Կիրակի, Օգոստոս 18-ին, Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առթիւ, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ուխտի պատարագ մատուցանեց Ուայթընզվիլի (Մասաչուսէց) Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Սրբազան Հայրը, անդրադառնալով օրուան տօնի խորհուրդին, վեր առաւ Սուրբ Մարիամի մէջ ցոլացող գերագոյն առաքինութիւնները՝ Հաւատք, Հնազանդութիւն եւ Յանձնառութիւն։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ դաշտագնացութիւն, աւելի քան ութ հարիւր հայ եւ օտար հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Անդաստանի եւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնները անգամ մը եւս առիթ հանդիսացան որ ներկաները անդրադառնան եւ արժեւորեն բնութեան առատ բարիքները։ Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց արարողութեան, առընթերակայութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւներուն՝ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժպ․ Տէր Միքայէլ Քհն․ Տէր Խոսրովեանի, նախկին հովիւ՝ Արժպ․ Տէր Արամ Ա. Քհն․ Ստեփանեանի, Արժպ․ Տէր Պետրոս Քհն․ Շիթիլեանի՝ հովիւ Ինտիըն Օրչըրտի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, Արժպ․ Տ. Ստեփան Քհն․ Պալճեանի՝ հովիւ Նորթ Անտովըրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, Արժպ․ Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեանի՝ հովիւ Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ, Արժպ․ Տ Թադէոս Քհն․ Բարսեղեանի, հովիւ Ուստըրի էջմիածնական Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ։