ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.Ի Հ.Օ.Մ.Ի 90ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

0 0
Read Time:5 Minute, 11 Second
100 ամեակի յատուկ յուշատախտակներ յանձնուեցան մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն

Զանազան շրջաններէ ժամանած պատգամաւորներ եւ հիւրեր ժամանած էին Ռիչմընտ (Վըրճինիա), ուր տեղւոյն «Սիեռա» պանդոկին մէջ կատարուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի 90րդ պատգամաւորական ժողովը, հիւրընկալութեամբ տեղւոյն «Յոյս» մասնաճիւղին, Յուլիս 15էն 18, 2010ին:

Պատգամաւորական ժողովի մասնակիցները ներկայացուցին Հ.Օ.Մ.ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի Նիւ Ճըրզիի, Նիւ Եորքի, Ռոտ Այլընտի, Մասաչուսէցի, Փէնսիլվանիայի, Քանեթիքըթի, Վիրճինիայի, Միշիկընի, Իլինոյի եւ Ուաշինկթընի մասնաճիւղերը:  Ներկայացուցիչներուն միացան Հ.Օ.Մ.ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի կեդրոնական վարչութիւնը, եւ հիւրեր:

Հ.Օ.Մ. Ռիչմընտ հիւրընկալ «Յոյս» մասնաճիւղի անդամները

Բացման խօսքը կատարեց «Յոյս» մասնաճիւղի ատենապետուհի Սոնա Փօմֆրէթ, որ բարի գալուստ մաղթեց ժողովականներուն: Ապա խօսք առաւ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Սիլվա Գույումճեան, որ շնորհակալութիւն մաղթեց տեղւոյն մասնաճիւղին, կազմակերպելու համար այս ժողովը:

Ապա բարի գալուստի խօսքերը փոխանցեց Առաջնորդական Փոխանորդ Արք. Անուշաւան Դանիէլեան: Ան ըսաւ թէ Հանրային կազմակերպութիւններ, իրենց գործունէութեան երկարատեւ շրջանին մէջ, պէտք ունին ժամանակին հետ քալելու, պատշաճելու՝ ներքին այն ստիպողութեանց եւ հարկադրանքներուն, որոնք մեր կեանքէն կը թելադրուին: Արդ, այս տեսակէտով, Հ.Օ.Մ.ը թարմ ու կենսունակ միութիւն մը մնաց իր մարզէն մինչեւ կրթական ճակատ, տարուէ տարի վերանորոգուելով եւ դառնալով վիթխարի ծառ մը, կառչած ու յենած իր խոր արմատներուն:

Անժէլ Մանուկեան, որ կը ներկայացնէր շրջանի «Շիրակեան» Կեդրոնական կոմիտէն, անդրադարձաւ հարիւր տարուայ պատմութիւն ունեցող Հ.Օ.Մ.ի կատարած աշխատանքներուն մասին: Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Շաքէ Պասմաճեան, իր կարգին շեշտեց թէ Հ.Օ.Մ.ը հետեւողական ձեւով կը շարունակէ գործադրելու ծառայելու հրամայականը: Ան աւելցուց թէ Հ.Օ.Մ.ը, իր կազմութեան թէ հարիւրամեայ գործունէութեան ընդհանուր նկարագրով, իսկապէս ժողովրդային եւ ժողովրդական կազմակերպութիւն մը, նիւթական թէ բարոյական իր ուժը կը ստանայ մեր բազմութիւններէն եւ առաքելութեան մարզ կ’ընդունի նոյն այդ բազմութիւնները՝ առանց խտրական հոգեբանութեան եւ ժամանակավրէպ վերապահութիւններու:

Ընկհ. Անժէլ Մանուկեան կը ստանայ «Ակնունի» մրցանակը

Վերջին շնորհաւորական խօսքը փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Շրջանի ներկայացուցիչ եղբ. Յովիկ Աբգարեան:

Նշենք թէ, Ռիչմընտի ներկայացուցիչ Ճոն Օ°պէնըն, ներկայ էր բացման հանդիսութեան, իր յատուկ շնորհաւորական խօսքը յայտնելու եւ շեշտելու թէ, Ռիչմընտի մէջ երիտասարդ հայորդիներ ամէնայն նուիրումով կը ծառայեն աշխատանքային զանազան բնագաւառներէն ներս: Այս առթիւ, Հ.Օ.Մ.ի Շրջանային Վարչութիւնը, ներկայացուցիչ Օ°պէնընին շնորհեց յատուկ գրքոյկ մը՝ «Դար Մը Յուշեր» (A Century of Memories), պատմական հրատարակութիւն մը, Հ.Օ.Մ.ի կատարելագործած աշխատանքներուն մասին, կատարուած վերջին հարիւր տարիներու ընթացքին, որ լոյս տեսաւ եւ ցրուեցաւ Հ.Օ.Մ.ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի ճաշկերոյթին, կատարուած  Նիւ Եորքի մէջ, նախաձեռնելով շրջանի դրամահաւաքական աշխատանքները հարիւրամեակի  տօնակատարութեան առթիւ:

Տեղւոյն շրջանի հովիւներ՝ Մեսրոպ Յովսէփեան (Ամէնայն Հայոց Թեմ) եւ Սարգիս Ագթաւուգեան ( Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Թեմ) ներկայ էին եւ այս առթիւ կատարեցին յատուկ պատարագ:

Կարճ դադարէ մը ետք, ազդանշանը տրուեցաւ ժողովին: Առաջին հերթին կատարուեցան ժողովի եւ զանազան մարմիններու ընտրութիւններ: Ժողովի ատենապետներ ընտրուեցան Սեւան Քոլէճեան (հայերէն լեզուով, «Սաթենիկ» մասնաճիւղ, Ուաշինկթըն) եւ Մանուկ Գաբրիէլեան (անգլերէն լեզուով, «Անի» մասնաճիւղ, Ռոտ Այլընտ): Իսկ քարտուղար ընտրուեցան՝ Անիթա Մանկասարեան Պոլզ (անգլերէն լեզուով՝ «Հաւատք» մասնաճիւղ, Հարթֆըրտ), Սիրան Չոլաքեան (անգլերէն լեզուով, «Մարօ» մասնաճիւղ, Տիթրոյթ), Վարդ Քոմրիկեան (հայերէն լեզուով, «Արտեմիս» մասնաճիւղ, Ֆիլատելֆիա), Լիզա Տէօքմէճեան (հայերէն լեզուով, «Սաթենիկ» մասնաճիւղ, Ուաշինկթըն):

«Դար Ակումբ»ի բաժակը կը ստանձնէ «Շաքէ» մասնաճիւղի ատենապետուհի Անի Քէշիշեան

Հրաւիրուած հիւրերն էին –Անի Աթթար («Ցոլիկ» մասնաճիւղ, Տիթրոյթ) եւ Վալանթին Պէրպէրեան («Մայր» մասնաճիւղ, Նիւ Եորք): Այս վերջինը նաեւ ընտրուեցաւ խորհրդարանական: Մարօ Նալպանտեան ստանձնեց ժողովի ներկայութեան պատասխանատուութեան պաշտօնը:

Ուրբաթ, Յուլիս  16ին ներկայացուեցաւ տեղեկագիրը, որ կարդաց ատենապետուհի Սիլվա Գույումճեան:  Կատարուեցաւ հարցումպատասխան եւ լուսաբանութիւն: Նիւթական տեղեկագիրը ներկայացուց վարչութեան գանձապահ՝ Քարոլին Շմաւոնեան, որ մանրամասնութեամբ եւ բծախնդրութեամբ պատրաստուած էր:  Նաեւ վաւերացուեցաւ 20102011 տարեշրջանի պիւտճէն:

Կէսօրէ ետք, ժողովականները առիթը ունեցան պտտելու Ռիչմընտի պատմական վայրերը, որոնց կարգին «Սէնթ Ճոն» եկեղեցին, ուր Փէթրիք Հէնրի կատարած է իր հռչակաւոր ճառախօսութիւնը՝ «Տուէք ազատութիւնս կամ մահս»: Անոնք ներկայ եղան դերակատարութեան սոյն թեմային: Ապա, ժողովականները ընթրեցին շրջանի ծանօթ ճաշարաններէն մէկուն մէջ:

Շաբաթ օր, Յուլիս 17ին ժողովը շարունակեց իր օրակարգը եւ վերջապէս ընտրեց նոր Շրջանային Վարչութիւն մը, որ կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէն. Սիլվա Գույումճեան (Նիւ Ճըրզի), Սիւզան Ազարեան (Նիւ Ճըրզի, Քարոլին Շմաւոնեան (Փէնսիլվանիա), Քարոլ Ճաֆարեան (Մասաչուսէց), Վարսէն Պետրոսեան (Ուաշինկթըն), Վալենթին Պէրպէրեան (Նիւ Եորք) եւ Անի Աթթար (Միշիկըն):

Ապա երեկոյեան կատարուեցաւ Խրախճանք, մասնակցութեամբ Օննիկ Տինքճեանի եւ իր պարախումբին:

90րդ Պատգամաւորական ժողովի բացման հանդիսութիւն

Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի Հ.Յ.Դ. «Շիրակեան»  Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Անդրանիկ Գասպարեան խօսք առնելով շնորհաւորեց Ռիչմընտի Հ.Օ.Մ.ի գործունեայ մասնաճիւղը, որ ամէն ճիգ թափած էր լաւապէս կազմակերպելու այս ժողովը: Ան նաեւ յայտնեց թէ շրջանի երիտասարդութիւնը զանազան բնագաւառներէ ներս աշխատանք կը տանի ի նպաստ Հայ Դատին:

Նշենք թէ, Սիլվա Գույումճեան «Դար Ակումբ»ի շրջուն բաժակը ներկայացուց Նիւ Ճըրզիի «Շաքէ» մասնաճիւղին, նկատի ունենալով որ շրջանը կրցած էր լաւագոյն անդամարշաւը կատարել: Մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Անի Քէշիշեան ստացաւ այս բաժակը: Նշենք թէ ոեւէ անհատ կրնայ անդամակցիլ այս «Դար Ակումբ»ին, տարեկան հարիւր տոլարի գումար մը յատկացնելով:

«Ակնունի» տիտղոսը կը յանձնուի այն անհատին կամ հիմնարկին, որ հետեւողական ձեւով ծառայած է Հ.Օ.Մ.ին, թիկունք կանգնելով անոր աշխատանքներուն: Այս տարուան «Ակնունի» տիտղոսը յանձնուեցաւ անաչառօրէն Հ. Օ.Մ.ին ծառայած Անժէլ Մանուկեանին, որ ամէնայն համեստութեամբ ընդունեց զայն եւ յայտնեց թէ հարիւրամեակ մը բոլորուած է եւ կը պատրաստուի այլ հարիւրամեակ մը, շարունակ բարձր պահելով Հ.Օ.Մ.ի դրօշը: «Որ կողմէ ալ դիտենք այս կուռ կազմակերպութեան գործը, չենք կրնար չհիանալ հայ ժողովուրդի կենսունակութեան եւ տոկալու, պայքարելու, յաղթանակելու կամքին: Հ.Օ.Մ.ը իբրեւ բացառապէս ժողովրդային կազմակերպութիւն՝ ցուցանիշ մըն է, հայ ժողովուրդի մարդասիրական եւ կրթանուէր զգացումներու արտայայտութիւնը ըլլալու տեսակէտով:…Որեւէ կազմակերպուած հաւաքականութիւն նո°յնիսկ պետական հովանի ունեցող ժողովուրդներ, պիտի չկարենային Հ.Օ.Մ.ի չափ շօշափելի եւ փրկարար աշխատանք իրագործել հայկական արտասահմանի նման ցրուած ու տարածուն գաղութներու մէջ», ըսաւ ան:

Ընկհ. Սիլվա Գույումճեան կը նուիրէ «Դար Մը Յուշեր» գիրքը Ճոն Օպէնընին

Պատգամաւորական ժողովը շնորհակալութիւն յայտնեց  հրաժարեալ Շրջանային Վարչութեան անդամներ Գոհարիկ Դաւիթեանի եւ Անայիս Չոլաքեանի, որոնք չորս տարի շարունակած էին իրենց պաշտօնը: Սիլվա Գույումճեան նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Յոյս» մասնաճիւղի ատենապետուհի Սօնա Փօմֆրէթի, որ իր գործընկերներուն հետ, ամէնայն բծախնդրութեամբ պատրաստած էր այս պատգամաւորական ժողովը: Գույումճեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց  գործավար Վարդուհի Չիլոյեանին, որ իր կարգին միշտ ալ ներկայ եղած էր ու շարունակ աշխատած ի շահ Հ.Օ.Մ.ին:

Ժողովը մեծ յաջողութեամբ աւարտեցաւ եւ պատգամաւորներ յիշատակելի յուշերով հեռացան Ռիչմընտէն:

Փրովիտենսի մասնաճիւղերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին հիւրընկալելու 91րդ Պատգամաւորական Ժողովը Յուլիս 2011ին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles