Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ «ՎԵՐԵԼՔ» ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՄԱՍԻՆ ՅԱՏՈՒԿ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ

0 0
Read Time:8 Minute, 51 Second

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը 2021-ին սկսաւ «Վերելք» կոչուող ծրագիր մը, որուն նպատակն էր քաջալերել եւ խթանել երիտասարդները՝ մնալու Արցախի եւ Սիւնիք մէջ եւ նախաձեռնելու իրենց աշխատանքները, որոնք կը նպաստեն նաեւ տեղուոյն համայնքներու զարգացման։
Այս շրջագիծին մէջ գործադրուեցան «Վերելք Արցախ», «Դէպի Սիւնիք» եւ «Վերելք Սիւնիք» ծրագիրները։
Այս ծրագիրներուն մասին «Հայրենիք» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի ներկայացուցիչ Ցողիկ Աշըգեանի հետ։

Հարցազրոյցը վարեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

***

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի ներկայացուցիչ Ցողիկ Աշըգեան

Հ.- Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին կողմէ սկսած «Վերելք» ծրագիրը ինչպէս կրնաս ներկայացնել։

Պ.- «Վերելք» ծրագիրի գաղափարը ծնաւ երբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը յետպատերազմեան շրջանին այցելութիւններ կատարեց Արցախ եւ հանդիպումներ ունեցաւ թէ՛ կուսակցական շրջանակներուն եւ թէ՛ համակիր շրջանակներուն հետ։
Այդ այցելութիւններուն կարեւորագոյն օղակը նկատուեցաւ երիտասարդներուն հետ հանդիպումները, որոնց ընթացքին արձանագրուած խորհրդակցութիւններուն լոյսին տակ յստակ դարձան երիտասարդութեան մօտ գոյութիւն ունեցող արտագաղթի միտումները։
Հետեւաբար գրասենեակը անհրաժեշտ նկատեց մշակել ծրագիր մը, որ թէ՛ գիտելիք կը փոխանցէ եւ թէ՛ որոշակի նեցուկ եւ օժանդակութիւն կը տրամադրէ, որպէսզի երիտասարդները մնան Արցախ եւ իրենց կեանքը շարունակեն պատկերացնել Արցախի մէջ՝ հակառակ տիրող դժուարութիւններուն եւ տնտեսական տագնապին։
Այս ծրագիրը բիւրեղացաւ եւ գաղափարը յստակ կառուցուածք ստացաւ՝ մասնագիտական եւ համակիր շրջանակներու հետ քննարկումներու իբրեւ արդիւնք։ Այդ ծրագիրը կոչուեցաւ «Վերելք Արցախ», որ իրագործուեցաւ 2021-ի Մարտին։
Արցախի մէջ գործադրուած «Վերելք Արցախ» ծրագիրի առաջին փուլին մասնակցեցան աւելի քան 100 մասնակիցներ, որոնք երեք ամսուան ընթացքին հետեւեցան դասընթացքներուն։
Ձեռներէցութեան հիմունքներ, ինչպէս՝ պիզնըս ղեկավարում, ֆինանսներու ծրագրում, թուայնացում եւ հանրային խօսք, ինչպէս նաեւ ոլորտային դասընթացքներ, ինչպէս՝ նորարական եւ կայուն գիւղատնտեսութիւն, զբօսաշրջութիւն, վերականգնուող ներսուժ, սնունդ եւ ըմպելիներ եւ բջիջային հաւելուածներու մշակում։
Իսկ երկրորդ փուլին իրականացուեցաւ պիզնըս ճամբար մը, որուն ընթացքին երիտասարդները առիթ ունեցան իրենց գաղափարները յստակօրէն մշակելու եւ ճամբարի աւարտին ընտրուեցան վեց յաղթական ծրագիրներ, որոնք ստացան նախնական ֆինանսաւորում եւ ներկայիս կը գտնուին խորհրդատուական ու վերահսկողութեան ժամանակահատուածներուն մէջ։
Յաղթական ծրագիրներն են. Ազնուամորի – գիւղատնտեսական արտադրութիւն, Նեկտար Մեղր – մեղրի արտադրութիւն, Նրբաստեղծ – մոմի արտադրութիւն, Buy4Artsakh – Արցախի մէջ արտադրուած իւրայատուկ արտադրութիւններ, MyCoffee – սուրճի խանութ եւ Silvi – նորաձեւութիւն։
Յիշենք, որ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու «Արցախ Ֆոնտ»-ը Արցախի մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ այս ծրագիրին յաջողութեան սատարելու։
Կան նաեւ այլ հաստատութիւններ, որոնք այս ծրագիրին յաջողութեան մէջ դերակատարութիւն ունեցան իրենց մասնագիտական փորձը տրամադրելով, դասաւանդելով. անոնց շարքին են «Ռիվոլվ» խորհրդատուական ընկերութիւնը եւ «Ռիվիերա» քափիթալ ներդրումներու կազմակերպութիւնը։
Ընդհանուր առմամբ այս է «Վերելք» ծրագիրը։

Հ.- Երբ սկսա՞ծ է ծրագիրը։ Ի՞նչ նպատակներ կը հետապնդէ։ Ծրագիրի անուան մտայղացումը պատմութիւն ունի՞։ Որո՞նք են այս ծրագիրին շրջանակներուն մէջ Երիտասարդական գրասենեակի գործընկերները։

Պ.- Ինչպէս նշեցի ծրագիրը սկսած է Արցախի մէջ 2021-ի Մարտին եւ դասընթացքներու փուլն ու պիզնըս ճամբարի հանգրուանը անցնելէ ետք ունեցանք վեց յաղթողներ, որոնք խորհրդատուական փուլ մը անցնելէ ետք, ներկայիս կը գտնուին վերահսկողութեան ժամանակահատուածի մը մէջ։
Վերահսկողութիւնը կը կատարուի Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը գործընկերներուն աջակցութեամբ։ Գործընկերներ, ինչպէս՝ «Ռիվոլվ» խորհրդատուական ընկերութիւնը եւ «Ռիվիերա» քափիթալ ներդրումներու կազմակերպութիւնը, որոնք իրենց մասնագիտական հմտութիւններով ներդրում ունեցան «Վերելք Արցախ» ծրագիրին գործադրութեան մէջ։
Իսկ «Վերելք Սիւնիք»-ը սկսաւ նոյն տարուան Հոկտեմբերին, մէկ ամսուան ընթացքին տրուեցան հետեւեալ դասընթացքները՝ գաղափարի յղացում, շուկայադրում, ֆինանսներու ծրագրում, ռազմավարական կառավարում, հանրային խօսք, պիզնըս գաղափարի ներկայացում։
Դասընթացքներու հանգրուանը աւարտելէ ետք այս ամսուան կիսուն կատարեց իր պիզնըս ճամբարը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան 12 ծրագիրներ, որոնցմէ երեքը ֆինանսաւորուեցան եւ ստացան նախնական յատկացումներ։
Երկու ծրագիրներուն նպատակները ընդհանուր առմամբ նոյնն են։ Առաջին հերթին անոնց հիմնական նպատակն է արտագաղթի հոսքին դէմ պայքարիլ, ինչպէս նաեւ Արցախը եւ Սիւնիքը հայաթափելու յստակ միտումներուն դէմ պայքարիլ, ինչպէս նաեւ ձգտող եւ ձեռներէց երիտասարդութեան տրամադրել թէ՛ գիտելիք, թէ՛ խորհրդատուութիւն, որպէսզի անոնք կարենան իրականացնել այն ծրագիրները, որոնք պատկերացուցած են իրենց համայնքներուն եւ ծննդավայրին բարգաւաճման համար։
«Վերելք»-ը ընդհանուր առմամբ փոքր եւ միջին ձեռնակատիրութիւններ ստեղծելու ծրագիր է։
Ծրագիրի անուանումը բնականաբար յետպատերազմեան անկումային տրամադրութիւնը՝ մասնաւորաբար Արցախի մէջ, բարձրացնելու մարմաջէն յառաջացած է։ Ծրագիրը «Վերելք» անուանակոչելուն պատգամը այն է, որ վերելքային տրամադրութեամբ եւ ձգտումով է, որ պէտք է բնորոշուի մեր գործունէութիւնը թէ՝ անհատական, թէ հանրային եւ ազգային մակարդակներու վրայ։

Հ.- «Վերելք Սիւնիք» ծրագիրը ինչով կը տարբերի ընդհանուր «Վերելք Արցախ» ծրագիրէն։ Այդ ծրագիրին նպատակները ի՞նչ են։ Ե՞րբ սկսած է ծրագիրը եւ արդեօք հասա՞ծ է իր աւարտին։

Պ.- «Վերելք Սիւնիք» եւ «Վերելք Արցախ» ծրագիրները ընդհանուր առմամբ նոյն նպատակները կը հետապնդեն։ Կրնանք հաստատել, որ «Վերելք Արցախ» ծրագիրի իրականացման պարագային «Արցախ Ֆոնտ»-ը իր նշանակալից ներդրումը կատարեց եւ մասնակցութիւնը ունեցաւ։
Զոյգ ծրագիրները իրենց բնոյթով նոյն նպատակները կը հետապնդեն։ Արցախի մէջ ուսումնասիրութիւններու իբրեւ արդիւնք ի յայտ եկաւ որ արտագաղթի հոսքը կը սաստկանայ եւ երիտասարդութիւնը լուրջ հարցի դիմաց կը գտնուէր՝ կեանքը Արցախի մէջ շարունակելու եւ պատկերացնելու առումով, նկատի ունենալով տնտեսական տագնապն ու անվտանգութիւնը։
Այսօր Սիւնիքի մէջ կը տիրեն նմանատիպ պայմաններ, նկատի ունենալով, որ սահմանագիծը տեղափոխուած է Սիւնիք եւ անմիջականօրէն իր ազդեցութիւնը կ’ունենայ Սիւնիքի բնակչութեան անվտանգութեան վրայ, իսկ տնտեսական առումով Սիւնիքը եւս ազդուած է ընդհանուր իրավիճակէն։ Արտագաղթի վտանգը կը սպառնայ Սիւնիքի երիտասարդութեան։
«Վերելք Սիւնիք» ծրագիրը սկսած է 2021-ի Հոկտեմբերն, իսկ ճամբարը աւարտած 2022-ի յունուարին։ Պիզնըս ճամբարի աւարտին յաջողած են երեք նախագիծեր, որոնք ստացած են նախնական ֆինանսաւորում։
Յաջողութիւն արձանագրած երեք ծրագիրները ազդեցիկ նախաձեռնութիւններ են Սիւնիքի զարգացման կը նպաստեն։
Առաջին ծրագիրը, որ մարզասրահի մը ստեղծման կը վերաբերի, ծրագիր մըն է, որ պիտի իրականացնէ յատուկ դասընթացքներ թէ՛ կիներու եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան բանակին մէջ ծառայած երիտասարդներու համար։ Իբրեւ այդպիսին առաջինն է իր բնոյթով։
Երկրորդ ծրագիրը դեղատուն մը հիմնելու երիտասարդի մը մտայղացումն է։ Դեղատունը պիտի հիմնուի Սիւնիքի Քաջարան քաղաքին մէջ եւ մօտակայ գիւղերուն դեղերու առաքման հնարաւորութիւններ պիտի ունենայ, նկատի ունենալով, որ շրջակայ գիւղերուն մէջ ընդհանրապէս դեղատուներ չկան։
Իսկ երրորդ ծրագիրը հանգստեան եւ մշակութային տուն մը հիմնելու նախագիծն է, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել մշակութային եւ ժամանցային օրակարգեր՝ Կապանի եւ Քաջարանի երիտասարդութեան համար։
Տակաւին կայ չորրորդ ծրագիր մը, որ որոշակի փոփոխութիւններով կրնայ յատկացում ստանալ։ Այդ ծրագիրը Կապանի մէջ ժամանցի յատուկ երիտասարդական կեդրոն մը ստեղծելու կը վերաբերի. անիկա եւս իր բնոյթով առաջինն է, որովհետեւ նման կեդրոն գոյութիւն չունի շրջանին մէջ։
Ուրեմն «Վերելք Սիւնիք»-ը կը գտնուի այս հանգրուանին մէջ եւ անիկա շարունակաբար պիտի անցնի նոյն փուլերով, ինչպէս «Վերելք Արցախ» ծրագիրը, այսինքն՝ ներկայիս պիտի սկսի խորհրդատուական ժամանակահատուած մը, որուն ընթացքին մասնակիցները պիտի ուղղորդուին դէպի յաջորդ քայլերը՝ իրենց աշխատանքը իրականացնելու, եւ անկէ ետք արդէն կը հասնի վերահսկողութեան ժամանակահատուածը, որուն ընթացքին կը վերահսկուի ծրագիրի իրականացումը։

Հ.- Կրնա՞ք ներկայացնել «Դէպի Սիւնիք» Հ.Յ.Դ. երիտասարդականի ծրագիրը եւ ինչո՞ւ «Վերելք» ծրագիրը նոյնպէս իրականացուցիք Սիւնիքի մէջ։

Պ.- «Դէպի Սիւնիք» եւ «Վերելք Սիւնիք» ծրագիրները իրականութեան մէջ իրարմէ կարելի չէ տարբերել, որովհետեւ «Դէպի Սիւնիք» ուղղութեան ճշդումն ու Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի աշխատանքներուն կեդրոնացումը այդ մարզին մէջ սկսաւ 2021-ի Յուլիսին։
Գրասենեակը Սիւնիքի մարզին մէջ կեդրոնացուց Հ.Յ.Դ. երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներուժն ու մարդուժը, նկատի ունենալով Սիւնիքի դիմագրաւած անվտանգութեան խնդիրներն ու տարբեր բնոյթի վտանգներն ու բնակչութիւնը, ի մասնաւորի երիտասարդութիւնը։
Այդ նպատակով «Դէպի Սիւնիք» ծրագիրին շրջագիծին մէջ արձանագրուեցան տարաբնոյթ աշխատանքներ, որոնցմէ ամառնային պատանեկան ճամբարներ, պատանեկան եւ երիտասարդական տարբեր բնոյթի աշխատանքներ՝ արշաւներ, հաւաքոյթներ, ինչպէս նաեւ երիտասարդական-ուսանողական խորհրդաժողով մը, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։
Խորհրդաժողովին մասնակցեցան Գորիսի համալսարանի երիտասարդները, իսկ խորհրդաժողովին ընթացքին ակադեմական մակարդակով քննարկուեցան Սիւնիքի մարտահրաւէրներն ու դիմագրաւած հարցերուն լուծումները։
Տեղի ունեցաւ նաեւ Սիւնիքին վերաբերող ուսումնասիրութեանց առցանց մրցում մը, որուն մասնակցեցան Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն ուսանողներ։
Մրցումին մասնակից ուսումնասիրութիւններէն երկու յաղթական դուրս եկան եւ անոնք ստացան համապատասխան նիւթական նպաստներ։
Հետեւաբար «Դէպի Սիւնիք» ծրագիրը ինքն իր մէջ տարաբնոյթ աշխատանքներ կը ներգրաւէ. անիկա կը պարփակէ նաեւ դէպի Սիւնիք իրականացուած գործուղումներ՝ Սփիւռքէն երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն մասնակցութեամբ։
Գործուղումներուն ընթացքին Սիւնիք հասնող երիտասարդներ իրականացուցած են շրջանին մէջ պատանեկան եւ երիտասարդական կազմակերպական աշխատանքներ։
Ուրեմն «Վերելք Սիւնիք»-ը «Դէպի Սիւնիք» ծրագիրին բաղադրիչ մէկ մասն է։ Այն արդիւնքները, որ «Վերելք Արցախ»-ը գրանցեց իբրեւ յաջողութիւն, խանդավառութիւն եւ աշխուժութիւն, խթանեց մեզի, որ նոյն ծրագիրը գործադրենք նաեւ Սիւնիքի մէջ՝ նկատի ունենալով նմանատիպ խնդիրներու առկայութիւնը։
Այդ պատճառով ալ «Դէպի Սիւնիք»-ի ծիրէն ներս «Վերելք Սիւնիք»-ը կազմակերպուեցաւ Կապան քաղաքին մէջ. անոր մասնակցեցան աւելի քան 60 երիտասարդներ։ Իսկ «Վերելք» ծրագիրի պիզնըս ճամբարի 9 ծրագիրներէն 6-ը ստացան նախնական ֆինանսաւորում։

Հ.- «Վերելք» ծրագիրի կարեւորութիւնը ի՞նչպէս կþարժեւորես։ Ցարդ ի՞նչ իրագործումներ կարելի եղած է արձանագրել շնորհիւ այդ ծրագիրին։

Պ.- Առաջին հերթին պէտք է արձանագրենք, որ «Վերելք Սիւնիք»-ի եւ «Վերելք Արցախ»-ի շրջանակներէն ներս աւելի քան 150 երիտասարդներ հաւաքուած են այս ծրագիրներուն շուրջ՝ մասնակցելով անոր տարբեր փուլերուն։
Այս ծրագիրներուն մասնակցելով երիտասարդները իրենց մէջ նախաձեռնելու ոգին, հետաքրքրութիւնն ու ձգտումները ամրապնդած են՝ նոր գիտելիքներով եւ նոր հորիզոններով։
Անոնք պատրաստ են վճռականութեամբ հետապնդելու իրենց ծրագիրները եւ իրականութիւն դարձնելու իրենց պիզնըս գաղափարները, զանոնք ծառայեցնելով իրենց շրջապատին, համայնքին ու ծննդավայրին։
Այս ծրագիրի շրջանակներէն ներս նաեւ, Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն դասընթացավարներու մասնակցութիւնը նպաստած է Հայաստան-Սփիւռք, Արցախ-Սփիւռք եւ Արցախ-Հայաստան կապերու ամրապնդումին։
Ընդհանուր առմամբ երիտասարդ մասնագէտներու եւ համակիր շրջանակներու ներգրաւումը այս ծրագիրին շուրջ ակնյայտօրէն դրական կը նկատենք եւ կը գնահատենք։ Ամէնէն կարեւորը սակայն կը մնայ այն, որ Արցախի մէջ 6 ծրագիրներ, իսկ Սիւնիւքի մէջ 3 ծրագիրներ արդէն իսկ ֆինանսաւորում ստացած են եւ այդ 9 ծրագիրները իրենց բնոյթով, ընկերային իրենց պատասխանատուութեան հանգամանքով ազդեցութիւն պիտի ունենան տեղական համայնքներու զարգացման, բարելաւման ու երիտասարդութեան դերակատարութեան ուժեղացման առումով։

Հ. «Վերելք» ծրագիրը տարբեր փուլերով իրականացած է Արցախի մէջ։ Այդ ծրագիրը աւարտած կարելի՞ է նկատել, թէ այլ նպատակներով կրնա՞յ կրկնուիլ։

Պ.- «Վերելք Արցախ» ծրագիրը ներկայիս կը գտնուի վերահսկողութեան փուլին մէջ։
Հոս կ’ուզեմ նշել նաեւ, որ «Վերելք» ծրագիրը մենք ոչ միայն միութենական եւ կուսակցական ներուժով կ’իրականացնենք, այլ նաեւ ընկերութիւններու ներգրաւուածութեամբ։ Համագործակցութիւն կայ նաեւ տարբեր անհատ մասնագէտներու հետ։
Կոչ կ’ուղղենք բոլոր երիտասարդ մասնագէտներուն թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ՛ Սփիւռքի տարածքին, որ եթէ հետաքրքրուած են այս ծրագիրներուն մասնակցելով եւ կը փափաքին իրենց ներդրումը ունենալ անպայմանօրէն դիմեն երիտասարդական գրասենեակ եւ մենք մեծ ուրախութեամբ կը փորձենք հնարաւորինս ներգրաւել զիրենք այս աշխատանքներուն մէջ եւ իրենց գիտելիքները ծառայեցնել այս ծրագիրի բարելաւման ու զարգացման։
Իսկ եթէ Սփիւռքի եւ հայրենիքի տարածքին կան նուիրատուներ, որոնք կը ցանկան մասնակցիլ այս ծրագիրներուն կրնան նոյնպէս դիմել Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակ եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ ունենալէ ետք իրենց մասնակցութիւնը բերեն հայրենանուէր այս ծրագիրներուն իրականացման մէջ։
Հարկ կը նկատենք նշել, որ «Վերելք» ծրագիրը բարեսիրական ժամանակաւոր ծրագիր մը չէ, այլ՝ իր մէջ կը բովանդակէ ուսուցողական հանգամանք, ինչպէս նաեւ կը միտի ստեղծել մշտական արժէքներ, քաջալերելով փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութիւններու ստեղծումը։
Անշուշտ այդ ձեռնարկատիրութիւններուն գործը պիտի ըլլայ տեղւոյն համայնքներուն եւ բնակիչներուն պահանջներուն գոհացումն ու բարգաւաճումը։
Նախնական ֆինանսաւորում ստացած 9 ծրագիրները գործադրուելէ եւ շահեր ապահովելու սկսելէ ետք իւրաքանչիւր ծրագիր զերօտոկոսային ներդրումի տեսքով պիտի վերադարձնէ այն ներդրումը, որ տրամադրուած է իր աշխատանքը ստեղծելու համար։

Հ.- Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը մտածէ նաեւ այլ շրջաններու մէջ գործադրել «Վերելք»-ը։

Պ.- Ներկայ պահի դրութեամբ կ’ուսումնասիրուին եւ կը քննուին կարելիութիւնները, որպէսզի այս ծրագիրը իրականացուի Հայաստանի այլ մարզերու մէջ, կամ նաեւ Սփիւռքի այն գաղութներէն ներս, ուր անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի, ինչպէս Միջին Արեւելքի մէջ։
Սակայն տակաւին այս ուղղութեամբ որոշումներ չեն տրուած։ Այդ բոլորը կախեալ է քննարկումներէն եւ այս ծրագիրին օժանդակողներուն առկայութենէն։
Իսկ ընդհանուր առմամբ այս ծրագիրին երկարաժամկէտ շարունակելիութիւնը ապահովելով, պէտք է նկատի ունենանք, որ տնտեսական ոլորտին մէջ հզօրանալու եւ ազդեցութիւն ունենալու կարեւոր միջոց կրնայ ծառայել այս ծրագիրը։ Հեռանկարային առումով այս ծրագիրը իբրեւ ազգ եւ հասարակութիւն, ու յատկապէս իբրեւ կազմակերպութիւն առիթ կու տայ մեզի Հ.Յ.Դ.-ի շուրջ ստեղծելու այն տնտեսական ցանցը, որ իր ազդեցութեամբ եւ ծառայութիւններով հզօր եւ կարեւոր միջոց մը կրնայ հանդիսանալ մեր ազգի զարգացման գործին մէջ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles