Արցախցիին Ցաւը Կարեւո՞ր Է

0 0
Read Time:2 Minute, 24 Second

ԼՈՌԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Վերջերս համաշխարհային լուրերու կայանները իրենց օրական ծրագիրը տրամադրած են Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող ողբալի դէպքերուն: Այդպիսով կը տարածեն կոչը, որ ուքրանացիներուն տանջանքը դադրեցնելը պէտք է միջազգային բոլոր կազմակերպութիւններու ու կառավարութիւններու առաջնահերթութիւնը ըլլայ: Լուրերը այնքան մեծ թափով այս կը քարոզեն, որ նոյնիսկ մենք սկսած ենք հաւատալ, թէ այս ամենատխուր ու անկիւնադարձային անարդարութիւնն է, որ աշխարհի վրայ տեղի ունեցած է: Ինչո՞ւ լուրերը երբեք այսքան չէին ազդուած Արցախի ժողովուրդին ցաւերուն նկատմամբ: Ուքրանիոյ դէմ պատերազմը անկասկած վշտալի է ու հազարաւոր անմեղ քաղաքացիներուն կեանքը խիստ վտանգի տակ դրած է: Սակայն անթիւ են տասնամեակներէ չարչարուող ազգերը աշխարհի վրայ, իսկ լուրերը անոնց առաւելագոյնը տարին անգամ մը կ՛անդրադառնան. այս օրերուն` երբեք: Երբ լուրերը կ՛որոշեն միայն մէկ ազգի տառապանքի լուրերը աշխարհին ներկայացնել, ուղղակի խեղդած կ՛ըլլան այլ ազգերու շռայլ օգնութեան կանչերը:
Ոճիրներ կը գործուին ամէն տեղ: Սակայն հետզհետէ կը յստականայ, որ լուրերը կը խօսին միայն իրենց երկիրներուն շահերուն համապատասխանող զոհերուն մասին: Յանցանքներուն մեծամասնութիւնը կը մնայ ծածուկ ու անոնց նահատակները` անձայն: Ե՞րբ էր վերջին անգամ, որ միջազգային լուրերէն լսեցինք արցախցիներուն մասին, պաղեստինցիներո՞ւն, սուրիացիներո՞ւն: Ցանկը անվերջ է: Համաշխարհային լուրերու կայաններու այս ընթացքը կ՛ոռոգէ ազգային խտրականութիւնը` բացագանչելով մէկ ազգին «գերազանց արժէքը»` այլ ազգերու հետ բաղդատած: Այս կը հաստատէ այն գաղափարը, որ մէկուն տառապանքը աւելի ցաւալի է, քան` միւսինը, ուստի արժանի է աւելի ուշադրութեան: Սակայն լուրերը կը սխալին: Անարդար է մարդկային վիշտը դասել կամ բաղդատել: Իրականութիւնը այն է, որ տանջուող բոլոր մարդոց արժէքն ու անոնց ցաւին կարեւորութիւնը հաւասար է` անկախ անոնց ազգային պատկանելիութենէն, թիւէն ու քաղաքական միջավայրէն:
Երեւակայեցէք` մէկը մեզի ըսէ, որ արցախցիներուն չարչարանքը նուազ ծանր է, քան` ուքրանացիներունը: Չէի՞նք զայրանար: Եթէ այո՛, ինչո՞ւ կ՛արտօնենք, որ լուրերը այսպիսի սխալ գաղափարներ ամէն օր տարածեն, եւ մենք լռութեամբ ընդունինք: Այսպիսով կ՛արդարացնենք համաշխարհային կայաններուն մշտական որոշումը` չհրապարակելու արցախցիներուն անտանելի պայմաններուն մասին լուրերը: Այս վնասակար մտածելակերպին տեղեակ` ջանանք շեշտել գոյութիւնն ու դժուար պայմանները այն միլիոնաւոր մարդոց, որոնց արցունքները հեռատեսիլներէ չենք տեսներ, եւ որոնց դէմ գործուած աղէտալի արարքները լուրերէն չեն դատապարտուիր:
Հասկնալի է` չենք կրնար միաժամանակ բոլոր ազգերուն վիշտերը մեր ուսերուն վրայ առնել: Սակայն չարտօնենք, որ լուրերու կայանները որոշեն մեր արժէքն ու մեր առաջնահերթութիւնները: Այդ պարագային, օր մըն ալ կը համոզուինք, որ այլ ազգերու խնդիրները աւելի արժանի են մարդկութեան ժամանակին ու կարեկցութեան: Այս մեր բնութեան դէմ է: Մենք մարդ ենք, բայց նաեւ` հայ: Ուստի մեզի տրուած է յատուկ սիրտ ու կարողութիւն` մեր ազգին վէրքերը բուժելու: Այս ազգային սիրոյն շնորհիւ` իւրաքանչիւր տառապող անձ ունի իրմով մտահոգուող սրտեր ու օգնող ձեռքեր: Հետեւաբար, եթէ ոչ մենք, ապա ո՞վ կրնայ մեր ազգը լաւապէս հասկնալ ու անոր կարիքներուն հասնիլ:
Ռուսիոյ ռումբերէն չխուլնանք Ազրպէյճանի կրակոցներուն հանդէպ, որոնք այս իսկ վայրկեանին կ՛ուղղուին դէպի մեր հայրենիքին պահապան կանգնող անմեղ գիւղացիներուն: Չմոռնանք, որ մեր ժողովուրդը ներկայիս առանց կազի կ՛ապրի Արցախի լեռնային ցուրտ շրջաններուն մէջ: Այս նոյնքան ափսոսալի չէ՞, որքան` երկիրէն փախչող ուքրանացիին լուրը: Ամօ՛թ մեզի, եթէ արցախցիին աղէտներուն լուրերը անտեսենք ու օգնելու չմղուինք: Ամօ՛թ մեզի, եթէ միշտ միջոցներ չփնտռենք արցախցիին կեանքը բարելաւելու: Այդ օրը մենք կը դադրինք հայ ըլլալէ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles