ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Մայիս 2-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցելութեամբ, ժամանեց Միացեալ Նահանգներ եւ տեսակցութիւններ ունեցաւ։
Հ․Հ․ դեսպանատան մէջ, կատարուած հիւրասիրութեան ընթացքին, «Դիմադրութիւն» շարժումի երիտասարդ անդամներ խորհրդանշական թրքական դրօշ մը եւ սեւ վարդեր իբրեւ նուէր առաքեցին Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարին։
Առաջին հերթին, Միրզոյեան տեսակցեցաւ Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) կառավարիչ Սամանթա Փաուըրի հետ:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ համագործակցութեան ծիրին մէջ, իրականացուող ծրագիրներուն, որոնք պիտի նպաստեն երկրին մէջ ժողովրդավարական զարգացումը, տնտեսական աճի եւ ուժանիւթի անվտանգութեան ամրապնդման, ընկերային ոլորտներու մէջ բարեփոխումներու իրականացումը:
Քննարկուեցան նաեւ համագործակցութեան ընդլայնման եւ համատեղ նոր ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւնները:
Միրզոյեան շեշտեց Միջազգային զարգացման գործակալութեան աջակցութիւնը շարք մը ոլորտներու մէջ, մասնաւորապէս՝ փտածութեան դէմ պայքարի, արդարադատութեան եւ ոստիկանութեան բնագաւառներուն մէջ Հայաստանի կառավարութեան բարեփոխումներու նախաձեռնութիւններուն: Նախարար Միրզոյեան Փաուըրին ներկայացուց 44-օրեայ պատերազմին պատճառով յառաջացած մարդասիրական հարցերը:
Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներու վրայ հիմնուած հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման համար:
Միրզոյեան նաեւ տեսակցութիւն ունեցաւ իր պաշտօնակից պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Ստորագրուեցաւ յատուկ համաձայնութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի միջուկային անվտանգութեան բնագաւառէն ներս համագործակցութիւն եւ տեղեկութիւններու փոխանակում։
Քննարկուեցան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները: Միրզոյեան կարեւոր նկատեց Միացեալ Նահանգներու հետ առեւտրատնտեսական կապերու խորացումը եւ ընդգծեց, որ նկատելի կարելիութիւններ կան նաեւ բարձր եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, ուժանիւթի, դրամատնային, քաղաքացիական օդային, կանաչ տնտեսութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ հայ-ամերիկեան փոխգործակցութեան ընդլայնման:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու տեղակալ Վիքթորիա Նուլընտի հետ հանդիպումին ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան տարածաշրջանային ապահովութեան եւ կայունութեան հարցերու շուրջ: Քննարկուեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ Սոչիի եւ Պրիւքսէլի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքը: