ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՀԱՅ ԿԵԴՐՈՆԷՆ ՆԵՐՍ ՀԱՅՈՑ ԵՂԵՌՆԻ 94-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿ

0 0
Read Time:4 Minute, 6 Second
Նախկին դեսպան Արա Պապեան
Նախկին դեսպան Արա Պապեան

Մօտաւորապէս չորս հարիւր ներկաներ ժամանած էին ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան 94-ամեակը, որ տեղի ունեցաւ Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Հայ  Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնին մէջ: Ներկայ էին յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ (Հայր Անդրանիկ Պալճեան – Ուաթըրթաունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թեմի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցի, Հայր Արսէն Պարսամեան – Ուաթըրթաունի Էջմիածնական թեմի Սուրբ Յակոբ եկեղեցի, Հայր Ռաֆայէլ Անտոնեան – Պելմոնթի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցի, Պատուելի Աւետիս Պոյնէրեան – Ուաթըրթաունի Հայ Աւետարանական եկեղեցի, Պատուելի  Կրէկ Յարութիւնեան – Պելմոնթի Հայ Աւետարանական Եկեղեցի), բարձրաստիճան պատասխանատուներ եւ կառավարիչներ, որոնց կարգին՝ Փիթըր Գութուճեան, Ճոնաթըն Հէքթ, Վինի Փիչիորինի, Քլայտ Եանկը եւ Մէրիլին Փըթիթօ-Տիվանի:
Ձեռնարկը սկսաւ դրօշակի Արարողութեամբ եւ տողանցքով, մասնակցութեամբ՝  Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական կազմին: Օրուան Աղօթքէն ետք, հնչեցին ազգային քայլերգները, կատարողութեամբ՝ Անի Զարկարեանի: Օրուան խօսնակն էր Շարիստան Արտհալճեանը, որ հաստատեց թէ, հակառակ ստեղծուած բոլոր դժուարութիւններուն, ամէն գնով, պէտք է պայքար մղել:
Ապա խօսք առաւ Հայ Դատի յանձնախումբի Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Քէն  Խաչիկեան, որ խօսեցաւ «Եղեռնի ճանաչում՝ այժմէական դիտանկիւնէ»  նիւթին շուրջ:

Փիթըր Գութուճեան
Փիթըր Գութուճեան

Ան յայտնեց թէ Սպիտակ Տունը անգամ մը եւս, ճնշումներու տակ, տեղի տուած է եւ նախագահ Օպամա իր խօստումը չէ յարգած: Ան կոչ ուղղեց ամէն գնով, բողոքի ելեկտրանամակ յղելու եւ պահանջելու որ պատշաճօրէն ճանչցուի Եղեռնը: Ներկայացոււցիչներու տան անդամ Փիթըր Քիւթիւճեան յայտնեց թէ, Մասաչուսէցի մէջ շատ աւելի պատշաճօրէն նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ յոյս յայտնեց որ յառաջակայ տարիներուն, նախագահ Օպամա ի վերջոյ գործածէ ցեղասպանութիւն բառը:  Գութուճեան հաստատեց թէ Ապրիլ 17-ին Մասաչուսէց նահանգը պաշտօնապէս ոգեկոչեց Եղեռնը եւ Սպիտակ Տան նախկին թեկնածու Մայքըլ Տուքաքիս խօսք առնելով ըսաւ.- «Միասին հաւաքուած ենք նշելու յիշատակը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան…»:Մասաչուսէցի Ներկայացուցիչներու տան աւելի քան 82 անդամներ, նամակ մը յղած են Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին՝ կոչ ուղղելով ճանչնալու Հայոց Եղեռնը: Նշենք թէ նամակը պատրաստած է նոյնինքն անդամ Փիթըր Գութուճեան: Նամակին մէջ կը նշուի, որ մարդկութեան դէմ իրագործուած այսպիսի ոճիրները պիտի շարունակուին, այնքան ատեն որ տակաւին արդարացիօրէն չէ ճանչցուած Հայոց Եղեռնը:
Օրուան երկրորդ բանախօսն էր դիւանագիտական եւ ուսումնական-ետազօտական զանազան աշխատանքներ ստանձնած եւ Քանատայի մօտ, Հայաստանի hանրապետութեան նախկին դեսպան Արա Պապեան, որ խօսեցաւ «Ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին՝ Հայոց պահանջատիրութեան իրաւական հիմքերը» նիւթին շուրջ:

watertown-april-24-001Արա Պապեան աւարտած է «Օքսֆորտ» համալսարանի հանրային դիւանագիտական հիմնարկը, ՆԱԹՕ-ի ռազմադիւանագիտական հիմնարկը (Հռոմ), Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ակադեմիան, Երեւանի պետական համալսարանի հայ ժողովուրդի պատմութեան ամպիոնն ու արեւելագիտութեան բաժինը: Ան նշեց, որ հայերուն եւ թուրքերուն միջեւ կնքուած են հինգ դաշնագիրներ (Սեւր, Ալեքսանդրապոլ, Մոսկուա, Կարս եւ Լոզան): Ան յայտնեց թէ ասոնց մէջ գլխաւոր դերակատարութիւն ունի Սեւրի դաշնագիրը, որով Միացեալ Նահանգներու այդ օրերու նախագահը յստակ սահմանագծումներ կը կատարէ՝ պատմական Հայաստանի շրջաններ հայկական նկատելով: Պապեան դիտել տուաւ, որ օրին՝ Սեւրի դաշնագիրի նախապատրաստական աշխատանքները իրականացած են մասնագէտներու կողմէ, այդ պատճառով ալ այսօր կարելի չէ անոր ճշգրտութիւնը կասկածի տակ առնել, ինչպէս նաեւ անիկա մշակուած ու սերտուած է միջազգային չափանիշներու համաձայն: Բանախօսը անդրադարձաւ հիմնական չորս կէտերու, որոնց ամբողջացման պարագային դաշնագիր մը կամ իրաւարարական վճիռ մը չի կորսնցներ իր ազդեցիկութիւնն ու օրինականութիւնը եւ այդ բոլորը կան Վուտրօ Ուիլսընի սահմանագծումներու իրաւարարական վճիռին մէջ: Փաստաթուղթերու, վաւերագիրներու եւ քարտէսներու վրայ հիմնուելով, Պապեան շեշտեց, թէ Ուիլսընի իրաւարարական վճիռը, ինչպէս նաեւ այդ պատճառով ամրապնդուած Սեւրի դաշնագիրը տակաւին ուժի մէջ կը մնան, սակայն միջազգային մակարդակի վրայ անոնց առաջադրումը կը սպասէ պետական մակարդակի դիմումի մը: Ան հաստատեց, որ նման փաստաթուղթեր եւ վճիռներ օրէնքի կարգ անցած կþըլլան եւ ժամանակը ոչ մէկ ձեւով անոնց իրաւացիութիւնն ու զօրութիւնը կրնայ խախտել:

Քէն  Խաչիկեան
Քէն Խաչիկեան

Պապեան մանրամասնօրէն արտայայտուեցաւ Սեւրի դաշնագիրին եւ անոր նախորդող ուսումնասիրութիւններուն մասին: Նաեւ ան նշեց թէ, այդ մասին գոյութիւն ունեցող փաստաթուղթեր եւ իրաւարարական վճիռներ գոյութիւն ունին, որ յաւիտեանս ի զօրու կը մնայ ու կը սպասէ պետական կառոյցներուն՝ զայն վերակենդանացնելու եւ միջազգային մակարդակի վրայ կրկին զայն առաջադրելով անոր գործադրութիւնը պահանջելու:

Հանդիսավար Շարիստան Արտհալճեան
Հանդիսավար Շարիստան Արտհալճեան

Պապեան իր ուսումնասիրութիւններուն եւ վերլուծումներուն ընդմէջէն հասաւ այն հաստատ եզրակացութեան, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ուիլսընի կատարած սահմանագծումներով Վանը, Էրզրումը, Պիթլիսը եւ Տրապիզոնը կը գտնուին հայկական սահմաններուն մէջ:
Վերջապէս, Պապեան լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ երկու պետութիւններու միջեւ տարակարծութիւններու կամ հարցերու գոյութեան պարագային միջազգային կառոյցները՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ապահովութեան խորհուրդ կամ Միջազգային դատական ատեան, միակն են, որոնք կրնան որոշումներ ու վճիռներ տալ՝ երրորդ չէզոք կողմ ըլլալով: Ան լուսարձակի տակ առաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի յաջորդող հանգրուանին Միացեալ Նահանգներուն դերակատարութիւնը՝ հանդէպ Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն, ինչպէս նաեւ անոնց դերակատարութիւնը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող հարցերուն մէջ վճռական որոշում տալու իմաստով: Ճէյմս Գալուստեան  ներկայացուց  զեկուցում մը, ի յիշատակ Եղեռնի զոհերուն՝  Յուշապարտէզի կառուցման     աշխատանքներուն մասին: Գեղարուեստական Յայտագրով հանդէս եկան Մարթին Յարութիւնեան եւ  Արթիւր Եղիազարեան, որոնք տուտուկի վրայ նուագեցին քանի մը կտորներ:

Ճէյմս Գալուստեան
Ճէյմս Գալուստեան

Ձեռնարկի աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Նշենք թէ, օր մը առաջ, կազմակերպուեցաւ քայլարշաւ մը, դէպի Հարվըրտի հրապարակ: Քայլարշաւին մասնակցեցան Պոսթընի բարձրագոյն ուսումնական հիմնարկներու եւ Հարվըրտի համալսարանի ուսանողներ, քաղաքամերձ շրջաններու բնակիչներ: Անոնք կը կրէին զանազան պաստառներ: Քայլարշաւին մասնակցողները տեղեկատուական թռուցիկներ կը ցրուէին անցորդներուն՝ Հայոց Եղեռնի եւ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան մասին: Հարվըրտի հրապարակին վրայ կազմակերպուած նախաձեռնութեան աւարտէն ետք, մասնակիցները վերադարձան Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցի եւ մոմեր վառեցին՝ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles