Ո՞Վ ՊԻՏԻ ԿԵՐՏԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 14 Second

Կարօ Արմենեան
Սեպտեմբեր 25, 2022

Արդէն անցած են երկու օրեր Ամենայն Հայոց Հայրապետի նախաձեռնութեան վրայէն և դեռ բաւարարող ոչ մէկ զեկոյց դրուած է հանրութեան սեղանին։ Լռութիւնը խլացնող է։

Առայժմ չկայ որևէ նշան, որ թելադրէ, թէ գոյացած է համաձայնութիւն Հայաստանի եւ Արցախի նախկին նախագահներուն միջև ներկայ պահու ազգային միասնականութեան եզրերը սահմանող։ Մինչ այդ թշնամին մտած է մեր հողերէն ներս։ Թշնամին արդէն խլած է հարիւրաւոր զոհեր։ Թշնամին կը սփռէ ցեղասպանական իր ոճիրը ամէնուրեք։ Թշնամին տեղահան կ՚ընէ մեր ժողովուրդը։ Եւ – ամենէն ահաւո՛րը — ան կը վայելէ մեծապետական ուժերու բացայայտ կրաւորականութիւնը։ Եւ այս բոլորին դիմաց՝ Փաշինեանական համակա՛րգը՝ որ ողբալիօրէն անատակ է երկրին տիրութիւն ընելու և պատրաստ է անձնատւութեան, նահանջի, դաւաճանութեան։ Պարզ է, որ դանակը հասած է ոսկորին։ Մի՛ զարմանաք ուրեմն երբ ժողովուրդը կ՚անհամբերի և պատասխաններ կը պահանջէ։

Համացանցի աղբիւրներէն կը լսենք, որ այս դանդաղկոտութեան պատճառը Նախ. Լևոն Տէր Պետրոսեանի տարակարծութիւններն են, որոնք ընթացք տուած են բուռն քննարկումներու։ Իրեն կը վերագրուի «գագաթաժողով»-ի տեղքայլը։ Պէ՞տք է , հետևաբար, ենթադրել, որ գործընթացը արդէն մտած է փակուղի։ Պէ՞տք է եզրակացնել, որ երկրի աւագանին չարաչար ձախողած է ազգին հանդէպ իր բարոյական մեծ պարտաւորութեան մէջ։ Ես կ՚ուզեմ հաւատալ, որ այդ չէ պարագան։ Կ՚ուզեմ պնդել, որ ընդհակառակն գործընթացը ամրապնդման ընթացքի մէջ է…

Ես կը կարծեմ, թէ կը դիմենք դէպի մէկ շրջադարձային հանգրուան։ Ես համոզուած եմ, որ հակառակ նախագահներու միջև դրսևորուող տարբերութիւններուն՝ այնուամենայնիւ նախագահներու այս աննախընթաց ժողովը կենսական կը համարէ Փաշինեանական համակարգի շուտափոյթ, բայց նաև՝ անցնցո՛ւմ, լուծարումը։ Հետևաբար պէտք է անպայման ակնկալել, որ ժողովը ներկայիս գտնուի Վարչապետ Փաշինեանի հետ թէժ բանակցութիւններու բովին մէջ ապահովելու համար այս վերջինի անմիջական հրաժարականը։ Կը կրկնե՛մ. ես համոզուած եմ, որ թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը և թէ՛ ժողովին մասնակիցները հրամայական կը համարեն կանխել որևէ հաւանական քաոս իշխանափոխութիւն իրագործելու բովին մէջ։ Այսօր, երկրին առջև ծառացող մեծ մարտահրաւէրն է յաղթահարել այս տագնապը առանց սպառելու երկրին ներուժային պաշարները ներքին խռովութեանց ճակատին վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջողապէս դիմագրաւել պատերազմի սպառնալիքը, որուն դամոկլեան սուրը կախուած է երկրին վրայ։ Իմ կարծիքով, մենք, որպէս պետականութիւն և որպէս ազգ, պերճանքը չունինք ժամավաճառութեան։ Եթէ կան տարակարծութիւններ նախագահներու միջև, կարևոր է, որ անոնք արագօրէն հարթուին հնարաւոր դարձնելով ազգային միասնականութեան գոյաւորումը առանց այլլևայլի։

Բայց անշուշտ հնարաւոր է, որ նախագահներու «գագաթաժողով»-ը իսկապէս գտնուի փակուղիի մէջ և մենք չունենանք միաձայնութիւն էական հարցերու ոլորտին մէջ։ Եթէ այս է կացութիւնը, զոր կը դիմագրաւենք ներկայիս, պէտք է ցաւիլ այդ փաստին համար, բայց բնաւ կանգ չառնել հոն։

Ազգային միասնականութիւնը չ՚ենթադրեր տեսակէտներու լիակատար նոյնութիւն բոլորին կողմէ։ Ան անկասկած կ՚ենթադրէ հասարակութեան գլխաւոր շերտերու կարողութիւնը գերամեծար նպատակներու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու։ Այս իսկ պատճառով, ազգային միասնականութեան խարիսխը պէտք չէ անպայման փնտռել նախկին նախագահներու ոլորտին մէջ։ Բնականաբար ազգը մեծապէս կը շահի, եթէ անոնք իրենց բարոյական հեղինակութեամբ յաջողին միաձայնութիւն գոյացնել հայ անկախ պետականութեան յենարան հանդիսացող արժեհամակարգի եզրերուն, հայոց հայրենիքի տարածքային ամբողջականութեան և մեր երկրի լինելիութեան հիմնական սկզբունքներուն վրայ։ Բայց եթէ կարելի չեղաւ հասնիլ նմանօրինակ միաձայնութեան, թող յստակօրէն հնչէ մեծամասնութեան ձայնը և վե՛րջ։ Ի վերջոյ ազգային միասնականութիւնը պիտի կերտուի ոչ այնքան նախագահներու, այլ երկրի քաղաքական ուժերու միակամութեան յայտարարին վրայ։ Եւ զայն կերտողները պիտի ըլլան այն գործօն ուժերը, որոնք կը ցուցաբերեն քաղաքական ամուր կամք երկրի լինելիութեան դատին ոտքով-ձեռքով նուիրուելու։ Եւ բարեբախտաբար կա՛ն այդ ուժերը։ Իմ կուսակցութիւնս առաջին օրէն և անվերապահօրէն կը գտնուի անկեղծ զինուորի այդ դիրքերուն վրայ։

Ազգը երախտապարտ է Վեհափառ Հայրապետին իր այս կարևոր նախաձեռնութեան համար։ Մեր պատմութեան այս ճակատագրական պահը մենք պիտի դիմագրաւենք մեծագոյն իմաստութեամբ և մեծագոյն խիզախութեամբ։ Եւ այսօր է, որ մենք պիտի կարենանք սահմանել և նուիրագործել մեր ազգային միասնականութիւնը իր բոլոր էական գործօններով։

Մեր ակնկալութիւնն է, որ Վեհափառ Հայրապետի ներկայ նախաձեռնութեան յաջորդ քայլը անյապաղ ի մի բերէ երկրի բոլոր գլխաւոր քաղաքական ուժերը հակաճգնաժամային վճռորոշ օրակարգի մը շուրջ։ Օրակա՛րգ՝ որ, առաջին հերթին, ընդգրկէ ՝ (ա) Փաշինեանական համակարգի լուծարումը, (բ) բանակի վերակազմաւորումն ու վերապարենաւորումը և (գ) ազգային ընդհանուր զօրաշարժի անյապաղ իրագործումը։

Ժամանակը մերը չէ։ Ժամանակը թշնամիին կը պատկանի։ Մենք զայն պիտի խլենք արագ և վճռական քայլերով և խիզախենք ինչպէս միշտ։ Քանի որ ժամանակն է վերստին ազատագրելու մեր սրբազան հայրենիքը թշնամիին ճանկերէն։ Ժամանակն է վերստին կերտելու մեր յաղթանակը։ Եւ Տէր ընդ մեզ։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles