Լուսանկար՝ ՊԵՏՕ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆի
Երկու տարի առաջուայ «Միջերկրականեան» նաւապտոյտի յաջողութենէն քաջալերուած, Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը կազմակերպեց դէպի պալթեան երկիրներ Եւրոպական երկրորդ նաւապտոյտ մը, որ կը զուգադիպէր միութեան Հարիւրամեակին:
22 Օգոստոսէն 3 Սեպտեմբեր, 2010 տեւած նաւապտոյտը սկսաւ Ամսթերտամէն, ուր 20 երկիրներէ ժամանած 360 Հ.Օ.Մ.ականներ ու համակիրներ, ներառեալ Կեդր. Վարչութեան ներկայ թէ անցեալ կազմերու անդամներ՝ իրենց կողակիցներով, իրար գտան «Սելեպրիթի Քոնսթըլէյշըն» զբօսանաւուն վրայ, որ իր շքեղութեամբ ու մեծութեամբ կը տիրապետէր շրջապատին:
Նաւապտոյտի առաջին հանգրուանը Գերմանիոյ Վանըմիւնտը նաւահանգիստն էր, ուրկէ կարելի եղաւ այցելել Պերլին ու Ռոսթոք քաղաքները, օգտուելով նաւային ընկերութեան կազմակերպած շրջապտոյտէն:
Յաջորդ հանգրուանը Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմը եղաւ, ուր ճամբորդներուն կը սպասէին Հ.Օ.Մ.ի տեղւոյն վարչութիւնն ու ընկերուհիները. անոնք նաւապտոյտի ճամբորդներուն համար կազմակերպած էին պատշաճ ընդունելութիւն, պտոյտներ դէպի տեսարժան վայրեր, այցելութիւն թագաւորական պալատ եւ կէսօրուան ճաշ, որուն մասնակցեցան համայնքի որոշ թիւով ազգայիններ ու հոգեւոր հովիւ Տէր Դանիէլ վարդապետը:
Սթոքհոլմէն ետք նաւը կանգ առաւ Ֆինլանտայի մայրաքաղաք Հելսինքի եւ օր մը հոն կենալէ ետք հասաւ Ռուսաստանի հիւսիսային մայրաքաղաք Սէյնթ Փիթըրսպուրկ՝ նաւապտոյտի գագաթնակէտը:
Մեծն Պետրոսի հիմնած պալատանիստ այս շքեղ քաղաքին մէջ խումբը մնաց երկու օր, առիթը ունենալով վայելելու, ի միջի այլոց՝ Չայքովսքիի «Կարապի լիճը», քաղաքի պալէի թատրոնին մէջ:
Յաջորդ հանգրուանը եղաւ Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալինը, ապա Դանիոյ մայրաքաղաք Քոփընհակընը եւ վերադարձ Ամսթերտամ, ուրկէ նաւապտոյտի մասնակիցները վերադարձան իրենց երկիրները:
Նաւապտոյտի հայկական դիմագիծը շեշտելու համար, Հ.Օ.Մ.ին կողմէ խումբին համար կազմակերպուած էին Հ.Օ.Մ.ի Հարիւրամեակի տօնակատարութիւն, հայկական խրախճանքպարահանդէսներ ինչպէս նաեւ ազգային երգերու երեկոյ: Տարբեր շրջաններէ ժամանած Հ.Օ.Մ.ի անդամներ հաւաք մը ունեցան նաւուն վրայ, որուն ընթացքին արծարծուեցան Հ.Օ.Մ.ի Հարիւրամեակի եզրափակիչ ձեռնարկները Հայաստանի մէջ:
Հ.Օ.Մ.ի Հարիւրամեակը նաւուն վրայ նշուեցաւ պատշաճ հանդիսաւորութեամբ: Ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Շաքէ Պասմաճեանը, ցուցադրուեցաւ Հ.Օ.Մ.ի մասին տեսաներիզ մը ապա Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը փոխանցեց անոր անդամներէն Մայտա Մելքոնեանը, իսկ ներկաներուն հետ իր տպաւորութիւնները կիսեց վերջերս Արարատի գագաթը բարձրացած Ռուբինա Մանուչարեանը: Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաւապտոյտի մասնակիցներ՝ դաշնակի նուագածութեամբ, ասմունքով ու մենախօսութեամբ: Նաւապտոյտին մասնակից հայրենի տաղանդաւոր երգչուհի Սուզան Մարգարեանը իր մեկնաբանած երգերով հրապուրեց ներկաները:
Հ.Օ.Մ.ի Հարիւրամեակին նուիրուած պարահանդէսին ընթացքին, հարիւրամեակի կարկանդակի հատումէն ետք ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտին մէջ եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
«Հ.Օ.Մ.ի երկրորդ նաւապտոյտի աննախընթաց այս յաջողութեան առիթով առաջին կարգին շնորհակալութիւն կ’ուզեմ յայտնել Հ.Օ.Մ.ի բոլոր միաւորներուն ու վարչութիւններուն, որոնց ճիգերուն շնորհիւ է որ քսան տարբեր երկիրներէ մասնակիցներ ունեցանք մեր նաւապտոյտին», յայտնեց Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ նաւապտոյտի պատասխանատու Շաքէ Պասմաճեանը: »Շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր մասնակիցներուն, որոնք հաճելին կը միացնեն ազգանպաստին: Նաւապտոյտէն ստացուած հասոյթը պիտի ծառայէ Հ.Օ.Մ.ի արտերկրի թէ հայրենիքի բոլոր տարածքներուն մէջ տարած աշխատանքներուն«, եզրակացուց ան, խոստանալով հանդիպիլ Հ.Օ.Մ.ի յաջորդ նաւապտոյտին: