Աւաղ, առաջ արշալոյս մը կար որ քաղցրութեամբ կը ծագէր…
Բայց այսօր, բայց այսօր, ես այս ամէնուն առջեւէն,
Սարսափահար եւ աչուըներս փակած կը փախչիմ…
Վասնզի գիտեմ որ բոլոր արշալոյսները՝ նուիրական հողին.
Տարիներէ ի վեր, մեր արիւնէն են կարմիր…
Սիամանթօ
Վերջին օրերուն եւ ցայսօր դէպքերը ճեպընթացի մը նման կ°ընթանան:
Իրերայաջորդ իրադարձութիւններ, Հայոց Ցեղասպանութեան 94-ամեակի օրերուն, որոնք կը ստեղծեն վտանգաւոր կացութիւն մը եւ ինքնաբերաբար դուռ կը բանան հարցադրումներու:
Հայ բանաստեղծը օրին…պատրաստած էր Եղեռնը նախորդող օրերու տիրող Ատանայի ահաւոր կոտորածին առթիւ »Կարմիր լուրեր՝ բարեկամէս« բանաստեղծութիւններու շարք մը: Այսօր, այդ ջարդի հարիւրամեակն է եւ նոյնինքն Սիաման-թոյի նկարագրած լուրերը կը մնան նոյնքան մտահոգիչ եւ արիւնաթաթախ:
Այո…Կարմիր են լուրերը եւ կարմիր գիծը անցած ու գերազանցած կը թուինք ըլլալ:
Հետեւաբար այս ստեղծուած իրադարձութիւններուն դիմաց, Հ.Յ.Դաշնակցութեան կը մնար իր կարգին ահազանգել եւ տալ ազդանշանը՝ Կարմիր Լոյսին ու դուրս գալն էր ներկայ դահլիճէն:
Դեռ աւելին, երբ հետեւելէ ետք անցուդարձերուն, քաջատեղեակ կ՝ըլլանք թէ »մենք մեր ձեռքով կը փորենք խրամը«, այդ պարագային էապէս հարցը շատ աւելի մտահոգիչ բնոյթ մը կը ստանայ:
Հոս, անգամ մը եւս տեղին է շեշտել թէ ողջունելի է որեւէ միջնորդութիւն, այնքան ատեն որ կը կատարուի արդար հիմերու վրայ եւ թափանցիկ գործընթացով: Աւելին, Զուիցերիոյ նման երկրի մը միջնորդութեան դերի ստանձնումը յաւելեալ ինքնավստահութիւն կրնայ ներշնչած ըլլալ: Սակայն բուն դերակատարները, միջնոր-դէն աւելի երկու կողմերն են եւ հոս է որ հայկական կողմը ինկած է թրքական ծուղակի մը մէջ, որուն ալֆան եւ անշուշտ օմեկան, արդէն իսկ յստակ էր, որ »թայմինկ«ն էր, այդ ժամանակը՝ Ապրիլեան Եղեռնի ոգեկոչման ամեակի (…այս պարա-գային 94-ամեակ) սուրբ ԺԱՄԱՆԱԿԸ:
Բնականաբար, այս դէպքերու լոյսին տակ, նախագահ Օպամա իր կարգին պիտի բաւարարուէր »Մեծ Եղեռն«ով մը, նշելու յայտարարութեամբ մը, անգամ մը եւս անարդարօրէն չգործածելով ցեղասպանութիւն բառը եւ յուսախաբութեան ու դժգոհութեան ալիք մը ստեղծելով: