ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՀԱՆՐԱԾԱՆՕԹ ԴԵՐԱՍԱՆ ՏԸՓԱՐՏԻԷՕ ԱՅՑԵԼԵՑ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ

0 0
Read Time:2 Minute, 55 Second

Հանրածանօթ ֆրանսացի դերասան Ժեռար Տըփարտիէօ, որ վերջերս ժամանած էր Երեւան, մասնակցելու համար Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահի հովանաւորութեան տակ գործող »Կարօտ« փառատօնին, այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը: Ան, այս առթիւ յայտնեց.

»Ես այսօր այցելեցի Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձան« եւ այն ինձ վրայ թողեց շատ մեծ տպաւորութիւն: Գիտեմ ինչ կը նշանակէ Ցեղասպանութիւնը« որ տեղի ունեցաւ 1915ին: Կը ճանչնամ, Ֆրանսայի մէջ բնակող արդէն իսկ չորրորդ սերունդի պատկանող հայեր: Այդ չորրորդ սերունդը կը խօսի ե’ւ այն լեզուով« որ իրն է« ե’ւ այն երկրի լեզուով« որ իրեն ընդունած է: Ես գիտեմ այսօր« որ Ֆրանսայի մէջ բնակող հայերու երիտասարդ սերունդին մէջ կան մարդիկ« որոնք շատ կը փափաքին վերագտնել իրենց հարազատ երկիրը՝ Հայաստանը: Մէկ բան զիս կը զարմացնէ: Անոնք երբեք չեն մոռցած ո’չ իրենց աւանդոյթները« ո°չ լեզուն, հաւանաբար, որովհետեւ անոնք միշտ կը մնան իրենց նախնիներու ստուերներուն տակ: Կը կարծեմ« որ Թուրքիոյ կողմէ, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը արդէն սկսած է: Այստեղ չեմ ցանկար քաղաքականութեան շուրջ խօսիլ« բայց գիտեմ« որ կան երկիրներ« որ այդ հարցը բարձրացուցած են Թուրքիոյ առջեւ«:  

»Կարօտ 2010«ի մրցանակը Տըփարտիէոյին յանձնուեցաւ Սեպտեմբեր 4ին, յատուկ ձեռնարկի մը ընթացքին:

Մրցանակը դերասանին յանձնեց Ազգային Ժողովի խօսնակ Յովիկ Աբրահամեանը: »Ժեռարի հետ շփման ընթացքին ես համոզուեցայ, որ ան հայկական արմատներ ունի: Ես դեռ չեմ իմացած« թէ իր նախնիներէն ո՞վ է հայը« բայց ես համոզուած եմ« որ այդպէս է«« ըսաւ Աբրահամեան, մրցանակը յանձնելու ժամանակ: Այս առթիւ, երգչուհի Ֆլոր Մարտիրոսեան երգեց »Տըլէ եաման«ը, որ խոր տպաւորութիւն ձգեց դերասանին վրայ:

»Այս փառատօնը իւրայատուկ է, ուր կը պատուըւին ոչ միայն դերասաններ« այլ նաեւ մարզական աշխարհի« գիտութեան« կրթութեան եւ այլ ոլորտներու ներկայացուցիչները« որու համար իմ հիացմունքը կը յայտնեմ կազմակերպիչներուն: …Իսկապէս« որ իմ երակներուս մէջ հայկական բան մը կը հոսի«« ըսաւ Տըփարտիէօ որ աւելցուց թէ »Կարօտ«ի յաջորդ փառատօնը կարելի է կազմակերպել Փարիզի մէջ: Այս գծով, ան որոշած է խօսիլ »Սեզար« մրցանակի (Ֆրանսական շարժապատկերի աշխարհի օսքարները) նախագահ Ալէն Թերզեանի հետ: Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցիլ նման ծրագրերուն« քանի որ այդպիսի փառատօնները հնարաւորութիւն կուտան ծանօթանալու երկրին« մշակոյթին: Այս կապակցութեամբ Ազգային Ժողովի նախագահը վերստին կարեւորեց »Կարօտ« փառատօնի դերը« որը շատ մեծ ու ողջունելի աշխատանք կը կատարէ:

Տըփարտիէօ, ութսունականներուն, տարեկան դրութեամբ դեր կը ստանձնէր տասէն աւելի ժապաւէններու մէջ: Վերջին տարիներուն, առողջապահական պատճառներով, ան միայն երկրորդական դերեր կը ստանձնէ եւ ոչ հետեւողական դրութեամբ:

Հանրածանօթ գրագէտ Մարսէլ Փանիոլի »Ժան Տը Ֆլօրէթ« ժապաւէնին մէջ փայլած, ան նաեւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելեց Հոլիվուտի մէջ, դեր ստանձնելով Փիթըր Ուէյրի բեմադրած »Կրինքարտ« ժապաւէնին մէջ:

Միւս կողմէ, նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ ընդունեց ֆրանսացի աշխարհահռչակ դերասանը: Ողջունելով անուանի հիւրը՝ հանրապետութեան ղեկավարը երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր այն մարդոց« որոնք կ’օժանդակեն հայկական մշակոյթի զարգացման: Իսկ Տըփարտիէոյի մասնակցութիւնը մեր մշակութային միջոցառումներուն« նախագահի խօսքով« ինքնին մեծ օժանդակութիւն է հայկական մշակոյթին: Ընդհանրապէս« հայերս շատ յուզական ժողովուրդ ենք« մեզ համարում ենք մշակութասէր ժողովուրդ եւ համարում ենք« որ մեր ազգային ինքնութեան հիմքը մշակոյթն է: Այդ հիմքէն« արմատներէն մենք մշտապէս ազդակներ ենք ստանում եւ այդ ազդակներով կարողանում ենք ապահովել մեր յարատեւութիւնը««ըսաւ նախագահ Սարգսեանը« ընդգծելով« թէ Հայաստանի մէջ շատ քիչ մարդիկ կան« որ չեն ճանչնար աշխարհահռչակ դերասանը:

»Ես նոյնպէս շատ հպարտ եմ ու շնորհակալ« որ հոս կը գտնուիմ՝ Հայաստան: Այստեղ ես ինձ ուղղակի հայ կը զգամ: Տարիներու ընթացքին կրցած եմ ճանչնալ Ֆրանսայի մէջ ապրող բազմաթիւ հա յեր« որոնք 1915 թուականի ցեղասպանութենէն յետոյ իրենց մշակոյթի եւ գոյատեւման ունակութեան շնորհիւ« կարողացան ապրիլ եւ վերակառուցել իրենց կեանքը: Ես կը ճանչնամ ֆրանսահայ համայնքի բոլոր զաւակները: Անոնք բեմադրիչներ են« ինչպէս Հանրի Վերնէօյը« անոնք նկարիչներ են« ինչպէս Ժանսեմը« երգիչներ« յօրինողներ« ինչպէս Շառլ Ազնաւուրը: Այդ իսկ պատճառով« սիրով պատասխանեցի Հայկական մշակոյթի զարգացման հիմնադրամի հրաւէրին՝ տեսնելով նաեւ ձեր երկրի պատկերները: Այս երկիրը ունի խոր աւանդոյթներ եւ այսպիսի հետաքրքիր աշխարհագրութիւն: Այս կը նշանակէ« որ հայ մարդու բնոյթը մեծահոգի եւ հարուստ է«, եզրակացուց Տըփարտիէօ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles