ԵՐԲ ՉԵՆՔ ՄՏԱԾԵՐ ՎԱՂՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ, ԿԸ ԴԱԴՐԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ…

0 0
Read Time:4 Minute, 21 Second

Յ. Պալեան

            Երբ միակ նպատակ կ’ըլլայ առօրեան տնտեսել,- առօրեայ՝ զոր թէեւ պէտք չէ անտեսել,- այդ առօրեան ալ սեղմել նեղմտութեան եւ եսի սահմաններուն մէջ, կը նշանակէ որ դադրած կ’ըլլանք ազգային քաղաքականութիւն հետապնդելէ։

            Առաջնորդը, բոլոր մակարդակներու, ընտանիքէն թաղ, համայնք, ազգ եւ մարդկութիւն, պէտք է մտածէ, որ վաղն ալ առօրեայ է։ Այսինքն ղեկավարը ան է, որ կը ստանձնէ գալիք սերունդներու ապագայի պատասխանատուութիւնը այսօրուան եւ վաղուան հեռանկարով։ Այս՝ ազգի գոյացման բոլոր մարզերուն մէջ. հող-հայրենիք, բնակեցում, հողամշակութիւն, ճարտարարուեստ, մշակոյթ, լեզու, գրականութիւն, արուեստներ։

            Երբ նպատակ կ’ըլլան անհատական շահը, եսը, փառասիրութիւնը, կողմնապաշտութիւնը, բնական կերպով կը բազմանան պառակտումները, քանի որ անձնականը կը փոխարինէ հաւաքականը, կ’ըլլայ շահերու բախում, կ’իշխէ  աւելի զօրաւորին օրէնքը։ Եթէ մեծ եւ պզտիկ մտածէինք, թէ ի՞նչ բան մեզ կը միացնէ, փոխանակ բանտարկուելու մեզ իրարմէ բաժնող-հեռացնող փուչիկներու ետին, աւելի լաւ կ’ըլլար մեր ներկան, աւելի լաւ կ’ըլլար ապագայի պատկերացումը, չէինք պառակտուեր, չէինք տուայտեր յաջորդական ընկրկումներու մէջ, ըլլանք ընտանիք, միութիւններ, կուսակցութիւններ, ազգեր։

            Այս ըմբռնումով պէտք է մտածել հայ ժողովուրդի ներկայի եւ գալիքի մասին. Հայրենիք-հողատարածք-կենսատարածք, բնակչութիւն, մշակոյթ-լեզու-ինքնութիւն-համրանք (Հայաստան կ’ըսեն գենոֆոնտ), ապահովութիւն։ Եթէ չկայ հողին վրայ ապրող ինքնուրոյն մշակոյթով հաւաքականութիւն, ազգ եւ հայրենիք կ’այլանան, կը ստեղծուի նորը, որ այլեւս չ’ըլլար նախկինի շարունակութիւն, կը փոխարինուի։ Այս մեր ժողովուրդին սպառնացող կորստեան վտանգն է, եթէ տիրութիւն չընենք մեր հայրենիքին եւ մեր ինքնութեան, միշտ մտածելով գալիքը եւ յաջորդ սերունդները։ Պէտք չէ ընել այնպէս, որ պատմութեան վերջը մեզմով է:

            Հայոց հայրենիքի մեծ մասը բռնագրաւուած է, ուր կայ անորոշ համրանքով հայկական ծագումով մնացորդաց, որուն ազգի մէջ ընդգրկումը իրականացնելու պայմաններ չկան ներկայիս։ Նախաձեռնութիւններ եւ այդ մասին օրակարգ ալ չկայ։ Կարելիութիւն կը ստեղծուի՞:  Երբ սերունդները քանի մը անգամ փոխուին, այդ ընդգրկումը թէական կըլլայ, անկարելի, մանաւանդ որ, ներկայ պայմաններու մէջ, այդ մնացորդացը ազգին մօտեցնելու հնարաւորութիւններ եւ նախաձեռնութիւններ ալ չկան, չունինք։

            Հայրենահանուածներու սփիւռքը, կազմուած անոր սերունդներով եւ Խորհրդային Միութեան փլուզման յաջորդած ժամանակաշրջանին սկսած, եւ տեւող, արտագաղթողներու նոր սփիւռքը, հողին վրայ չեն հայրենիք պահելու համար, ուստի առաւել եւս բռնագրաւուած տարածք պահանջելու անկարելիութեան առջեւ կանգնած է ազգը։

            Տեւելու համար պէտք է մտածել վաղուան մասին։ Մտածել՝ գործելու համար, գործելով:

            Հասկնալի է որ խօսքը կը վերաբերի ի հարկէ մարդուն,- ո՛չ սոսկ անհատին,- ազգին, մարդկութեան, քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթներուն։ Մեր յատուկ պարագային՝ հայուն, անոր հայրենիքին, ժողովուրդին եւ ապագային։ Վաղուան մասին մտածել պէտք է թելադրէ այն պարզ իմաստութիւնը, որ եսն ու պառակտումը վատ խորհրդատուներ են։

            Ազգին եւ հայրենիքին ի՞նչ կը խոստանան պառակտումները, օտարախօսութիւնը եւ լեզուի կորուստը, արտագաղթը, հայրենիքի հողի իւրաքանչիւր թիզի բնակեցման անտեսումը։ Ազգին համար ի՞նչ բանի ապագայ է ընդարմացածի վիճակով յաւերժացող սփիւռք(ներ)ը։ Ղեկավարութիւնները, ժողովները, բարձրագոչ յայտարարութիւնները պէտք է սկսին այս կէտէն, ինքնագոհական պոռոտախօսութիւններէ հրաժարելով։ Օգտակար եւ կարեւոր են անոնք, որոնք նշուած հարցերուն լուծումներով հրապարակ կու գան, կը գործեն եւ կը ներկայանան ազգին եւ պատմութեան դատաստանին։

            Սփիւռք(ներ)ի ուծացող իւրաքանչիւր հայ ցեղասպանութեան զոհ է, ազգաքանդ ընթացք, այս անգամ մեր մեղսակցութեամբ։ Այսօր ո՞վ կրնայ ճիշդ գնահատումով ըսել, թէ ամէն տարի քանի հայ կ’ուծանայ։ Ապա հարց պէտք է տալ, թէ ինչո՞ւ, ի՞նչ կրնայինք ընել եւ չենք ըրած, չենք ըներ։ Ինչպէ՞ս կարելի է ղեկավարութիւն խաղալ առանց այս տուեալները գիտնալու։ Եթէ ընթացքը շարունակուի, արմատական լուծում չգտնուի, ի՞նչ կ’ըլլայ եզրակացութիւնը:

            Պառակտումները ազգի հեռանկար չունին։ Ի վերջոյ, մեծ գիտնական ըլլալու կարիք չկայ հասկնալու համար, որ ազգին ծառայելու համար երբ կ’ընթանանք քանի մը տասնեակ ուղղութիւններով, տեսութիւններով, փորձերով եւ փորձութիւններով, վստահ կրնանք ըլլալ, որ զիրար պիտի խաչաձեւենք, իրարու պիտի բախինք։ Այս ընելով չենք ծառայեր ազգին, կը ծառայենք մեր թաքուն եւ բացայայտ թշնամիներուն։ Պառակտումներով ուժ չի ստեղծուիր, կոտրտած եւ բազմապատիկ ծրագիրները հեռանկար չեն կերտեր։ Էսթէպլիշմնթներու եսեր կը հովահարեն։ Ինչպէ՞ս պիտի հասնինք «դուն  իրաւունք ունիս» ըսելու իմաստութեան, կամ ֆրանսացի իմաստասէրին հետեւութեամբ կրկնելու, որ «ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»։

            Այսօր մեր ազգային եւ ընկերային կեանքին մէջ բազմակարծութիւնը չարաշահուած է եւ բազմաթիւ զանգակատուներ կը ղօղանջեն, բազմապատկուող ճշմարտութիւններով: Երբ ճշմարտութիւնները բազմաթիւ են, կը դադրին ճշմարտութիւն ըլլալէ:

Այնպէս ինչպէս որ ենք այսօր, այնպէս ինչպէս կը գործենք այսօր, ինչպէ՞ս հայրենիք պիտի պահենք, պիտի կերտենք, իրաւունք պիտի նուաճենք։ Կը հաւատամ, որ ազգին մէջ, Հայաստան եւ Սփիւռքներ, կան մեքենայութիւններէ հեռու, քոմպինացիաներու խաղէն դուրս վաղուան մասին մտածող, եսերէ հեռու, էսթէպլիշմընթներէն դուրս փառքի վաշխառու չեղող իմաստուններ, որոնք կրնան ազգի առաջնորդութեան ուղի ճշդել։ Ժողովուրդի ողջախոհութեան պէտք է հաւատալ եւ վստահիլ, ան է որ պիտի գտնէ իր առաջնորդը, առաջնորդող միտքը, մերժելով կեղծ ու կեղծիք։

            Ամերիկայի մեծ նախագահներէն, հայերուն ծանօթ Թոմաս Վուտրօ Ուիլսըն ըսած է. «Մենք կը մեծնանք երազներով։ Ամենամեծ մարդիկ երազողներ են»։ Այսօր ազգը կարիք ունի միացում երազող Մեծ Մարդոց, որ իրաւին համար եւ իրաւին շուրջ համախմբեն ազգը, որպէսզի միասին նայինք մէկ ուղղութեամբ։

            Ինչպէ՞ս կրնանք նայիլ մէկ ուղղութեամբ անթիւ, անհամար եւ տեւաբար աճող ամենագէտներու բազմաթիւ եւ բազմագոյն աչքերով։ Ապահովաբար կ’երթանք դէպի խորտակում, ուր եսերու համար դամբարաններ ալ պիտի չըլլան։

            Վեհանձնութիւն պէտք է կանգնելու եւ ըսելու. «Դուն իրաւունք ունիս»։

            Այս կարենալ ըսել իրաւ Մեծի առաքինութիւն է:

            Այս միտքերը զարդարելու համար, հաշուեցէ՛ք թէ քանի տասնեակ կուսակցութիւններ ունինք, քանի տասնեակ միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, իրենց նախագահներով, որոնց յայտարարութիւնները գետին թօփող քայլերու աղմուկ էր երէկ, է այսօր, անոնք ըլլան նորաստեղծ թէ հին:

            Ողջախոհութիւնը իմաստութեան առաջին քայլն է: Ինչո՞ւ յաճախ չենք խօսիր այս մասին, որպէսզի դադրինք ըլլալէ հէքիաթի բազմագլխանի առասպելը շարունա-կողներ:

            Որքան ալ տարօրինակ թուի շատերուն, քաղաքականութիւնը, հետեւաբար ղեկավարումը, մարդուն եւ ընկերութեան կը դաւաճանեն, եթէ չհետեւին Ի դարու մեծ գրող Ալպէր Քամիւի իմաստութեան, ըստ որուն, «կարելի չէ քաղաքականութիւնը անջատել բարոյականութենէ, առանց ծնունդ տալու խժաբանութիւններու»:

            Ինչպէս կ’ըսեն, ըսողին լսող պէտք է: Այս մշակոյթ է:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles