Արձանագրութիւնները սկսած են։ 2022 տարեշրջանի «Զարմանազան»՝ արեւմտահայերէնով ամառնային ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու Օթ-Սաւուա (Haute-Savoie) կոչուած շրջանը, 11 Յուլիսէն մինչեւ 6 Օգոստոս 2022։
Զարմանազանը այն վայրն է, ուր վայելքով՝ լեզուն կ՚իւրացուի ու այս նպատակով կը հաւաքուին սփիւռքի երեխաները, երիտասարդները, ուսուցիչները եւ ուղեկիցները։
Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ, որոնք սերտօրէն առնչուած են իրարու.
- 10-էն 17 տարեկան երեխաներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը,
- 18-էն 24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ծրագիր մը,
- Սփիւռքի արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած համալսարանական ծրագիր մը։
Պատանիները եւ երիտասարդները իրենց տարիքին համաձայն զանազան աշխատանոցներու պիտի մասնակցին, ինչպէս՝ տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, արհեստներ, երաժշտութիւն, մարմնային եւ թատերական արտայայտութեան զարգացում, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբային խաղեր, բնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ։
Բոլոր նիստերուն ու աշխատանոցներուն ընթացքին՝ յարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը, մասնագէտ ու տաղանդաւոր ուղեկիցներու ներկայութեամբ։ Երիտասարդներու խումբին մասնակիցները պէտք է միջին մակարդակով հայերէն գիտնան։
Այս երկու ծրագիրներու մասնակիցներուն թիւը սահմանափակ է։ Հաճեցէք նկատի առնել նաեւ արձանագրութիւններուն ժամկէտը՝ 6 Մարտ 2022։
Գալով սփիւռքի արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած խտացեալ ծրագրին՝ մէկ մասը տեղի կ՚ունենայ Զարմանազանի ընթացքին, իսկ միւս մասը առցանց՝ տարուան ընթացքին եւ կ՚աւարտի Ինալքոյի կողմէ վկայագիրով մը։ Ծրագիրը կը վարեն մասնագէտներ, որոնք կ՚առաջարկեն թէ՛ տեսական դասաւանդութիւն մը, թէ՛ ալ վերապատրաստութեան խմբային աշխատանքներ։ Այս ծրագրին միայն 15 ուսուցիչ կարելի է ընդունիլ։ Ծրագրին եւ արձանագրութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հրապարակուին շուտով։
Քովիտի համաճարակին առնչութեամբ՝ ճամբարին կազմակերպութիւնը պիտի հետեւի Ֆրանսայի առողջապահական պարտադիր կանոններուն. զգուշաւոր շարժուձեւեր, մաքրութիւն, հականեխում, բժշկական հսկողութիւն եւ այլ կանոններ, որոնք մանրամասն յայտարարուած են։
Ինչ կը վերաբերի մասնակիցներու պատուաստումին, պիտի հետեւինք նոյնպէս Ֆրանսայի մէջ ընդունուած կանոններուն։ Մասնակիցներէն կը խնդրուի որ տեղեկանան նաեւ իրենց բնակած երկիրներէն դէպի Ֆրանսա ճամբորդութեան կանոններուն։
Արձանագրութեան եւ այլ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք՝
«Զարմանազան» մանկավարժական ծրագիրը ստեղծուած է 2017-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին կողմէ, որպէս արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագրին մէկ բաժինը։ Կազմակերպուած է Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան եւ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկին համագործակցութեամբ։
«Զարմանազան» ծրագիրը վաւերացուած է Ֆրանսայի Երիտասարդութեան եւ Մարզանքի Նախարարութեան կողմէ։