Անցեալ շաբաթ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը հրապարակեց իր պաշտօնական՝ Միշիկըն այցի մասին, որուն մասին տեղեակ չէ պահուած ողջ համայնքը։ Փոխարէնը, մենք տեղեկացանք Սինանեանի՝ Միշիկընի հասարակութեան հետ կապ հաստատելու ջանքերու մասին մեր նահանգի ընկերային ցանցերում տարբեր գրառումներու եւ Սինանեանի գրասենեակի կողմէ հրապարակուած մամուլի հաղորդագրութիւններու միջոցով: Այդ մամուլի հաղորդագրութիւնները կեղծ կերպով կը նշէին, որ ան հանդիպած է «Մեծն Տիթրոյթի տարածքէն ներս գտնուող տարբեր հայկական եկեղեցիներու, կրթական եւ մշակութային կազմակերպութիւններու համայնքի ղեկավարներու հետ»։ Փաստօրէն, Սինանեանի պաշտօնական գրասենեակի մամուլի յայտարարութիւնները չեն արտացոլէր իրականութիւնը, թէ իրականին մէջ ինչ է տեղի ունեցած Միշիկըն նահանգին մէջ։
Մենք հզօր համայնք ենք՝ բազմաթիւ կազմակերպութիւններով եւ չորս հայկական եկեղեցիներով: Այնուամենանիւ, Միշիկըն կատարած այցի ընթացքին, Սինանեանը միայն մէկ եկեղեցի է այցելած է, ուր հանդիպած է համայնքի քանի մը անդամներու հետ: Սինանեանի գրասենեակէն ոչ մէկ պաշտօնական յայտարարութիւն կամ հանդիպման պաշտօնական հրաւէր չի ուղղարկուած Միշիկընի միւս երեք այլ հայկական եկեղեցիներուն եւ համայնքային կազմակերպութիւններուն:
Ամօթալի է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը Սինանեանի պաշտօնական գրասենեակի միջոցով կեղծած է յանձնակատարին Միշիկըն կատարած այցի ճշմարտութիւնը։ Հասկնալի է, որ Սինանեանի այցի վերը նշուած ձեւով վարուելու պատճառը այն է որ ան կը փորձէ Միշիկընի հայ համայնքի այցելութիւնը ներկայացնել բնական եւ ամէնայն մեծ խանդավառութեամբ։ Սինանեանը գործած է գաղտնի՝ շրջանի համայնքը մեկուսացնելու եւ պառակտելու ձախողած ջանքերով՝ հետեւելով Փաշինեանի գործելաձեւի եւ անոր պառակտիչ ռազմավարութեան ու քաղաքականութեան։ Հայկական Սփիւռքը հայ ազգի էական սիւնն է. Մենք թոյլ չենք տար որեւէ մէկին, յատկապէս Փաշինեանի որեւէ ներկայացուցչին, ներխուժել մեր համայնքը եւ փորձել պառակտել մեր միասնութիւնը:
Հակառակ Սինանեանի գրասենեակի մամուլի հաղորդագրութիւններու ներկայացուած պատկերին, յանձնակատարը չէ կարողացած առաջ տանիլ Նիկոլ Փաշինեանի օրակարգը Միշիկընի մէջ եւ իր դաւաճանական օրակարգի համար կողմնակիցներ ձեռք բերել, օրակարգ մը որ կը մտահոգէ Արցախը, կարգաւորելով յարաբերութիւնները Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ՝ ի հաշիւ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան եւ ինքնիշխանութեան եւ վտանգի տակ կը դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու լիակատար արդարութեան համար մղուող պայքարը։
Սինանեանը չի ներկայացնէր հայկական սփիւռքը եւ, անշուշտ, չի ներկայացնէր Միշիկընի հայկական համայնքը.-
Սուրբ Սարգիս Հայոց առաքելական եկեղեցի
Սուրբ Վարդան կաթողիկէ եկեղեցի
Հ․Յ․Դ․ «Ազատամարտ» Կոմիտէութիւն
Տիթրոյթի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան և Պատանեկան Մասնաճիւղեր
Հ․Օ․Մ․-ի Միջին Խորհուրդ «Ցոլիկ», «Մարօ», «Շաքէ», «Սիպիլ» եւ «Զապէլ» մասնաճիւղեր
Տիթրոյթի «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն
Հ.Մ.Ը.Մ․ Տիթրոյթ
Արցախի բարեկամներ
Յունիս 15, 2022