Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի »Շիրակեան« Կեդրոնական Կոմիտէն յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ թէ Հ.Յ.Դ. 120ամեակի առթիւ, յառաջիկայ աշնան տեղի պիտի ունենան քանի մը ձեռնարկներ, որոնց կարգին յատկապէս գիտաժողով եւ դրամահաւաքճաշկերոյթ: Այս ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան, Նոյեմբեր 20 – 21ին, Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի մէջ:
Այս առթիւ գործի լծուած է յատուկ յանձնախումբ մը, կազմուած հետեւեալ ընկերներէ. Անժէլ Մանուկեան (ատենապետուհի), Թոմ Վարդապետեան (ատենադպիր) եւ խորհրդականներ՝ Վազգէն Այվազեան, Թալին Տաղլեան, Յարութ Տաղլեան, Յարութ Ժամկոչեան եւ Զոհրապ Թազեան: Այս յանձնախումբին կը միանան Կեդր. Կոմիտէի անդամներ՝ Անդրանիկ Գասպարեան, Ճորճ Աղճայեան եւ Արի Քիլեան:
Վերոյիշեալ ձեռնարկներուն գծով, յառաջիկայ շաբաթներուն, պիտի փոխանցուին յաւելեալ մանրամասնութիւններ: