ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Այս հիւանդութիւնը ժահրային կենդանախտային (zoonotic) հիւանդութիւն մըն է: Ան առաջին անգամ կապիկներու մէջ ախտաճանաչուած է 1958-ին, երբ ծաղկախտի որոշ հետազօտութիւն կը կատարուէր անոնց մէջ: Ուրեմն հիւանդութեան անուանումը եղած է ըստ այդմ: Կապիկի ծաղկախտը մարդոց մօտ առաջին անգամ ախտաճանաչուած է 1970-ին, Քոնկոյի մէջ, ուր աշխատանք կը տարուէր ոչնչացնելու ծաղկախտը (Small pox): Հետագային նման ախտաճանաչում կատարուած է Ափրիկէի կեդրոնական եւ արեւելեան երկիրներու մէջ: Անիկա տեսնուած է նաեւ Ափրիկէէն դուրս շատ մը երկիրներու մէջ` ափրիկեան երկիրներէ դուրս ճամբորդողներու միջոցով եւ կամ այդ երկիրներէն ներածուած վարակուած կապիկներու եւ մուկերու միջոցով: 2003-ին 47 պարագաներ տեսնուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ, 2018-ին 3 պարագաներ` Անգլիոյ մէջ եւ մէկ պարագայ` Իսրայէլի մէջ:
Կապիկի ծաղկախտի յարուցիչը ժահր մըն է, որ ծաղկախտի ժահրի մէկ տարբերակն է: Այս ժահրին պահեստանոցը (reservoir) նկատուած է կապիկը եւ ափրիկեան մուկը:
Կապիկի ծաղկախտի ախտանշանները կը նմանին ծաղկախտի ախտանշաններուն, սակայն անոր յատկանշական ախտանշանը աւշագեղձերու ծաւալումն է, որ ծաղկախտի պարագային տեղի չ՛ունենար: Աւշագեղձերու ծաւալումը կը պատահի մարմնի զանազան բաժիններուն վրայ, յատկապէս` վիզի եւ աճուկի: Անոր թխսաւորումը (incuparion period) կը տեւէ 5-21 օր, այսինքն ախտանշանները կը սկսին վարակումէն 5-21 օր ետք:
Վարակումէն ետք հիւանդութիւնը կ՛ունենայ երկու փուլ: Առաջին փուլը կը սկսի ջերմով, գլխացաւով, մկանային ցաւով եւ յոգնածութեամբ: Երկրորդ փուլը կը սկսի ջերմի յայտնութենէն 3-5 օր ետք: Տեղի կ՛ունենայ մորթային տարածուն ցան, որ յատկանշական է իր հեղուկային բշտիկներով: Այս բշտիկները կը թարախոտին եւ ետքը կամաց-կամաց կը սպիանան ու կը չորնան: Բշտիկները կրնան ըլլալ քանի մը հատ եւ կամ հազարներով` մարմնի զանազան մասերուն վրայ: Անոնք կրնան տեսնուիլ բերնին եւ քիթին մէջ, ինչպէս նաեւ` սեռային արտաքին օրկաններուն վրայ:
Ծաղկախտի պատուաստ ստացողներ աւելի նուազ ուժգնութեամբ ախտանշաններ կ՛ունենան, քան` պատուաստ չառնողները:
Ամբողջ հիւանդութիւնը կը տեւէ 2-4 շաբաթ: Կապիկի ծաղկախտը ծաղկախտէն աւելի մեղմ ընթացք կ՛ունենայ, սակայն անիկա կրնայ մահացու դառնալ իր բարդութիւններուն իբրեւ հետեւանք:
Մարդ արարածը կը վարակուի այս հիւանդութեամբ հետեւեալ ձեւերով.
Առաջին` վարակուած կապիկին կամ մուկին լորձունքի մէջ գտնուող ժահրը առողջ մարդուն կը փոխանցուի, երբ անոնք խածնեն զայն եւ կամ վնասեն ճանկելով:
Երկրորդ` վարակուած մարդու մը շնչառական օդակաթիլները առողջ մարդուն մարմնէն ներս կը մտնեն անոր քիթի, բերնի եւ կամ աչքի խլնաթաղանթէն:
Երրորդ` երբ առողջ անձ մը կը դպնայ վարակուած անձին լորձունքին, խլնահեղուկին, մորթի վէրքերուն եւ անոր գործածած անկողինին ու բարձին:
Չորրորդ` երբ առողջ անձ մը սեռական յարաբերութիւն ունենայ վարակուած անձի մը հետ: Սեռական յարաբերութեամբ վարակուած անհատին սեռական օրկաններու վրայ գտնուած վէրքերուն ժահրը կը ներխուժէ առողջ անձին սեռական օրկաններու խլնաթաղանթէն եւ կը յառաջացնէ վարակում:
Մինչեւ օրս յստակ չէ, թէ փոխանցումը տեղի կ՛ունենայ վարակուած անձին սերմնահեղուկի՞ն, թէ՞ հեշտոցային խլնահեղուկին միջոցով:
Վարակուած յղի կին մը կրնայ վարակել իր նորածինը` ծննդաբերութեան ընթացքին իր հեշտոցին վրայ գտնուած վէրքերուն միջոցով:
Վարակուած յղի կին մը կրնայ վարակել իր սաղմը փառի միջոցով:
Նորածին մը կրնայ վարակուիլ իր վարակուած մօրմէն` պարզապէս դպնալով մօրը ունեցած մորթային վէրքերուն:
Երեխաները աւելի հակամէտ են վարակուելու այս հիւանդութեամբ:
Վարակուած անհատը կրնայ վարակել առողջ անհատ մը` իր վարակումէն մինչեւ չորրորդ շաբթուան վերջը:
Կապիկի ծաղկախտի ախտաճանաչումը կը կատարուի տեսնելով ծաւալած աւշագեղձերը եւ մորթային բշտիկներու հեղուկին յատուկ քննութեամբ, որով կը փաստուի յարուցիչ ժահրի գոյութիւնը:
Ինչպէս յիշուեցաւ, նախապէս կրնան պատահիլ որոշ բարդութիւններ` հիւանդութեան զարգացումի ընթացքին: Այս բարդութիւններէն են` թոքատապ, մորթային երկրորդական մանրէական բորբոքում, աչքի բորբոքում եւ ուղեղատապ:
Այս հիւանդութիւնը յատուկ դարմանամիջոց չունի: Կարգ մը երկիրներու մէջ կը գործածուի ծաղկախտի պատուաստը: Վերջին տարիներուն պատրաստուած է ծաղկախտի դէմ նոր պատուաստ մը, որ Jynneos կը կոչուի եւ կը գործածուի որպէս դարմանամիջոց:
Բարդութիւնները կը դարմանուին յատուկ դեղերով եւ ըստ անոնց տարողութեան:
Կարելի՞ է կանխարգիլել այս հիւանդութիւնը: Այո՛, կարելի է, պարզապէս`
1.- Չայցելել այն երկիրները, ուր այս հիւանդութիւնը գոյութիւն ունի տեղաճարակայի-մնայուն (endemic) ձեւով,
2.- Հեռու մնալով կապիկներէ եւ մուկերէ,
3.- Չդպնալով կասկածելի կապիկներու եւ մուկերու,
4.- Չդպնալով կասկածելի եւ մանաւանդ վարակուած անձերու, եւ չգործածել անոնց անկողինն կամ բարձը,
5.- Վարակուած անձի մը հետ սեռական յարաբերութիւն չունենալով,
6.- Շատ լաւ եփելով միսը ուտելէ առաջ,
7.- Վարակուած անձին վէրքերուն դպնալ միայն յատուկ ձեռնոցներ գործածելով:
Ներկայիս կապիկի ծաղկախտը համաճարակի չէ վերածուած:
Ըստ Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութեան (WHO), մինչեւ այս տարուան յունիս ամիսը Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու եւ հարաւամերիկեան երկիրներու մէջ (28 երկիրներ) ախտաճանաչուած են 1285 պարագաներ: Ախտաճանաչուած պարագաները առաւելաբար եղած են Փորթուգալի, Անգլիոյ, Քանատայի, Գերմանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Իտալիոյ եւ Պելճիքայի մէջ: Ափրիկեան 8 երկիրներու մէջ ախտաճանաչուած են 59 պարագաներ, տեսնուած են 1536 կասկածելի պարագաներ եւ պատահած են 72 մահեր:
Ըստ Քանատայի պետական առողջապահական վիճակագրութիւններուն, մինչեւ օրս ախտաճանաչուած են 278 պարագաներ, որոնց 211-ը պատահած է Քեպեք նահանգին մէջ: Մայիս 27-էն ի վեր գործածուած են 8101 Imvamune պատուաստներ:
Մոնրէալ, 28 Յունիս 2022