ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Կը նշենք Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակը: Ամէն տարուան նման այս տարի եւս, աշխարհասփիւռ հայ ազգը Հայաստանի Հանրապետութեան, սփիւռքի զանազան հայկական օճախներուն եւ 2020-էն ետք վիրաւոր, բայց կանգուն Արցախի մէջ կը նշէ 20-րդ դարու սկիզբը մարդկութեան դէմ կատարուած ցեղային բնաջնջումի առաջին ոճիրին յիշատակը՝ ոգեկոչման ձեռնարկներով, պահանջատիրական ցոյցերով եւ քայլարշաւներով, ակադեմական, մտաւորական եւ քաղաքագիտական շրջանակները՝ յատուկ գիտաժողովներով եւ խորհրդաժողովներով: Ամէն տարուան նման այս տարի եւս կը հրատարակուին նոր գիրքեր, նորագոյն փաստարկներու հիման վրայ գիտական նոր ուսումնասիրութիւնններ կը պատրաստուին եւ կը տրամադրուին քաղաքական գործիչներուն, մտաւորականութեան եւ ընթերցողներուն, եւ այս բոլորը վստահաբար աւելի եւս կ՛ամրապնդեն հայկական անսակարկելի պահանջատիրութեան թեզերը՝ Ցեղասպանութեան սոսկական ճանաչումի գաղափարէն կամաց-կամաց ուղղուելով կատարուած յանցագործութեան հատուցման թղթածրարը ամբողջացնելու գաղափարին:
Հատուցման թղթածրարին մասին նշում կայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համահայկական հռչակագիրին մէջ, որ ամբողջ հայութիւնը բաղկացնող պետական, քաղաքական, հոգեւոր, կուսակցական եւ ազգային կառոյցներուն միջեւ բացառիկ համախոհութեան ձեւաւորման արդիւնք եղող փաստաթուղթ մըն է: Ուրեմն Համահայկական այդ հռչակագիրին մէջ վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով յղում կատարելով Սեւրի դաշնագիրին եւ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռին, միաժամանակ կը խօսուի Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման անհրաժեշտութեան մասին, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ հատուցման թղթածրարի պատրաստութիւնը եւ անոր իրագործման հետապնդումը: Մինչ այդ սակայն բաւական զգալի աշխատանք կատարուած էր այդ ուղղութեամբ խորհրդաժողովներու, պատմագիտական եւ քաղաքագիտական ուսումնասիրութիւններու միջոցով, իսկ հռչակագիրի պաշտօնական որդեգրումէն ետք պետական մակարդակի վրայ որոշ աշխատանքներ տարուեցան այդ ուղղութեամբ, բայց 2018-ին կատարուած իշխանափոխութիւնը կասեցուց հարիւրամեակի Համահայկական հռչակագիրին կէտերը գործադրելու ճիգերը, իսկ ներկայիս ալ պետական թէ հասարակական մակարդակներու վրայ ոչ մէկ արտայայտութիւն կը լսենք անոր մասին, հակառակ անոր որ անիկա հիմք պէտք է հանդիսանայ Թուրքիայէն մեր պահանջատիրական պայքարին:
Իբրեւ հայրենիք եւ ազգ մեր գոյութեան սպառնացող վտանգը երբեք չէ վերացած: Նոյնն էր 107 տարի առաջ, նոյնն է նաեւ դժբախտաբար հիմա, այս օրերուն, երբ նոր ելած ենք մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն աղէտալի պարտութիւններէն մէկէն եւ տակաւին ամբողջապէս չենք գիտակցած, թէ ի՛նչ եղաւ 2020-ի աշնան: Բայց ընդհանուր կէտերու մէջ կրնանք ըսել, թէ եղածը այն էր, ինչին երկար ժամանակէ ի վեր կը պատրաստուէր թուրք-ատրպէյճանական համաթուրանական դաշինքը, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւններուն անպատրաստ վիճակը նմանօրինակ աղէտալի պատերազմի մը դիմաց, պատերազմէն առաջ, անոր ընթացքին թէ անկէ ետք այդ իշխանութիւններուն ընդհանրապէս վարած ապիկար քաղաքականութիւնը կոչուած էր միայն մեծցնելու աղէտին չափը…Ուրեմն մենք գոյութենական հարց մը ունինք թուրք-ատրպէյճանական դաշինքին հետ: Այդ գոյութենական հարցն ալ մէջտեղ եկած է այն օրէն, երբ թուրք տարրը առաջին անգամ շուրջ հազար տարի առաջ ոտք դրած է Հայկական բարձրաւանդակի եւ Փոքր Ասիոյ հողերուն վրայ: Ասիկա գոյութենական պայքարի հարց է՝ մշակոյթ ունեցող եւ զայն ստեղծող ազգի եւ մշակոյթ իւրացնող, սեփականացնող ու բնիկ հաւաքականութիւններուն մշակութային ժառանգութիւնը բնաջնջել ուզող ազգի միջեւ:
Իբրեւ ազգ եւ հայրենիք մեր գոյութեան սպառնացող վտանգը կարելի չէ չէզոքացնել կամ վնասազերծել Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի հետ «Խաղաղութեան դարաշրջան»-ի մը բացումը կատարելով, որովհետեւ թուրք-ատրպէյճանական դաշինքը արդէն իսկ ամէն իմաստով՝ քաղաքականօրէն, տնտեսապէս, մշակութապէս եւ այլն, ծրագիրներ ունի մեզ խեղդելու շրջանին մէջ: Սխալ է մտածելը, որ եթէ քիչ մը զիջինք մեր դիրքերէն կամ «կարգավիճակը իջեցնենք», կրնանք խաղաղ ապրիլ, որովհետեւ երբ թշնամին տեսնէ, թէ քիչ մը զիջեցանք մեր դիրքերէն, աւելին պիտի պահանջէ, մինչեւ որ մեզ ամբողջութեամբ անկարող եւ կամազուրկ դարձնէ: Հարցը այսպէս դնենք, որպէսզի ընկալելի ըլլայ ընթերցողներուն կողմէ: Թուրքիան եւ իր կրտսեր եղբայր Ատրպէյճանը կը ղեկավարուին համաթուրանական գաղափարախօսութեամբ եւ նպատակներով, որոնք որեւէ ձեւով չեն կրնար հանդիպիլ եւ հաշտուիլ հայութեան հետապնդած մօտակայ կամ հեռակայ ծրագիրներուն հետ, հայ ազգային ծրագիրին հետ, իսկ հայկական կողմէն որեւէ խօսակցութիւն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու այսպէս կոչուած բնականոնացման կամ կարգաւորման մասին չ՛իյնար հայ ազգային ծրագիրի տրամաբանութեան ծիրին մէջ:
Դարձեալ Ապրիլ 24 ենք: Ապրիլ 24-ը մեզի համար լոկ ազգային պահանջատիրութեան օր չէ: Անիկա, կը կարծենք, պէտք է դառնայ համաթուրանական գաղափարախօսութեան դէմ պայքարը խորհրդանշող օր: Այո՛, ինչպէս որ կայ Մայիս 9-ն՝ իբրեւ նացիականութեան դէմ պայքարի յաղթանակի օր: Որովհետեւ համաթուրանականութիւնը նուազ ցեղապաշտական գաղափարախօսութիւն չէ, քան նացիականութիւնը: Նոյն մետալին տարբեր երեսներն են՝ սիոնականութիւն, նացիականութիւն, թուրանականութիւն: Եւ մենք մինչեւ հիմա ալ թրքական պետական մտածողութիւնը կլանող համաթուրանականութեան դէմ կրնանք պայքարիլ նախ ունենալով մեր հայկական ազգային ծրագիրը, ազգային գաղափարախօսութիւնը, որուն ժամանակակից երկու հիմնասիւներն են՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագիրը եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համահայկական հռչակագիրը: Բայց այս երկու հռչակագիրներով ամրագրուած խօսոյթները մեր իրականութեան մէջ վերականգնելու համար անհրաժեշտ է այդ խօսոյթներուն հաւատացող իշխանութիւններ ձեւաւորել, որովհետեւ ներկայ իշխանութիւնները պարզապէս կապ չունին մեր հասկցած ազգային խօսոյթին հետ: