ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Ծանօթ.– Այս յօդուածը գրուած է 1970-ին, սակայն ի՛նչ-ի՛նչ պատճառներով չէ առաքուած «Հայրենիք»-ին, որուն համար գրի առնուած էր, ու մնացած է թուղթերուս մէջ։ Վերջերս յայտնաբերեցի զայն ու որոշ վերախմբագրումով մը առաջին հերթին կը յանձնեմ նոյն ինքն «Հայրենիք»-ի ընթերցողներուն։
Քարտէզ մըն է։
Զետեղած եմ զայն մեր գրասենեակի աշխատանոցին ինծի «պատկանող» պատին վրայ։
Քարտէս մըն է՝ Հայաստանի քարտէզը, աւելի ճիշտ՝ Խորհրդայի՛ն Հայաստանի քարտէզը։ Ստացած եմ Եգիպտոսէն՝ «Յուսաբեր» թերթերու ծրարի մը մէջ, ծալուած վիճակով։ Զայն ղրկողն ալ Երեւանէն բերած է, իրականացնելէ ետք կեանքի մը իր երազը՝ օր մը վերջապէս վայելելով իր երկիրը տեսնելու երջանկութիւնը։
Սովորական բազմագոյն ու գեղատիպ քարտէզ մը չէ. գիտեմ, տեսած եմ, Հայաստանը ունի՛ այդպիսի քարտէզ, ասիկա սակայն այդպէս չէ։ Մուգ սրճագոյն, հասարակ սպիտակ թուղթի մը վրայ տպուած, ոչ այնքան նուրբ գրութիւններով։ Ան ո՛չ ֆիզիքական, ո՛չ ալ քաղաքական քարտէզ մըն է, այլ՝ մշակութային, նուիրուած՝ մեր փոքրիկ երկրի այդ նեղ սահմաններուն մէջ այնքան մեծաթիւ պատմական յուշարձաններուն։
Հեռուէն դիտողը մութի եւ լոյսի զօրաւոր հակադրութիւն մըն է, որ կը տեսնէ ամենէն առաջ։ Մութը՝ Հայաստանի շուրջն է, դրացինե՛րը, լոյսը՝ Հայաստանը ի՛նքը։ Մութը «ասեղնագործուած» է զանազան զարդանկարներով։ Լոյսը՝ անհամար եկեղեցիներն են, կարծես գերզօ՛ր ճարտարապետի մը կողմէ ցանուած երկրի ամբողջ տարածքին՝ գիւղ առ գիւղ, աւան առ աւան։
Բաւական մեծ քարտէս մըն է, մէկուկէս ոտքով երկուքուկէս ոտք, որով ճարտարապետական աշխատանոցի բոլոր կողմերէն յստակօրէն կ՚երեւի։ Աչքէ չի կրնար վրիպիլ։
– Հայաստա՞նն է, Սովետական Հայաստա՞նը,– իր անբաժան ժպիտը շրթներուն եւ մէկ այտին միջեւ սեղմած հարց կու տայ թուրք պաշտօնակիցս, որ ինծի պէս երեք-չորս տարի է, որ հաստատուած է Մոնթրէալ, ետեւը ձգած երկիր մը, որուն խնդիրներուն մասին այլեւս չ՚ուզեր ոչ խօսիլ ոչ ալ իմանալ։ Յետոյ պիտի գիտնամ, որ ինքն ալ ծագումով թուրք չէ, այլ հրեայ…
Մեր գծագրութիւնները տպող պաշտօնեան, որ աշխատանոց չի մտներ ընդհանրապէս, միջանցքէն անցած պահուն քարտէզը նկատելով,, հետաքրքիր քիթ մը տնկած կու գայ կանգ կ՚առնէ անոր առջեւ։
– Վրաստա՞նն է։
– Հայաստա՛նը։
– Որուն մայրաքաղաքը Երեւանն է, չէ՞։
Ո՞վ գիտէ ի՛նք ուրկէ եկած է. հնչումէն կը մատնէ իր ոչ անգլիական, ոչ ալ ֆրանսական ծագում ունենալը։
– Այդ ի՞մ քարտէզն է, առեր փակցուցեր ես,– կը հարցնէ հայ պաշտօնակիցս, որ իրաւամբ ինքն ալ անկէ օրինակ մը ունի իր գծագրութեան սեղանին հազարումէկ թուղթերուն մէջ տեղ մը։
– Ո՛չ, ասիկա ես նո՛ր ստացայ, քուկդ հո՛ն է, լաբիւրինթոսիդ մէջ…
Զայն բերած է հոս, որովհետեւ մեր համայնքին համար այդ օրերուն եկեղեցիի ծրագիր մը կը մշակէր, ու քարտէզն ու մի քանի գրքոյկներ իրեն համար ներշնչման ու միաժամանակ տեղեկութեան աղբիւր են։
Առաջին օրը, որ իրեն հանդիպեցայ այս գրասենեակին մէջ, հարցուցեր էր ինծի.
– Տղա՛ս, դո՞ւն ալ դաշնակ ես, ֆանաթի՞ք ես, թէ՞ ոչ…
Անծանօթներ չէինք, գիտեր թէ ուրկէ՛ կու գամ, ընտանեկան հի՜ն կապ մըն ալ կար մեր միջեւ, կը սիրէի ալ զինք ու կը հասկնայի, թէ տեղեկանալէ աւելի կ՚ուզէր կշտամբել զիս՝ եթէ «ֆանաթիք» էի։
– Դաշնակ եմ, բայց ո՛չ ֆանաթիք, պայմա՞ն է ֆանաթիք ըլլալը,– պատասխաներ էի, տարիներ ետք գիտակցելով, որ այո՛, դաշնակցական ըլլալը նա՛եւ մոլեռանդ ըլլալ կը նշանակէ, մոլեռանդ հա՛յ ըլլալ կը նշանակէ։
– Եթէ այդքան հայրենասէր ես, ինչո՞ւ հոս եկար եւ Հայաստան չգացիր. Նայէ՛, ես ատանկ բաներու չեմ հաւատար, հոս ալ եկայ, մարդ չի կրնար զիս այպանել, բայց դո՞ւն…
***
Այսօր, ահա ամիսներէ ի վեր քարտէզ մը կայ ձախիս պատին, ոչ սովորական, հասարակ տպագրութեամբ քարտէզ մը։ Եթէ ըսեմ,, որ կռնակս ամուր կը զգամ, գիտնալով, թէ այդ քարտէզը հոն է, հաւանաբար ծիծաղիք, մանաւանդ հիմա՝ այս յօդուածս վերանայած պահուս, Հայաստանէն ու Արցախէն եկող գուժերու տարափին տակ։
Հայրենակիցիս կշտամբանքը ոչ առաջին, ոչ ալ վերջին առիթն է, որ այդ քարտէզին մասին մտածեմ, անոր իմաստի՛ն մասին։ Եւ կասկած չունիմ, թէ ոեւէ հայ մարդ, ո՛չ թէ ծնունդով կամ անունով հայ, այլ էութեա՛մբ հայ մարդ այդ մասին մտածած չըլլայ, իր կեանքին ընթացքին գէթ անգա՛մ մը մտածած չըլլայ՝
– Ինչո՞ւ հոս եմ, ինչո՞ւ հո՛ն չեմ…
Երբեմն այնպէս կը թուի ինծի, որ եթէ ուրիշ ոչինչ ընեմ ու նստիմ այս մասին մտածեմ միայն, դարձեալ պատասխան մը պիտի չգտնեմ եւ…
Եւ աւելի ու աւելի կը համոզուիմ, որ պարտաւո՛ր եմ տեւաբար որոնել ու գտնել այդ պատասխանը, այլապէս պէտք է հարցումը ջնջեմ, ինչպէս ըրած է պաշտօնակից հայրենակիցս տարինե՜ր առաջ։
Բայց ջնջել հարցումը կը նշանակէ շատ բան ջնջել, սրբել-վերցնել մէջէս, մաքրաջրուի՛լ…
Իսկ ես հայ եմ եւ… «դաշնակ», իսկ այդ՝ հարցականի տակ չեմ կրնար դնել։
Եւ քարտէսդ կը մնայ պատիս վրայ, գծագրութեան սեղանիս ձախին, բարձրադիր, իսկ ես հո՛ն՝ սեղանիս վրայ հակած, աւա՜ղ։