ԴՐՕՇԱՊԱՏՈՒՄ …

0 0
Read Time:1 Minute, 23 Second

Առհասարակ մարդկանց պատմութիւնը եւ յատկապէս Հայոց Պատմութիւնը կը վկայէ թէ, ժողովուրդներու իրաւունքները չեն նուիրուիր ու ձօնուիր, այլ կը վաստակուին ճակտի քրտինքով, արեան գինով, շարունակ պայքարելով, մերթ վիթխարի անելներու դէմ, մերթ լարուած ահաւոր թակարդներու դէմ:

Այս բոլորը կը կատարուի երբ ազգ մը ըմբռնած է հայրենիքի լիիրաւ արժէքն ու նշանակութիւնը: Սոյն բովէն ծայր առած պայքարն է որ կ’իմաստաւորէ ազգային ինքնագիտակցութիւնը: Նմանօրինակ կացութիւն ինքնաբերաբար կ’երաշխաւորէ ազգի գոյութիւնը:

Ազգը, վեհ ու վսեմ արժէք ունի: Գերմարդկային արժէք մը, որուն համար առաջնահերթութիւն է ազգային ինքնագիտակցութիւնը: Հետեւաբար ազգի կենսագործունէութեան երաշխաւորման սրբազան արարքն ու գերագոյն նպատակն է հայրենիքի պաշտպանութիւնը: Այս դիտանկիւնով դիտուած, երկրի մը դրօշը կը մարմնացնէ ազատ եւ անկախ հայրենիքի ինքնագիտակցութեան հարազատ թարգմանը:

Դրօշը տեսողական բնոյթ ունեցող ազգային պատկանելութիւն մըն է…հպարտանք մը, որուն մասին կարելի չէ աժան եւ անտեղի մեկնաբանութիւններ կատարել: Սակայն, ըստ երեւոյթին, Պաքուի մէջ տարբեր է մօտեցումը՝ դրօշին եւ անոր ետին գտնուող ու ծածանող իմաստին:

Արդարեւ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, «Պետական Դրօշ»ի հրապարակի բացման արարողութեան ընթացքին, վերջերս յայտարարած է թէ. «Ատրպէյճանի դրօշը մեր հպարտութիւնն ու ոգին է: Անիկա պիտի ծածանի Ղարաբաղի« Խանքենտիի (Ստեփանակերտ) եւ Շուշիի վրայ…» եւ այդ առթիւ, գրեթէ վեց հեքթար տարածութեամբ, վիթխարի դրօշ մը տեղադրած էր:

Պատահածը պարզապէս կերպասային ցուցադրութիւն էր, հեռու ազգային ինքնագիտակցութեան, ազգաճանաչման եւ պայքարի բնագաւառէն:

Դրօշին իսկական իմաստին մասին քաջատեղեակ է Արցախի ազատագրման համար պայքարած հայորդին: Անոր համար յարատեւութեան ու զարգացման ճամբուն վրայ, ի գին հայրենիքի ինքնագիտակցութեան կողքին, ազգային հպարտութիւնն ու ծառայութիւնը, նախադրեալներ են, որոնք կ’երաշխաւորեն ու կ’ամրապնդեն իսկական դրօշին իմաստն ու անոր վերելքն ու ծածանումը:

Բնականաբար նմանօրինակ մտածելակերպ եւ մօտեցում գոյութիւն չունէր Պաքուի մէջ կատարուած ձեռնարկին, որուն արդիւնք հազիւ երկու օր ետք, հովն ու փոթորիկը պատռտած էին վիթխարի դրօշը:…Իսկ Արցախցիք հպարտօրէն կը նշէին իրենց անկախութեան 19ամեակը:

«Հայրենիք»

Սեպտեմբեր 6, 2010

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles