ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Հայկական իրականութեան մէջ ընդհանրապէս անտեսուած, նոյնիսկ շատ աղքատ մարզ մը եղած է արխիւագիտութիւնը, մասնագիտական հմտութեամբ արխիւային հետազօտութիւնը, որուն հիմունքով կառուցուած պատմութիւնն է ամէնէն հաւաստին, ամէնէն վաւերականը, թերեւս նաեւ` անաչառը: Հին դարերուն` պատմական իրադարձութիւնները արձանագրող մատենագիրը, այսինքն` պատմագիրը անպայման որ դերակատար դէմքերն ու դէպքերը դիտած, զանոնք գնահատած ու ներկայացուցած է ըստ իր սեփական դատումին, ըստ իր համակրանքին կամ հակակրանքին: Ահա թէ ինչու յաճախ անաչառ չի նկատուիր մատենագրային պատմագրութիւնը: Մինչ նոր ժամանակներուն, դիւանակալութեան զարգացումով կայ արխիւային պատմագրութիւնը, որ թէեւ ան ալ յաճախ կասկածելի է, բայց յարաբերաբար աւելի վստահելի կարելի է համարել:
Մեր արխիւային աղքատութիւնը հետեւանք է, կը կարծեմ, պետականազուրկ ու ջլատուած հայ կեանքին: Նախ պէտք է արխիւ ունենալ, որ արխիւագիտութիւն կայանայ եւ անոր հանդէպ որոշ հետաքրքրութիւն ստեղծուի: Արխիւ չունէինք: Թերեւս հատ ու կենտ բաներ կային ու կան Պոլսոյ պատրիարքարանին կամ Էջմիածնի կաթողիկոսարանի պահուած-մաշած թղթածրարներուն մէջ, բայց վերջին երկու-երեք հարիւրամեակի հայ կեանքին առնչուող փնտռտուքի մը համար պէտք է դիմուէր Թուրքիոյ պետական սպասարկութեանց կամ ցարական Ռուսիոյ օխրանայի պահարաններուն… Եւ այնտեղի արձանագրութիւններն ալ, Աստուած գիտէ, թէ որքա՛ն ճշգրիտ են ու ճշմարտութեան կը համապատասխանե՞ն, թէ՞ արձանագրողին գնահատանքին ու քմայքին ենթակայ եղած են: Այնքան գորշ էր հայ կեանքի երկնակամարը թէ՛ արեւելեան եւ թէ՛ արեւմտեան կողմն Հայաստան աշխարհի: Այս էր չոր ու ցաւալի իրականութիւնը:
Եւ ահա առիթ է եւ անտեղի չէ ըսել, որ Հայաստան աշխարհի այդ գորշ երկնակամարին վրայ փայլատակեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որուն ձեռնարկած գաղափարական շարժումին, յեղափոխական քուրայի մէջ տարածած ազատագրական պայքարին, ինչպէս նաեւ աւելի վերջ` սփիւռքեան երկիրներու ընդարձակութեան մէջ ծաւալած իր տիտանեան ջանքերուն պատմութիւնը, թէեւ պակասաւոր, բայց այնուամենայնիւ ունեցաւ իր սեփական արխիւը, որուն գէթ մէկ բաժինը, առաջին 30 տարիներու հատուածը (1890-1920) խորքին մէջ այդ ժամանակաշրջանի եթէ ոչ ամբողջական, բայց անպայման կը պարփակէ գէթ հիմնական ու գերակշիռ մասը հայ ազգի վերականգնումի պատմութեան:
Մարդ պարզապէս կը զարմանայ, թէ ինչպէ՛ս փրկուած է այն քիչը` Դաշնակցութեան արխիւային ներկայ հարստութիւնը: Ինչո՞ւ կ՛ըսեմ ասիկա: Կ՛ըսեմ, անոր համար, որ կուսակցութիւնը դիւանակալութիւն, պիւրոկրասի չէր ունեցած, որ քարտուղարութիւն կատարէր, որոշումները, նամակներու պատճէնները օրը-օրին թուագրէր, թղթածրարներու մէջ տեղադրէր եւ այլն: Միտքի ու զէնքի գործիչներն են, որ գրած են ինչ որ գրուած է, ստացուածները պահած են, կեդրոնացուցած ու կորուստէ փրկած: Անո՛նք են, որ միտքով, զէնքով ու կենդանի գործքով կերտած են իրենց ժամանակի պատմութիւնը, եւ գիտենք, որ պատմութիւն կերտողները այնքան ալ հոգ չեն ըներ պատմութիւնը գրելու…
Ուրեմն, այն քիչը, որ կայ Դաշնակցութեան արխիւայն պահեստանոցին մէջ, մեր պատմութիւնն է, եւ անոր ամէն մէկ կտորը, գունատած ամէն մէկ թերթիկ նշխարի մը պէս նուիրական է կուսակցութեան համար, հայութեան համար:
Այս այսպէս ըլլալով հանդերձ, շատեր կ՛անգիտանային անոնց գոյութիւնն անգամ կամ հազիւ կցկտուր տեղեկութիւններ ունէին :
Երբեմն-երբեմն անոնցմէ պատառիկներ հրատարակուած են «Դրօշակ»-ի մէջ, Սիմոն Վրացեանի խմբագրած «Վէմ» պարբերաթերթին մէջ, թերեւս նաեւ «Հայրենիք» ամսաթերթին մէջ: Այդքան:
Այդ արխիւները դասաւորելու, մէկտեղելու եւ գիրքի տեսքով հետազօտողներու սեղանին դնելու նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Հրաչ Տասնապետեանին, որուն մահը պատճառ դարձաւ, որ քանի մը հատոր միայն կարենայ հրատարակել: Բայց նախաձեռնուած երախտապարտ գործը կիսատ չմնաց, չկասեցաւ: Ընդհակառակն. այդ աշխատանքը շարունակուեցաւ գերազանց թափով, խորքային նոր բովանդակութիւն եւ մեթոտիկ շարունակականութիւն ունեցաւ ան, երբ այդ աշխատանքը ստանձնեց նախաձեռնողին գաղափարակից գործընկերը, պաշտօնակիցը` Երուանդ Փամպուքեան:
Այս երկուքը` Հրաչ Տասնապետեան եւ Երուանդ Փամպուքեան հանրային բեմի վրայ երկար ճամբայ կտրած են միասին, կուսակցական միջավայրի մէջ պատասխանատու պաշտօններ վարած են միասին, կրթական մարզին մէջ գործակցած են իրարու հետ եւ վերջապէս` իբրեւ վաւերական մտաւորականներ իրենց կարելի նպաստը բերած` հանրային կեանքին:
Բնական է, իբրեւ անջատ անհատականութիւն ու ինքնուրոյն նկարագիր կը տարբերէին իրարմէ, բայց ինչպէս առիթով մը հանգուցեալ ընկերոջ համար ըսած եմ, նոյնպէս ամենայն համոզումով պիտի ըսեմ, որ ընկ. Երուանդ Փամպուքեան իր հոգիին խորը դրոշմած է գաղափարի զինուորագրուած դաշնակցականի մտապատկերային տիպար մը` յատկանշուած գերազանց համեստութեամբ, պարկեշտութեամբ եւ նուիրուածութեամբ: Միտքին մէջ իր իսկ ուրուագծած այդ տիպարն է ինք, որ անձնական կեանքը կ՛ապրի ու հանրային գործին մէջ կ՛առաջնորդուի անոր առաքինութիւններով: Ինծի կը թուի, թէ այդ տիպարն է, որ ներշնչած ու մղած է ընկ. Երուանդ Փամպուքեանը, որ երիտասարդ
տարիքէն ու մշտատեւ հետազօտէ հայոց պատմութիւնը եւ ազգի վերականգնումին նուիրուած իր կուսակցութեան պատմութիւնը` յետին մանրամասնութիւններով: Ինծի կը թուի տակաւին, որ Դաշնակցութեան արխիւներու հետազօտութեան լծուելով` Երուանդ Փամպուքեան գտած եղաւ իր հետաքրքրութեանց հարազատ տարերքը, որուն շնորհիւ կարճ ժամանակի մէջ ունեցանք քանակով, ծաւալով ու որակով շշմեցնող արխիւային հրատարակութիւններ, որոնց կարեւոր յատկանիշը կը կազմեն նաեւ իր կողմէ տրուած յաւելեալ բացատրութիւնները, վերլուծումները, վերծանումները: Հրատարակուածներուն նորագոյնները Քրիստափորի, Նիկոլ Դումանի եւ Ռոստոմի նամակներն են` երեք անջատ հատորներու մէջ մէկտեղուած, որոնց շնորհահանդէսը կը կատարուի այսօր:
Վա՛րձքը կատար եւ արեւշատութիւն մեր երէց ընկերոջ` Երուանդ Փամպուքեանին: