Ստեփանակերտի Մէջ Քայլարշաւ` Ի Յիշատակ 44-օրեայ Պատերազմի Նահատակներուն

0 0
Read Time:41 Second

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Երեքշաբթի, Սեպտեմբերի 27-ին, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի 2-րդ տարելիցին առթիւ  հազարաւոր քաղաքացիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ քայլերթ` ի յիշատակ Արցախեան երրորդ պատերազմում նահատակուած հերոսներու:

Մեկնարկը տրուեցաւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցիի բակէն։ Խօսք առաւ հայ առաքելական եկեղեցու Արցախի թեմի փոխառաջնորդ Տէր Սահակ վարդապետ Շաքարեանը: Ապա մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին զոհուածներու յիշատակն ու այնուհետեւ «տղերքը ո՛ղջ են», «միութի՛ւն, պայքա՛ր, յաղթանա՛կ» եւ այլ կոչերով շարունակեցին երթը դէպի Եղբայրական յուշահամալիր:

Երթին մասնակցեցան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, նախկին նախագահ Բակօ Սահակեանը, պետական նախարար Արտակ Բէգլարեանը եւ Ազգային ժողովի պատգամաւորները, կառավարութեան անդամներն ու հոգեւորները: Երթի ընթացքին մասնակիցները պարզեցին 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներու լուսանկարները:

Աւարտին, Եղբայրական յուշահամալիրին մէջ Արցախի թեմի փոխառաջնորդ Տէր Սահակ վարդապետ Շաքարեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին նուիրուած «լուսոյ խորան»-ի օրհնութեան կարգն ու 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներու հոգեհանգստեան կարգը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles