Երբ Տանտէրը Կը Ժպրհի Շիջել Անմար Կրակը ․․․

0 0
Read Time:1 Minute, 56 Second

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

Թէժ է կացութիւնը:
Որքա՜ն ահաւոր եւ քանդիչ:
Անբացատրելի իրավիճակ:
Երբ հայրենիքին ղեկավարութիւնը կորսնցուցած է ամենադոյզն հեղինակութիւնն ու ողջախոհութիւնը (common sense)…
Երբ խորհրդարանէն ներս մեծամասնութիւն վայելող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը բացէ ի բաց եւ կատարելագործուած անփորձութեամբ նոյնքան թրքամէտ եւ հայատեաց աշխատանք կը տանի, որքան Անգարայի եւ Պաքուի լոպպիինկի մեքենան…
Երբ ապագայ մը (ո՛չ փայլուն, այլ խաւար) կերտելու անուան տակ տարուող եւ ծրագրուած քանդիչ աշխատանքը կը շարունակուի…
Երբ ռազմական գետնի վրայ 44 օր դիմադրելէ (միաժամանակ՝ ստելէ) եւ ծանր պարտութիւն կրելէ ետք, աւելի քան մէկ ու կէս տարիէ ի վեր դիւանագիտական գետնի վրայ եւս շարունակ կը նահանջենք եւ հետեւողականօրէն կը ջախջախուինք, փրոթոքոլային աշխարհէն բոլորովին հեռու մնալով…
Երբ ամէն գնով գլուխ ծռելով եւ շարունակ տեղի տալով, կը ստեղծուի առանց պայմանի, առանց պարզ տրամաբանութեան (simple logic) հայ-թուրք յարաբերութիւններու կլոր սեղանը…
Երբ նոյնինքն Հայոց Ցեղասպանութիւն, Մեծ Եղեռն, Աղէտ հասկացութիւնները կը վերածուին հպարգելքի (tabou)…
Այս ամբողջ խորապատկերին առջեւ, լուսանցքային կրնայ թուիլ Ապրիլ 24-ի ոգեկոչումը:
Այդպէս ալ կը հաստատէ Ազգային Ժողովը, մեծամասնութիւն վայելող «Իմ (տեղ)քայլ»-ականներուն ժառանգորդ՝ ՔՊ-ականներուն բերնով եւ անոնց քմահաճոյքին համաձայն:
Ըստ երեւոյթին, այլեւս ո՛չ կ’ուզենք յիշել, ո՛չ ալ պահանջել: Մոռցած ենք Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նշանակը:
Կ’ապրինք «դարաշրջան» մը, երբ Ցեղասպանութիւն հասկացութիւնն անգամ սկսած է խեղաթիւրել ողջ աշխարհը, ամէն օր անտեղի բաղդատականներ կատարելով եւ չարափոխելով այս եզրը աշխարհի բառարանին մէջ ամրագրած Ռաֆայէլ Լեմքինի հաստատումները, որոնք բխած էին երկարաշունչ եւ սպառիչ ուսումնասիրութիւններէ, եւ ուր հայոց ցեղասպանութիւնը արձանագրուած էր իբրեւ աղաղակող նախընթաց-օրինակ:
Մինչեւ իսկ կ՛ուզեն մոռցնել «Տատիկն ու Մամիկ»-ը՝ «Մենք ենք մեր լեռներ»-ը:
Իսկ եթէ չենք պայքարիր, չենք յիշեր, չենք պահանջեր, կը նշանակէ որ… ՉԵ՛ՆՔ, այսինքն՝ընդունած ենք գոյութիւն ունենալէ դադրի իբրեւ հայրենիք ու ազգ:
Յատկապէս Ապրիլեան այս օրերուն, երբ տանտէրը կը յանդգնի բանիւ եւ գործով լծուիլ անմար կրակի շիջումին, միասնական ընդդիմութեան ուսին կը ծանրանայ նահանջն ու անկումը շրջանցելու եւ յեղաշրջելու փրկարար առաքելութիւնը, սկսելով հոյակերտ ու պատկառելի Ծիծեռնակաբերդէն մինչեւ աշխարհի ամէնէն երիտասարդ՝ անշունչ բնակչութիւն ունեցող Եռաբլուր, մինչեւ հայրենիքի իւրաքանչիւր անկիւնը, Արցախ, սպասելով, որ համապատասխան գործ ծաւալի սփիւռքեան բոլոր օճախներուն մէջ:
Հայաստանը, Արցախն ու Սփիւռքը այս թրքահաճոյ իշխանաւորներուն կրկին ու կրկին պիտի յիշեցնեն, ահազանգի պէս պիտի հնչեցնեն. «Մեր հողե՛րը, մեր հողե՛րը», «Ցեղասպանութիւնը պիտի չկրկնուի», «Կը յիշենք ու կը պահանջենք»:
Ու այս բոլորին կողքին՝ «Արցախը երբեք պիտի չպատկանի Ատրպէյճանին»:
Արցախը վերստին պիտի վերածենք հողահաւաքի մեկնակէտ, հասնելու համար Արարատին ու զայն գրկած մեր պատմական հողերուն եւ անոնց կապուած մեր անվիճելի իրաւունքներուն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles