ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐ ԵՒ ԳՈՐԾ ՉՓՈԽԱՐԻՆԵԼ ԱՌՕՐԵԱԿԱՆ ՄԱՆՐՈՒՔՈՎ

0 0
Read Time:5 Minute, 19 Second

 Յ. Պալեան 

Պէտք չէ հետամտիլ սեփական կեանքին վրայ տարիներ գումարելու, այլ, նախընտրաբար, տարիներուն վրայ՝ կեանք:

Օսկար Ուայլտ,

Իրլանտացի գրող եւ բանաստեղծ (1854-1900)

 

            Եթէ հետեւինք Հայաստանի եւ սփիւռքի նախաձեռնութիւններուն, քաղաքական, մշակութային եւ այլ, աւելի ճիշդ՝ անոնց մասին եղած յաճախ գովերգական լրատուութեան, այն տպաւորութիւնը կ’ունենանք, որ ազգը վաղը պիտի փրկուի, պիտի ունենանք, կամ արդէն ունինք հզօր երկիր, սփիւռքը միջազգային կեանքի մէջ պիտի ունենայ մեծ պետութեան մը ազդեցութեան համազօր ուժ, եթէ տեսակ մը պետութիւն ալ չէ:

            Նորութիւն չէ, միշտ մեր ցանկութիւնները համարած ենք իրականութիւն, ձախողութիւն եւ պարտութիւն ընդունած ենք որպէս նոր նուաճումներու մեկնակէտ, եթէ ոչ յաղթանակ: Կը սիրենք մեր պատմութեան բարոյական յաղթանակները:

            Ի վերջոյ, խօսքի ազատութիւն կայ, երեւակայական աշխարհներն ալ խօսքով կը կառուցուին: Փոյթ չէ, որ գաղափարները եւ նախաձեռնութիւնները յաճախ փոխարինուին դատարկաբանութեամբ եւ աղմուկով:

            Աւելի ճիշդ պիտի չըլլա՞ր հարց տալ, թէ ինչո՞ւ կը ձախողինք, ինչո՞ւ կը պարտուինք:

            Անհատական կեանքի մէջ ձախողութեան պատճառը նոյնինքն անհատն է, այդպէս է նաեւ հաւաքական կեանքի մէջ, առեւտրական ընկերութիւն թէ միութիւն, կուսակցութիւն թէ պետութիւն: Եթէ պարզապէս շրջէինք մեր դատումներու եղանակը, ըսէինք, որ թշնամին չյաղթեց, այլ մենք պարտուեցանք, կ’ըլլայինք իրատես, մեր նախաձեռնութիւններուն եւ պայքարներուն կը հաղորդէինք տարբեր որակ: Այդպէս պէտք է մտածէին եւ մտածեն առաջնորդութեան կոչուածներ: Անոնք պէտք է հարց տան, թէ ինչո՞ւ թշնամին յաղթեց, ինչո՞ւ իրենք պարտուեցան: Նոյն հարցումները ինքնիրեն պէտք է ուղղէ ժողովուրդը, քանի որ ինք է որ առաջնորդներ կը ստեղծէ:

            Առած մը կ’ըսէ, որ «խելքը տարիքին մէջ չէ, այլ՝ գլխուն մէջ»: Այդպէս է նաեւ կեանքը: Իմաստութիւնը տարիներու գումարին հարկատու չէ, այդ տարիները ըլլան անհատներու, կազմակերպութիւններու կամ պետական ղեկավարներու տարիք եւ իշխանական տարիներ: Եթէ, ինչպէս կ’ըսեմ յաճախ, հետեւէինք իմաստուններու խօսքին, մեր կեանքը, անհատական եւ հաւաքական, ընկերային, կրթական, պետական, տարբեր կ’ըլլար: Այս մասին այնքա՜ն պարզ ու ճիշդ է Օսկար Ուայլտ, երբ կ’ըսէ. «Պէտք չէ հետամտիլ սեփական կեանքին վրայ տարիներ գումարելու, այլ, նախընտրաբար, տարիներուն վրայ՝ կեանք»:

            Այսպէս է ուսուցիչի, կրօնաւորի, քաղաքական գործիչի, ամէն բնոյթի մտաւորական աշխատանք կատարողի, եւ կազմակերպութիւններու պարագային: Մարզիկ մը, որ ամէն օր 5000 մեթր կը վազէ, կրնա՞յ յաւակնիլ ախոյեան ըլլալ, եթէ իրեն կը պակսին յատկութիւնը եւ ֆիզիքական կարողութիւնը: Այս մասին յաճախ կը մտածեմ, երբ կը դիտեմ հայ կեանքը: Ժողով ժողովի վրայ գումարել անպայման չի ծառայեր հարցեր լուծելու:

            Օր մը, իր դիրքին վրայ տասնամեակներ թուխսի նստած «ղեկավար»ի մը,- որ այլապէս լաւ մարդ էր,- ըսի, որ եթէ 2, 4, 6, 8, 20 տարիէն ոսկի հաւկիթ չէր ածած, ի՞նչ երաշխիք կար որ 25 տարիէն պիտի ածէր: Այս ըմբռնումով եթէ լուսարձակի տակ բռնենք Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի ընտրանիական պատկերը, էսթէպլիշմընթները, իրատես կը դառնանք, եւ թերեւս կ’ընդգրկենք յաջողութեան ճանապարհը: Առօրեան տնտեսեսլու թաղային մտմտուքէ անդին կը յարենք մեր հայեացքը:

            Օսկար Ուայլտ կը մտածէ անհատի մասին: Ընդլայնելով իր մտածումը, մտածենք ընկերութեան եւ մասնաւորաբար՝ հայ կեանքի մասին:

            Ուքրայինական պատերազմը հինի խորքի վրայ ձեւաւորուող  աշխարհաքաղաքական նոր յարաբերութիւններու եւ հաւասարակշռութիւններու որոնման-ստեղծման խմորման «հանդէս» է. կրօնական-քաղաքակրթական, տնտեսական-ճարտարարուեստական, բնական հարստութիւններու շահագործման-իւրացման, ոչ միայն նաւթի եւ կազի, այլ նաեւ ջուրի: Այսօր իրարու հակադրուած են դասական արեւելքն ու դասական արեւմուտքը: Սպասողական դիրքի վրայ կը գտնուին երրորդ խումբի հզօրութիւններ, ինչպէս Չինաստանը եւ Հնդկաստանը, մասամբ նաեւ Փաքիստանը, Քորէան (հիւսիսային եւ հարաւային), Հարաւային Ամերիկան, Արաբական Աշխարհը եւ Իրանը:

            Դեռ կը հանդուրժուի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, բայց իրականութիւնը այն է, որ ան բաւարար հեղինակութիւն եւ ուժ չունի հակամարտութիւնները հակակշռելու, այսինքն՝ խաղաղութեան իրաւարար ըլլալու: Իրադրութիւնը այնպէս է, որ կը գտնուինք մեծ իրադարձութիւններու նախօրեակին: Ոչ ոք կը ցանկայ Երրորդ Համաշխարհային մը, բայց անոր նախադրեալները կան: Հետաքրքրական է Ուքրայինայի պատերազմի պարագան: Արեւմուտեանններ եւ Ռուսիոյ Դաշնութիւն իրարու դէմ պատերազմ չեն յայտարարած, բայց կը պատերազմին իրարու դէմ, առաջինները բոլոր միջոցներով կ’աջակցին Ուքրայինային՝ ընդդէմ Ռուսիոյ Դաշնութեան, որ իր հերթին կը սպառնայ Արեւմտեանները ընկճել ուժանիւթի մատակարարումը դադրեցնելով, կամ հիւլէական զէնքով:

            Կարծէք ՄԱԿը ժամանակավրէպ դարձած է, չի համապատասխաներ միջազգային ներկայ իրադրութեան: Մեծեր եւ պզտիկներ կ’ունենա՞ն բաւարար իմաստութիւն նոր հաւասարակշռութիւն եւ նոր իրաւունք ստեղծելու, որպէսզի յարգուին բոլորը, մեծերը եւ պզտիկները, այն իմաստութեամբ, որ Երրորդ Համաշխարհայինը այսօր լարուած ռումբի կը նմանի, որուն հետեւանքները նախատեսելու համար մեծ իմաստութեան կարիք չկայ: Պայթումը կրնայ գալ մեծերէն, նուազ մեծերէն եւ պզտիկներէն:

            Եթէ Ուքրայինայի պատերազմը շարունակուի, ան ոչ միայն անուղղակի հետեւանքներ կրնայ ունենալ հայութեան համար ընդհանրապէս, այլ մասնաւորաբար Հայաստանի,  որ Ռուսիոյ ռազմավարական դաշնակիցն է եւ կրնա՞յ պատերազմի մէջ ներքաշուիլ, իր ունեցած քիչ ռազմական միջոցները տրամադրելով, ոչ անոր համար անոնք հաւասարակշռութեան վրայ ազդեցութիւն կ’ունենան, այլ որպէս քարոզչութիւն, հոգեբանական պատերազմ, ցոյց տալու համար որ Ռուսիա առանձին չէ:

            Այսօր մարդկութիւնը կը դիմագրաւէ մեծ վտանգներ: Այս բարդ եւ սպառնական կացութեան մէջ, մեր փոքրիկ ժողովուրդը եւ փոքրացած հայրենիքը ինչպէ՞ս պէտք է առաջնորդել, որպէսզի մեծ իրադարձութիւններու մասնակի հետեւանքներուն զոհ չերթանք:

            Հայաստանի իշխանութիւնները, անոնք որոնք լծակները ունին, անոնք որոնք կ’ուզեն այդ լծակները ունենալ, ազգային-քաղաքական հեռանկարով պէտք է առաջնորդուին: Վաղը ուշ կրնայ ըլլալ: Աւելի պարզ խօսելով, գիտակցական ոստում մը կատարելով, պէտք է գիտնալ կազմակերպուիլ, ճիշդ թիրախաւորել մեր նախաձեռնութիւնները, եւ մանաւանդ, ինչպէս յաճախ կը կրկնեմ, ազգի լաւագոյն ուժերու համագործակցութիւն յառաջանել, միշտ ճիշդ մարդը ճիշդ գործին գլուխը բերելով, ծանօթ՝ the right man in the right place-ը: Մեծ իմաստութիւն եւ համեստութիւն կը պահանջէ ընդունիլ, որ այս կամ գործին ատակ չենք, կամ աւելի ատակները կան: Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Լիոնէլ Ժոսփէն պարզ խօսք ունի: Ան ըսած է. «Պէտք չէ շփոթել ուսում, ընդհանոր զարգացում եւ արհեստավարժի ձեռնհասութիւն»: Այսինքն, դատողութիւն, ճիշդ ընտրութիւն կատարելու եւ ճիշդ կողմնորոշուելու իմաստութիւն, անմիջական շահ եւ ես գերանցել: Այս ընելով իշխանութեան կը տրուի որակ, որ ո՛չ տարիներու ե՛ւ ո՛չ ալ քուէներու գումարով կը բացատրուի, այլ՝ իմաստութեամբ, ողջախոհութեամբ:

            Անգամ մը, տեղ մը յիշած եմ, տասնամեակներու անցեալ ունեցող դասական ղեկավարի մը պարագան, որ սրտնեղած է, թէ ինչպէ՞ս իր տեսակէտը կը քննադատէ անփորձ երիտասարդ մը, որ պատասխանած է, թէ՝ «կան մարդիկ, որոնք տարիներով ջութակի դաս կ’առնեն, բայց ջութակահար չեն ըլլար»: Այս իմաստութիւնը պէտք է առաջնորդող ըլլայ, ներսը եւ դուրսը, որպէսզի ժողովուրդներու եւ մեր դիմագրաւած ճակատագրական պահու սպառնալիքները դիմակայենք գիտակցութեամբ եւ ձեռնհասութեամբ: Եթէ այդ յանդուգն երիտասարդին պէս մտածէինք, գործէինք եւ առաջնորդուէինք, նուազ սխալներ կը գործէինք, կը դադրէինք մենք մեզ համոզելէ որ ուրիշի գրած ճառը բեմէն կարդալով կը դառնանք իմաստուն եւ ղեկավար:

            Ֆրանսացի մեծ ընկերաբան Կիւսթաւ լը Պոն (1841-1931) այնքան լաւ բանաձեւած է ընկերաքաղաքական ապաշնորհ կացութիւնը: Կ’ըսէ. «Ձեռնհասութիւնը առանց հեղինակութեան նոյնքան անկարող է, որքան հեղինակութիւնը առանց ձեռնհասութեան»:

            Միամիտ չըլլանք: Մտածենք էսթէպլիշմընթային պահպանողականութեան դէմ երթալով իմաստաւորել մեր ներկան եւ նախաձեռնութիւնները, եւ յիշած երիտասարդիս պէս ըսենք, որ տարիներով ջութակի դաս առնել բաւարար չէ ջութակահար ըլլալու համար:

            Ազգի եւ ժողովուրդի ղեկավարումը պէտք է չէ շփոթել մանր եսի հետ: Ափսո՜ս, այդ կը պատահի յաճախ:

            Այս թափառող մտածումներու եզրակացութիւնը մէկ պէտք է ըլլայ. հեռանկարային նախատեսութիւններով ծրագրել մեր այսօրը եւ վաղը, չխեղդուելով առօրեական երեւելիական-շահախնդրական մանրուքներու մէջ, միշտ ունենալով տոկալու, տեւելու եւ վերականգնելու ազգային հեռանկար:

 

 

 

           

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles