Ապրիլ 1-ի կատակ չէ: Արմենակ հիւանդանոցէն հեռախօսեց: Ըսաւ, որ քանի մը օր պիտի պահեն զինք նեարդաբանական բաժինը, աւելցուց՝ նէօրոլռժի:
Փութացի հիւանդանոց: Ուղեղային տագնապ ունեցեր էր, իր վիճակին մասին չխօսեցաւ: Յուզումով ըսաւ.
– Մակա՛ր, ալ համոզուեցայ, չիք փրկութիւն ազգին հայոց:
– Հիմա հանգիստ ըրէ՛: Երբ տուն դառնաս, կը խօսինք չիքի մասին:
– Հիմա ալ կը խօսիմ, տուն դառնալէս ետք ալ:
Կեդրոնականցին, իր խօսքը յաջորդ օրուան կը պահէ՞:
– Ըսէ՛ ի՞նչ պատահեր է կրկին, ըսէ՛ առանց յուզուելու,- հարցուցի:
– Մեր թաղի նպարավաճառ Դաւիթը, ծանօթ Տաւիտը, քաղաքականութեամբ կը զբաղի: Խելք կու տայ:
– Ո՞վ խելք չի տար: Հայկական կեդրոն մը կամ ճաշարան մը գնա՛, խել-քաբաշխներու բանակի կը հանդիպիս: Տաւիտ Միակը չէ: Դաւիթդ ի՞ նչ կ’ըսէ:
– Կշիռքին առջեւ խճողուած տանտիկիններուն եւ թոշակառուներուն կ’ըսէր, որ եթէ կառուցողական (ե՞րբ սորվեր էր այդ բառը) գաղափարներ եւ առաջարկներ ունինք, յայտնենք Հայաստանի իշխանութիւններուն, չքննադատենք:
– Չըսի՞ր, «ապրի՛ս Տաւիտ»:
– Կը շարունակէր: Ինչո՞ւ կը խօսինք պարտութեան մասին: Հիմա ասոնք պատերազմի փորձ ունին, դաս առին: Նորերը այդ փորձը պիտի չունենան:
– Խելօք մարդ է եղեր նպարավաճառդ:
– Շատ խելօք: Կ’ըսէր, համերաշխութիւնը դրացիներուն հետ լաւ բան է: Մեզի համար ալ: Առեւտուր կ’ընենք: Մարդիկ կ’երթան կու գան: Հայերն ալ իրենց նախահայրերուն հայրենիքը կ’երթան կու գան: Արդէն Դաւիթին տունը Հայաստանէն կարեւոր մարդիկ կու գան, նախարարի պէս բաներ: Կինը եւ աղջիկը տարուան կէսը Հայաստան կը մնան, չիր, չամիչ, շարոց կը բերեն, կը ծախեն: Երեւելիներու պէտք չկայ յարաբերութիւններու սերտացման համար: Տաւիտ, կինը եւ դուստրը կը բաւեն:
Հիւանդապահուհիներ եկան Արմենակի դաստակի, կուրծքի գործիքները քննելու: Առողջութիւն մաղթեցի, գացի գետնուղի, որ մութէն առաջ տուն հասնիմ:
Մեթրոյի աղմուկին մէջ կը մտածէի Արմենակի «չիք փրկութիւն ազգին հայոց»–ի մասին: Ինչպէ՞ս փրկել ազգ մը, որ բարենիշ կու տայ պարտուողին: Տեսակ-տեսակ շքանշաններ հնարող ազգը շքանշան մըն ալ կը ստեղծէ՞ պարտութեան ասպետներուն կործքերը զարդարելու համար:
Ինչո՞ւ օգտակար չհամարել պարտութիւնը, վասն առեւտուրի՝ յաղթողին առջեւ կարմիր գորգ չփռել, վասն հայրերու հայրենիքը տուրիստ երթալ-գալու ազատութեան:
Տաւիտ լաւ հիւպատոս կ’ըլլայ: Որո՞ւ յուշեմ այս միտքս:
Ցուրտ էր: Տուն հասայ: Տաւիտէն գնուած կարմիր ոսպով ապուրին եւ անոր սոխրածին բոյրը զիս դիմաւորեց: Ոսպապուրն ալ հայրենասիրական յիշատակ է: Նորերը ֆրիդ կը նախընտրեն:
Սամսոնայթներով եւ համակարգիչներով փրկարարներէն ետք, հերթը հասած է նապարավաճառ Դաւիթ-Տաւիտներուն եւ պարագաներուն իւրեանց:
Զուր խօսք չէ Կեդրոնականցիին «չիք փրկութիւն ազգին հայոց»–ը…
Մակար ի Գաղիա, 1 Ապրիլ 2022