ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.Ի Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄ

0 0
Read Time:1 Minute, 6 Second

Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջանային բանակումը տեղի ունեցաւ Օգոստոս 19էն 22, 2010ին, Մասաչուսէցի Ռուտլէնտ շրջանի (Ուսթըրի մօտակայքը) բանակավայրէն ներս: 145 բանակողներ, ժամանած Շիքակոյի, Տիթրոյթի, Ուաշինկթընի, Փրովիտենսի, Նիւ Ճըրզիի եւ Պոսթընի մասնաճիւղերէն բերին իրենց մասնակցութիւնը:

ՀամաՀ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումէն քանի մը շաբաթ ետք, այս շրջանային բանակումը որ կազմակերպուած էր Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդին կողմէ, եկաւ ցոյց տալու թէ երիտասարդ սկաուտարենուշներուն մօտ, աւելի զարգացած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ական դաստիարակութիւնը: Բանակումին ընթացքին փոխանցուեցան սկաուտական գործնական գիտելիքներ եւ կատարուեցան դաստիարակչական բնոյթ ունեցող դասախօսութիւններ, հետախուզական արշաւներ, մրցումներ եւ խարուկահանդէս:

Բանակումի ընթացքին բանակավայրը այցելեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, Շրջանային սկաուտական խորհուրդը եւ ծնողներ որոնցմէ մաս մը սիրողաբար ներկայ եղած էր, կատարելու մատակարարման աշխատանքը:

Բանակումի ընթացքին, մասնակցողները կիրարկեցին զուտ սկաուտական աշխատանք՝ իրենց ամբողջ տարուան ստացած գիտելիքները գործադրելով՝ բանակավայրը միշտ խանդավառելով, յարատեւ աշխատանքով, զանազան կանչերով, երգերով, պարերով ու խարոյկահանդէսի պատրաստութեան մնայուն փորձերով:

Բացման դրօշակի արարողութեան խօսք առին Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Պետրոս Տէր Վարդանեան, Սկաուտական Խորհուրդի անունով Մարալ Խաչատուրեան եւ Պոսթընի Մասնաճիւղի ատենապետ՝ Միսաք Ուրֆալեան, որոնք շեշտեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականին դերը, ազգային կեանքէն ներս, նաեւ հաստատեցին թէ վերջին համաՀ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումին, շրջանը մեծ տպաւորութիւն ձգած եւ յառաջդիմութիւն արձանագրած է: Ներկայ էին նաեւ Շրջ. Վարչութեան անդամներ՝ Թորոս Ոսպիկեան եւ Էլիզապէթ Դրամկոչեան:

Շաբաթ, Օգոստոս 21ին կատարուեցաւ խարոյկահանդէս, ներկայութեամբ ծնողներուն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles