետ ստեղծած է «Friends of Hairenik» («Հայրենիքի բարեկամներ) հիմնարկը։

Եկեղեցին տոքթ․ Ռաֆֆի Յովհաննէսեանին համար սրբութենէ աւելի էր։ Ան մօտիկ էր երկու թեմերուն։ Աւելի քան տասնեակ մը կղերականներ ներկայ էին այս հաւաքին, որոնց կարգին յատկապէս Եւրոպայէն ժամանած Արք․ Խաժակ Պարսամեան, Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան եւ Դանիէլ Եպսկ․ Ֆնտըքեան։

Հռոմէն ժամանած Խաժակ Արք․ Պարսամեանի մօտիկ բարեկամն էր Ռաֆֆի Յովհաննէսեանը, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ․- «Աշխատասէր, վեհանձն, գործօն․․․Ռաֆֆին գործեց թէ՛ իր մասնագիտացած բժշկութեան ոլորտէն եւ թէ՛ ազգային բնագաւառէն ներս։ Իր աննման կողակից՝ Վիգի-Շեղակին հետ ան կազմեց տիպար հայ օճախ։ Այսքան խոր հաւատք իր ծուխին եւ ազգին հանդէպ կարելի չէ երեւակայել։ Ան բուռն պայքար մղեց եւ աւա՜ղ․․․»։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թեմի Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան կարդաց Արամ Ա․ Կաթողիկոսի նամակը, նաեւ աւելցուց, թէ․- «Պէտք է ծանօթանալ այս եզակի տիպարին։ Այս ի յիշատակի ձեռնարկը փաստ մըն է, որ տոքթ․ Յովհաննէսեանը պիտի ըլլայ անմոռանալի»։

Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան, իր Հալէպի մանկութեան օրերէն մօտիկ եղած է տոքթ․ Յովհաննէսեանին։ «Ոչ միայն մօտիկ բարեկամ, խորհրդատու եւ հաւատաւոր բարեկամ, այլ պարզ ու մեկին Աստուծոյ մարդն էր տոքթ․ Ռաֆֆին», ըսաւ ան նշելով, որ ան Ռաֆֆի Յովհաննէսեան մօտիկ բարեկամը եղած է երջանկայիշատակ Գարեգին Ա․ Կաթողիկոսին, Լիբանանի օրերէն, երբ ան մաս կը կազմէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եկեղեցւոյ։ «Միասնաբար, անոնք մտայղացումը ունեցան 1963-ին հիմնելու Հայաստանեաց եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութիւնը>, աւելցուց Խանճեան։

Տոքթ․ Ռուբէն Սիրականեան, իր կարգին յիշեց մանկութեան հին օրեր։ «Միասին պասքէթ եւ ֆութպոլ կը խաղայինք։ Մարզանքը կը սիրէր տոքթ․ Ռաֆֆին։ Նոյնիսկ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի մէջ, ան ժամանակ կը ստեղծէր շարունակ վազելու եւ մրցելու։ Նաեւ երաժշտութեան ալ մօտիկ էր ան եւ կը նուագէր ջութակ։ Ռաֆֆին կրցած էր կազմել տիպար օճախ մը 55 տարի շարունակ իր կողակիցին հետ պահելով հայրենի դաստիարակութիւնը», ըսաւ ան։

Տոքթ․ Ռաֆֆիի զարմիկներէն՝ տոքթ․ Ճոն Տէյիրմէնճեան (Եու․ Սի․ Էլ․ Էյ․) նշեց եւ կարեւորեց Ինտիանայի մէջ լուսահոգիին կատարած ներդրումները։ Քանի մը հայ ընտանիքներով, ան կրցած էր փոքր, սակայն գործօն գաղութ մը ստեղծել։ «Ի նպաստ Հայ Դատին ձեռնարկներ կազմակերպեցինք, իսկ 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժին շուտով գործի լծուեցանք, որպէսզի դեղօրայք հասցնենք», ըսաւ ան, եզրակացնելով, թէ շարունակ դաստիարակած էր զաւակներն ու թոռները։

Տոքթ․ Արա Թեքեան (Շիքակոյի բժշկութեան համալսարան) հաճելի եւ դիպուկ յուշեր պատմեց, որոնք կ՛առնչուէին տոքթ․ Ռաֆֆիի անձնուիրութեան, ազգայնասիրութեան եւ յատկապէս արուեստի հանդէպ սէրին։

Տպաւորիչ էր նաեւ, վերջին տարիներու իր անձնական բժիշկ Փօլ Փայքի խօսքը։ «Իր տառապանքը ստեղծեց բարեկամութիւն մը, որ հետզհետէ եղաւ մօտիկ։ Պիտի չմոռնամ, երբ ըսաւ, թէ պատրաստ է մեկնելու։ Հաւանաբար հոն ալ գերերջանիկ է», ըսաւ բժիշկ Փայք։

Ապա խօսք առին տոքթ․ Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի զաւակները՝ տոքթ․ Արա, Անի եւ Այլին, որոնք մերթ յուզիչ եւ մերթ ցնծալի դրուագներ պատմելով իւրայատուկ մթնոլորտ մը ստեղծեցին։

Նշենք, թէ տեղի ունեցաւ աղօթք եւ պատարագ, մասնակցութեամբ Սուրբ Վարդան մայր տաճարի եւ Սուրբ Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երգչախումբերու մասնակցութեամբ։

Աւարտին, կարդացուեցաւ տոքթ․ Յովհաննէսեանի 15-ամեայ թոռնիկին՝ Ալեսանտրա Յակոբեանի մէկ բանաստեղծութիւնը («Մեծ Պապա») իր մեծ հօր մասին։

Հուսկ, տեղւոյն տաճարի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութեան։

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles