ՃԱՆԱՉՈՒՄ, ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ…ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐՈՒՄ

0 0
Read Time:1 Minute, 36 Second

Մերթ ընդ մերթ տատամսելով, երկմտանքի եւ անել
կացութիւններու առջեւ գտնուելով, բայց հակառակ ասոր
միշտ ալ հաստատակամ եւ ինքնավստահ քայլերով,
Սփիւռքը իր տեղը կը գրաւէ հայութեան քաղաքական
զարգացման գործընթացին մէջ:

Մարդուժի պատրաստութեան անփոխարինելի միջավայր
մը՝ էութիւն մըն է սփիւռքը, ուր ծիլ կ°առնեն ազգային-
հասարակական գետիններու վրայ, թէ° քաղաքական, թէ°
կրօնական, թէ° մշակութային եւ այլ թրծուած տարրերը:

Ազգային, կուսակցական, յարանուանական եւ միութենական
տարերջաններու վրայ երկարող այս իւրայատուկ
դաստիարակութիւնը, իր լայնատարած եւ խոր
արմատներով փաստ մըն է, դրական ակնոցով դիտուած
գոյավիճակ (status-quo) մը, որ Սփիւռքը իր բոլոր
հատուածներով եւ շերտերով դարձեալ հանդէս կու գայ
վերանորոգելու համար իր պահանջատիրական շարժման
Ապրիլեան ոգին:

Յատկապէս Ապրիլ ամսուան ընթացքին, հետզհետէ
աւելի կը լսուին, կը կրկնուին եւ լոզունքի մը նման կը
պնդուին մտորումներ, վերլուծումներ եւ կարծիքներ թէ
Սփիւռք-Հայաստան մօտեցման գործընթացի առաջին եւ
հիմնական խնդիրը Սփիւռքի համար Եղեռնի հարցն է…

Թնճո՞ւկ, թապու՞ թէ հարց:

Ահաւասիկ հարցադրումեր որոնք հետզհետէ աւելի կը
կրկնուին, վիճաբանութեան դուռ կը բնան…Սփիւռքի
նախարարութեան պաշտօնապէս գործի լծուելէն ամիսներ
ետք: Մինչ այդ, միշտ ալ մնալով Սփիւռքի գործունէութեան
դաշտէն ներս, Եղեռնի ճանաչման ու արդարահատոյցի
պահանջատիրութիւնը նոյնքան թափով կը շարունակուի:
Դեռ աւելի°ն, Սփիւռքեան զօրաշարժը, համեմատած նախկին
տասնամեակներու, ինքզինք աւելի պարտադրել կու տայ,
իւրայատուկ արեւելում մը՝ գունաւորում մը կը ստեղծէ,
գործի լծելով Թուրքիոյ արտաքին յարաբերական մեքենան,
որ հարկադրաբար աւելի երկար ժամեր կը տրամադրէ իր
սոյն մարզի օրակարգէն ներս:

Հարցադրել թէ Ինչու՞ եւ ին՞չ պայմաններու տակ տեղի
ունեցաւ Հայոց Եղեռնը, թէ Ինչու՞ Թուրքիան երբեք չի
ցանկար պատշաճօրէն ճանչնալ այս ահաւոր պատմական
իրողութիւնը, եւ թէ հայութեան համար արդեօ՞ք անհրաժեշտ
նախապայման է Եղեռնի ճանաչումն ու Հայկական հարցի
լուծան համար…Այլեւս աժան սեթեւեթաբանութեան առիթ
ստեղծած պիտի ըլլանք, եթէ աւելի երկար վազքի վրայ
երկարող տեսլականով չմօտենանք հարցին:

Սփիւռքը, որուն համար եղեռնի ճանաչման ընթացքը,
անվտանգութեան երաշխիք մըն է, պէ°տք է պայմանաւորէ
հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացումը, որ
պարզ ու մէկին, նոյնի°նքն Եղեռնի պատշաճ ճանաչումն է…
ազդանշան մը երկա¯ր գործընթացին՝ Ճանաչում,
հատուցում…համահայկական պայմանաւորում:

Խ Մ Բ Ա Գ Ր Ա Կ Ա Ն – Ա Պ Ր Ի Լ 24, 2009

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles