ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ.- ԳԵՐՊ. Տ. ՍԱՀԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ԵՄԻՇԵԱՆ ՄԱՏՈՒՑԵՑ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳ

0 0
Read Time:1 Minute, 19 Second

Կիրակի, Օգոստոս 11-ին, նախագահութեամբ՝ Ա․Մ․Ն․․ Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, Նիւ Ճըրզիի (Ռիճֆիլտ) Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, որ Յուլիս 1-ին ընտրուած էր Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ, հրաժեշտի Սուրբ Պատարագը մատուցեց։ Իր քարոզին մէջ, վեր առնելով յոյսի եւ բարեսիրութեան գաղափարը, Հայր Սուրբը յորդորեց հաւատացեալները հետեւիլ այդ ճանապարհին եւ պահպանել ու զարգացնել Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ համայնքին գործունէութիւնը։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին յաւուր պատշաճի խօսք առին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ պրն. Հրաչ Մեսրոպեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան, եւ եկեղեցւոյ յարակից մարմիններու ու քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Իր խօսքին մէջ, Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ ծուխին, որ իրեն առիթը ընծայած էին հովուական պաշտօնով իր ծառայութիւնը արդիւնաւորելու։ Գործակցութեան ոգին բանալին ըլլալով յաջողութեան, ան թելադրեց, որ այդ նոյն ոգին դառնայ մղիչ ուժը գաղութային կեանքին, որ պիտի զօրացնէ եկեղեցական թէ աշխարհական բոլոր կառոյցները, կերտելով աւելի փայլուն ապագայ։ Փակման խօսքը կատարեց Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, որ յայտնեց.- «Անցնող տասնամեակին Ա․Մ․Ն․-ի մէջ ուսանողութեան կողքին Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանի հովուական ծառայութիւնը՝ որպէս հոգեւոր հովիւ Ուստըրի Ս. Երրորդութիւն եւ Նիւ Ճըրզիի Ս. Վարդանանց եկեղեցիներուն, ինչպէս նաև առաջնորդական փոխանորդ եւ տեսուչ «Տաթեւ» լսարանին, մեծապէս սատարեց Թեմիս զարգացման եւ յառաջդիմութեան: Բոլոր պաշտօնները կատարած է ամենայն բծախնդրութեամբ, ստեղծելով յարգանք եւ հիացում ո՛չ միայն իր անձին, այլ նաև Կիլիկեան Սուրբ Աթոռին եւ Հայ եկեղեցւոյ հանդէպ: Վստահ ենք, որ Առաջնորդական նոր լուծը ան պիտի կրէ իր նկարագրին յարիր  պատասխանատուութեան բարձրագոյն մակարդակով»։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles