Ո’Չ ԱՊԱԶԻՆՄԱՆ… ՀԱՉՍ ԱՊԱՒԻՆՄԱՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 25 Second

Գիւմրիի ռուսական զինուորական խարիսխին վերաբերեալ համաձայնագիրի գործողութեան ժամկէտը մինչեւ 2044 թուական երկարաձգելու մասին արձանագրութիւնները, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Տմիթրի Մէտվետեւի միջեւ, գործի լծած է դէտեր, քաղաքական վերլուծումներ կատարող հիմնարկներ, մասնագէտներ, քաղաքագէտներ եւ նոյնիսկ պարզ քաղաքացիներ:
Տարբեր կարծիք, տարբեր մտածելակերպ, տարբեր դիտանկիւններ ու հորիզոններ կ’արծարծուին թէ’ ազգային եւ թէ’ միջազգային բնագաւառներէ ներս:
Ցարական Ռուսաստանի օրերուն իսկ, դէպի «տաք ջուրեր» ներթափանցելու քաղաքականութիւնը, որ շատ աւելի ծաւալողապաշտ մօտեցումով, կը կիրարկուէր Խորհրդային Միութեան օրերուն, այսօր շատ աւելի լուսանցքային կերպով կը շարունակուի, անշուշտ բազմիցս հանդիպելով դժուարութիւններու, արգելքներու, այդ նոյնինքն Կովկասեան բարձրաւանդակէն ներս: Անջատողական Չէչեններու մղած պայքարին դէմ կատարուած սաստիկ յարձակումները, նաեւ Հարաւային Օսեթիոյ եւ Ապխազիոյ վրայ կատարած Վրաստանի յարձակումը (որուն արդիւնք ռուսական ուժեր ստիպուեցան միջամտել եւ հեռացնել վրացի բանակը մինչեւ մայրաքաղաք Թիֆլիսի դռները…2008ի ամրան) կը փաստեն, թէ Ռուսաստանի համար, հարաւն ու Սեւ Ծովը կը մնան միշտ կարեւոր ու առաջնահերթ: Հոս տեղին է նշել թէ, քանի մը ամիս առաջ, Ապրիլ 2010ին, Ռուսաստան այլ կարեւոր համաձայնագիր մը կնքած էր Ուքրայինայի հետ, այս անգամ իր նաւատորմիղին ներկայութիւնը ապահովելու:
Գիւմրիի խարիսխին ներկայութիւնը շաղկապուած է ռուսական ծովուժին ստորագրած այդ համաձայնութեան: Յստակ է թէ Ռուսաստան իր ներկայութիւնը կ’ուզէ վերամրացնել նախկին Խորհրդային Միութեան շրջաններէն ներս, պահել Կովկասեան Բարձրաւանդակի անդորրութիւնը, մանաւանդ որ վերջերս Իրան, բազմիցս գործի լծած է իր հիւլէական համակարգն ու կեդրոնները: Երեւոյթ մը, որ կը մտահոգէ Արեւմուտքը եւ ակն ընդ ական, Ռուսական ներկայութիւն մը կրնայ նկատուիլ ապահով պարիսպ մը…նեցուկ մը:
Ո’չ ապազինման…հաչս ապաւինման ակնոցով դիտուած, Ռուսական զինուորական խարիսխը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ գտնուելու ժամանակաշրջանին, Ռուսաստանի շահերու պաշտպանութեան կողքին, նաեւ Հայաստանի զինեալ ուժերուն հետ, պիտի ապահովէ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը:
Մինչ այդ վրացի դէտ Մամուքա Արեշիծէի համար, Գիւմրիի խարիսխի համաձայնագիրը Դամոկլեան սուր մըն է Վրաստանի համար, իսկ Ատրպէյճանի համար, Արցախի ամրապնդման ի նպաստ սովորական «թութակաբանութիւն» մը:

 »Հայ­րե­նիք«

Օգոս­տոս 24, 2010

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles