Շաբաթ Յունիս 18-ին, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին եւ կազմակերպութեամբ Փասատինայի «Լեռնավայր» Կոմիտէին, տեղի ունեցաւ յատուկ խորհրդաժողով, Հ․Յ․Դ․ ծրագրի եւ գաղափարախօսութեան զոյգ նիւթերու շուրջ:
Օրուան Դասախօսներն էին՝ Խաժակ Մկրտիչեան (Հ․Յ․Դ․ Բիւրօ), Սեդօ Պօյաճեան, Վաչէ Բրուտեան, Միգանուշ Մելքոնեան եւ Նայիրի Տէրտէրեան (Հ․Օ․Մ․):
Նաեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Արեւելեան շրջանէն ժամանած Բիւրոյի նախկին անդամ, հրապարակագիր եւ վաստակաւոր գործիչ՝ Կարօ Արմէնեան, որ իր կարգին անդրադարձաւ այս իւրայատուկ հաւաքին անհրաժեշտութեան մասին, քաջալերեց որ այսպիսի ձեռնարկներ միշտ կազմակերպուին: Խօսքի աւարտին ան նաեւ անդրադարձաւ Հայրենիքի մէջ այս օրերուն «Զարթի՛ր Լաօ» շարժման,եւ ըսաւ թէ անպայման պիտի հասնինք մեր համընդհանուր նպատակներուն եւ տեսնենք նորաբաց արշալոյսը մեր բոլորի զօրակցութեամբ եւ աջակցութեամբ:
Նշենք, թէ տեղւոյն Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտէէն պատուիրակութիւն մը, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ՝ Խաժակ Մկրտիչեանի հետ այցելեց Ազգային Առաջնորդարան։ Տեղի ունեցաւ տեսակցութիւն Սրբազան Առաջնորդ Թորգոմ Տօնոյեանի հետ։ Տեղի ունեցան հանդիպումներ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ «Շանթ» Ուսանողական Միութեան անդամներուն, նաեւ «Համազգային»-ի եւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Շրջանային Վարչութիւններուն հետ։