Հանրահաւաքներն Ու Քայլերթները Կը Շարունակուին

0 0
Read Time:2 Minute, 23 Second

ԵՐԵՒԱՆ.- Գրեթէ շաբաթէ մը ի վեր, օրական դրութեամբ եւ շատ աւելի հոծ ներկայութեամբ «Դիմադրութիւն» շարժումը կը շարունակէ հանրահաւաքներն ու քայլերթները։
Հ․Յ․Դ․ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ եւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան, շեշտեց, որ մայրաքաղաքին մէջ պայքարի լծուածներուն միացած են նաեւ մարզերէն ժամանած հայորդիներ: Ան խորհրդանշական համարեց նաեւ 44-օրեայ պատերազմին մասնակցած, վիրաւորուելով՝ հաշմանդամ դարձած երիտասարդներուն միանալը բողոքի ցոյցերուն, որոնց միացան նաեւ տարբեր համալսարաններու ուսանողներ։ Ըստ անոր՝ Երեւանի պետական համալսարանի լսարաններուն իննիսուն առ հարիւրը դատարկ է։
Յառաջիկայի պատկերացումներուն մասին խօսելով՝ Սաղաթէլեան յայտնեց. «Նիկոլին հեռացնելուց յետոյ ձեւաւորուելու է ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն: Այդ կառավարութիւնը լինելու է ժամանակաւոր` դա չի լինելու որեւէ կուսակցութեան, որեւէ անհատի կառավարութիւն, դա չի լինելու դաշնակցական, հանրապետական, քոչարեանական կամ որեւէ մէկի կառավարութիւնը, դա լինելու է հայ ժողովրդի կարող ուժերից բաղկացած ազգային կառավարութիւն»։
Վրաններ տեղադրուած են եւ ցուցարարները կը գիշերեն հրապարակին վրայ։ Բազմիցս շարք մը կեդրոնական փողոցներ եւ խաչմերուկներ կը փակուին։
Ոստիկանութիւնն ալ հետեւողական ձեւով բերման կ՛ենթարկէ ցուցարարները։
Մայիս 4-ի Ազգային ժողովի հետ հարց-պատասխանի ժամանակ, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ «Հայաստան» խնբացութեան պատագամաոր Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, որ հաւաքուած ժողովուրդը կը պահանջէ, որ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացնէ իր հրաժարականը։
Ան կարդաց այդ պահանջը․-
«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող Նիկոլ Փաշինեանը, տապալելով Արցախեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացում հայկական շահերը պաշտպանելու գործը, բերել է պատերազմ ու պարտութիւն:
Խոստովանել է, որ կարող էր կանխել պատերազմն ու խուսափել հազարաւոր զոհերից, բայց չի արել:
2021 թ.Յունիսին խոստացել է 1-2 ամիս անց վերադարձնել գերիներին, բայց մինչ օրս գերիներ ունենք:
Իր նախընտրական ծրագրով խոստացել է, որ վարելու է Արցախի վերջնական կարգավիճակի յստակացման քաղաքականութիւն ինքնորոշման իրաւունքի լիարժէք իրացման միջոցով: Պնդել է, որ Արցախի ժողովուրդը չի կարող գոյատեւել Ատրպէյճանի ենթակայութեան ներքոյ, առաջնահերթ է համարում Արցախի տարածքների գրաւումը, սակայն փաստացի իրականացնում է Ղարաբաղն Ատրպէյճան է եւ վերջ քարոզն ու պաշտպանում Արցախի կարգավիճակի նշաձողի իջեցման` այն է Արցախն Ատրպէյճանի մաս ճանաչելու թուրք-ատրպէյճանական տեսակէտը:

Խոստացել է տնտեսական թռիչքաձեւ աճ, բայց աճում են պետական պարտքը, աղքատութիւնը, գները եւ մահերը:
Չի կատարել բազմաթիւ խոստումներ, որոնցից վերջինը ողբերգական աւարտ ունեցաւ:
Կարմիր լոյսի տակ իր ինքնաշարժներու շարասիւնը կանգնեցնելն ու հետիոտներին զիջելը որպէս ձեռքբերում ներկայացնող Փաշինեանի շարասիւնը սպաննեց կնոջը եւ իր դեռ չծնուած երեխային:
Նիկոլ Փաշինեանը լեգիտիմ (իրաւահարազատ, խմբ․) չէ, չունի մեր պետութիւնը նոր զիջումների տանելու մանդատ (յանձնարարութիւն, խմբ․) ու պէտք է հրաժարական տայ»:
Ռուստամեան շարունակելով, եզրակացուց․- «Այս հարցերից ցանկացածի առկայութիւնը փաստելու պարագայում իրեն յարգող ցանկացած երկրի վարչապետ հրաժարական կը տար: Հիմա պատասխան կա՞յ այս պահանջին, թէ՞ ոչ»։
Միւս կողմէն, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ բանագնացներ՝ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սերտար Քըլըչ Վիեննայի մէջ ունեցած իրենց երրորդ հանդիպումին վերահաստատեցին յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման հասնելու նպատակը:
Հանդիպումէն ետք, յայտարարութիւն մը հրապարակեցին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնները։
Ինչպէս նախորդ հանդիպումներուն, այս անգամ եւս բանակցութիւններու օրակարգին մասին մանրամասնութիւնները յայտնի չեն, սակայն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նախորդ օրերուն նշեց, որ պիտի քննարկուին յառաջիկային ձեռնարկուելիք տարբեր քայլեր: Ան դիտել տուաւ, որ պիտի շօշափուի երկու երկիրներու սահմանները որոշելու հարցը, որուն իբրեւ պատասխան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ օրակարգին վրայ նման բան չկայ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles