Ա.Ա.
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան Հարաւային Կովկասի մէջ ռազմաքաղաքական նոր իրավիճակներ ստեղծելու տենդագին աշխատանքին լծուած են։ Մէկ կողմէ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման ծրագիրը յառաջ քշելով եւ միւս կողմէ բոլոր ծրագրերը Ատրպէյճանի հետ համակարգելու Թուրքիոյ որոշումը անդադար յիշեցնելով՝ Անգարայի իշխանութիւնները խորքին մէջ մարտահրաւէր կը կարդան Հարաւային Կովկասի մէջ քաղաքական, զինուորական, տնտեսական թէ մշակութային խոր ազդեցութիւն ունեցող Ռուսիոյ, որ այս օրերուն Ուքրայինայի տագնապին պատճառով բաւական վտանգաւոր լարուածութիւն մը կ՛ապրի Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕ-ի հետ։ Իսկ Թուրքիա, ինչպէս միշտ, դարձեալ կը ջանայ կացութիւնները եւ ստեղծուած իրավիճակները ի նպաստ իր շահերուն ծառայեցնել եւ յատկապէս հարաւային կովկասեան խճանկարին մէջ ներկայանալ շրջանային ուժ մը, որ Ռուսիոյ մրցակիցը դառնալու կարողութիւնն ու ուժը ունի։
Թուրքիա- Ատրպէյճան համակարգման ծիրին մէջ առաջին հերթին պէտք է ի մտի ունենալ վերջին օրերուն Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի Անգարա այցելութեան կապուած զարգացումները, որոնք զուգահեռաբար կ՛ընթանան Ռուսիա- Արեւմուտք խոր լարուածութեան հետ։ Հասանովի Թուրքիա այցելութեան մասին պաշտօնական տեղեկատուութիւններ հրապարակուեցան թէ՛ Անգարայի եւ թէ՛ Պաքուի կողմէ, որոնք շեշտեցին թուրքեւատրպէյճանական ամբողջական համակարգման կարեւորութիւնը, ինչ կը վերաբերի թրքական եւ ատրպէյճանական բանակներուն միջեւ սերտ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ՝ հայեւթուրք դիւանագիտական յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն։ Այս շեշտադրումը որքան Հայաստանի, նոյնքան ալ Ռուսիոյ ուղղուած քաղաքական պատգամ մըն է, որովհետեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ բանագնացներուն՝ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըճի Մոսկուայի մէջ ունեցած անդրանիկ հանդիպումէն ետք, այժմ կը խօսուի բանագնացներուն յաջորդ հանդիպումը Անգարայի մէջ կայացնելու հաւանականութեան մասին՝ Ռուսիոյ ունենալիք դերակատարութեան նսեցման ենթահողի մը վրայ, նկատի ունենալով, որ հայեւթուրք յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւնները Ռուսիայէն «անկախացնելու» թրքական ճիգերը ակնյայտ են եւ կը հետապնդեն քաղաքական որոշ նպատակներ, ինչ կը վերաբերի Հարաւային Կովկասի մէջ ռազմաքաղաքական նոր իրավիճակի մը ստեղծման մէջ թուրքեւատրպէյճանական ճակատին հետապնդած քաղաքականութեան, որուն գլխաւոր նպատակները Արցախի վրայ ամբողջական հակակշիռի հաստատումն ու Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ցամաքային կապի ատրպէյճանական պատկերացման գործադրութիւնն է, որ «Զանգեզուրի Միջանցք» անուամբ կը ներկայացուի։
Արցախեան երկրորդ պատերազմէն յաղթական դուրս եկած Ատրպէյճան, Թուրքիոյ ամբողջական նեցուկն ու զօրակցութիւնը վայելելով, ներկայիս կը ջանայ իր պայմանները պարտադրել՝ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի մը, ինչպէս նաեւ հարաւային կովկասեան կայունութեան եւ բարգաւաճման պատկերացումներով, որոնք պարզապէս մաս կը կազմեն հայկական կողմը որոշ պարտադրանքներու առաջնորդող ծրագրերու ամբողջական փաթէթի մը, ուր նաեւ ռուսական գործօնը իր կարեւոր բաժինը ունի։ Այս ծիրին մէջ պէտք չէ մտահան ընել Ուքրայինայի տագնապը, որուն պատճառած Թուրքիա- Ռուսիա լարուածութիւնը կրնայ կապերու խզման առաջնորդել, նոյնիսկ երբ թէ՛ Մոսկուա եւ թէ՛ Անգարա կը շարունակեն պնդել, որ ռուսեւթրքական յարաբերութիւնները կը գտնուին լաւ մակարդակի վրայ, որովհետեւ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ քաղաքական եւ զինուորական շահերը իրարու կը համընկնին։
Ուքրայինայի տագնապին կապուած զարգացումները սակայն այլ բան կը յուշեն։ Նախ թրքական «Պայրաքտար» տիպի անօդաչու սարքերու Ուքրանիոյ մատակարարումը կը շարունակուի, մինչ ռուսական բանակը իր կարգին կը շարունակէ Ուքրայինայի հետ իր սահմանին ամբողջ երկայնքին ուժ կուտակել։ Անգարա բնաւ ուրախ չէ, որ նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքներուն մէջ ռուսական զինուորական ազդեցութեան գօտիներու ամրապնդման ծրագրերը գործադրութեան հանգրուան մտնելու տուեալները ցոյց կու տան։ Նման կացութեան մը մէջ թուրքերուն խոր մտահոգութիւն պատճառողը Արցախեան իրավիճակն է, որ Ռուսիոյ կողմէ կրնայ մէկ օրէն միւսը զինուորական խաղաքարտի վերածուիլ՝ պաղ ջուր լեցնելով թուրքեւատրպէյճանական ծրագրերուն վրայ։ Ռուսերը այնքան ալ հաշտ աչքով չեն դիտեր Հարաւային Կովկասի մէջ թուրքեւատրպէյճանական նկրտումները եւ առիթը պիտի չփախցնեն՝ վերջին խօսքին տէրը ըլլալու պատգամը թրքական ճակատին երեսին շպրտելու համար։ Այդ առիթը Արցախն է եւ հայկական կողմը այս կարելիութեան պէտք է պատրաստ ըլլայ։