«Բախտաւոր» Անտունին՝ Հօմլէսը

0 0
Read Time:7 Minute, 18 Second

Գէորգ Պետիկեան

Մարդիկ իրենց կեանքի ընթացքին կրնան հանդիպիլ բազմազան, անգոյն եւ գունաւոր հարցերու, դէմքերու, դէպքերու, տեսարաններու, երեւոյթներու, իրավիճակներու եւ կամ խնդիրներու, որոնք իրենց համար անհասկնալի կը թուին եւ նոյնիսկ՝ անբացատրելի: Այս երբեք չի նշանակեր, որ իրենք «տընպօ» են, այլ, պարզապէս այդ վայրկեանին ստեղծուած վիճակին, հարցին կամ կացութեան չկարենալով արագ մը եզրակացութեան յանգիլ եւ լուծում մը գտնել, իրենց դէմքին վրայ զարմանքի նման ինքնածին հարցական մը գծելով կամ մտահոգութիւն ենթադրող հարցում մը տալով՝ կը բաւականանան:

Ես ալ, այդ օր, նոյնը ապրեցայ: Պարզեմ: Դարձեալ էրիկ-կնիկ մեր տղուն մօտն ենք: Հեռուն, շատ հեռուն գտնուող Ռիբան գիւղը, ուր իր բժշկական գրասենեակ-կեդրոնը հաստատած է: Գիւղ մը, որ դաշտերու ընդարձակ խաղաղութեան մէջ պառկած է միշտ: Այս անգամ եկած ենք ո՛չ թէ «օդափոխութեան», այլ՝ իբրեւ ծնողք, օգնելու իր գրասենեակի կարգ մը կարեւոր աշխատանքներուն: Կինս, բացակայ պաշտօնեայ օրիորդին տեղը գրաւելով, հեռաձայներուն պիտի պատասխանէր, իսկ ես ալ, գրասենեակի «անկարգ» պահեստանոցը «կարգի» պիտի բերէի: Թուղթեր, հին տուփեր, աւելորդ նկատուած ապրանքները պիտի հաւաքէի, դարակները պիտի սրբէի, մաքրէի, դասաւորէի, թուղթ «բզքտիչ» մեքենային բերանը պիտի տայի կարգ մը անպէտք ստացագիրներն ու նամակները եւ գէշ աղէկ պիտի շտկրտէի: Մէկ խօսքով, այն ինչ որ շատեր իրենց կարաժի կամ պահեստանոցի մաքրութեան համար «մեքսիքացի» մը կը վարձէին, ես ալ ճիշդ անոր պաշտօնը պիտի կատարէի, սակայն հաճոյքով եւ սիրայօժար ու պատրաստակամ:

Այդ օր, հակառակ անոր, որ երկինքը ամպոտած էր եւ մշուշ մը բռնած էր լեռները, սակայն թեթեւ կապոյտ մը կար հորիզոնին վրայ: Կը հաւատայի, որ այս «ընթացքով», օրը ախորժելի շարունակութիւն կրնար խոստանալ: «Գործիս» գիտակցութիւնը շալկած, մինչեւ կէսօր «մէկ կտոր» աշխատեցայ, առանց տրտնջալու, խօսելու եւ կամ օգնութիւն խնդրելու, միժամանակ մեղմ, հայկական առցանց կայան մը մտիկ ընելով:

Վերջապէս հասաւ ճաշի ժամը: Տղաս խնդրեց, որ իր ինքնաշարժով երթամ, գրասենեակէն մօտ քսան վայրկեան անդին գտնուող «պըրկրը քինկ»-էն, որոշ ուտելիքներ բերեմ: Հնազանդեցայ: Բոլորին պատուէրները թուղթի մը վրայ արձանագրելէ եւ քանի մը անգամ կնոջս եւ տղուս այդ ճաշարանին հասցէն լսելէ եւ սպառիչ բացատրութիւններ ստանալէ ետք, գլուխս քանի մը անգամ եւ անձայն աջ-ձախ շարժելէ ետք ճամբայ ինկայ: Է՜հ, ես ալ մարդ էի, քիչ շատ անգլերէն գրել-կարդալ-խօսիլ եւ մանաւանդ քարտէս նայիլ ալ գիտէի, ուրեմն ինչո՞ւ այսքան երկայն բացատրութիւն: Արդեօ՞ք այսքան ցուցմունք պէ՞տք էր, որ ստանայի: Զրամանալի: Կասկած չկար, որ բոլորին աչքին «ծերուկ» մըն էի եւ մանաւանդ օտար գիւղի ճամբաներուն անծանօթ:

-«Հիմա գիտցա՞ր ճիշդ տեղը…կամաց քշէ՛, հա՜…, շատ չուշանաս…, եթէ կորսուիս, շուտ մը հեռաձայնէ»:

Շատ հաւանաբար, երկուքն ալ մտահոգ էին: Անհատնում ցուցմունքներ: Իրաւունք ունէին: Բայց, չէ՞ որ ամէն բան չափ ու սահման ունէր: Արդ, որո՞ւ կրնաս ըսել…, որո՞ւ կրնաս բողոքել…: «Եղած ես ուլիկ, պիտի ուտես խոտիկ» կ’ըսէ հայկական առածը: Եւ ճիշդ է:

Է՜հ, վերջապէս տարիք էր…, ուստի, ինձմէ ձեզի խրատ, չծերանա՛ք:

Այս ձեւով ճամբեցին զիս: Բարի «բախտէս», հազիւ կէս ճամբան հասած էի, անդրադարձայ, որ ինքնաշարժը «անկարգ» սկսած էր շարժիլ: Անմիջապէս ղեկին ետեւ գտնուող լուսաւոր պաստառին վրայ ցուցադրուեցաւ, թէ անիւներէն մէկը «իջած» էր: Փառք, արդիականացումին:

-«Գամ մը մտած ըլլալու էր եւ կամ՝ պայթած», մտովի ես զիս համոզեցի ու անմիջապէս աջս առնելով, մայթին ճիշդ քովը կանգ առի: Դուրս ելայ եւ սկսայ անիւները մէկ առ մէկ քննել: Ճիշդ էի, ետիւի անիւներէն մէկը շատ ցած էր: Թերեւս՝ պայթած:

Հիմա ի՞նչ պիտի ընէի…: Ուղեղս, ի տես այս անակնկալ «նորութեան» կարծես սառած էր: Իսկապէս շուարած էի: Հանդարտելու եւ խորհելու քաջութիւնս ցնդած էր: Ահա թէ ինչո՞ւ մէջս ծնած էր լռակեաց տագնապը: Անմիջապէս ինքնաշարժի պահեստի բաժինը բացի ու փորձեցի հոն պահ դրուած անիւը դուրս բերել, իրեն յարմար գործիքներուն հետ: Բայց չկրցայ: Ծանր էին եւ դժուար…: Անիւ փոխելը իմ գործս չէր…հաստատապէս: Գլխուն մեծ եւ անակնկալ հարուած մը ստացողի մը նման մնացած էի: Անակնկալ երկիւղով մը պատուած զգացի: Հաւատացէ՛ք, տագնապներն ու անոնցմէ բխող անկաշկանդ պոռթկումները աւելի կը պրկեն հոգեվիճակները։ Հաստատապէս կորսուած էր օրուան ժամերուս երջանկութիւնը: Չորս կողմս նայեցայ: Օգնութիւն փորձեցի խնդրել: Ո՛չ մէկ անցորդ: Ջղային տրոփումով սրտիս կողքին, մարմինս ալ պաղ քրտինք մը բռնած էր: Մենք՝ հայերս, այդպէս ենք, միշտ ամէն անակնկալներու դիմաց կը շուարինք: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ: Թերեւս, անակնկալներու չենք վարժուած: Տխուր մենակութիւն մը զգացի: Մտահոգ մարդու մը համար, լուրջ վախի ստուեր մըն էր այս մէկը: Իսկապէս՝ անկոչ տագնապ: Բայց, առաջին անգամը չէր, որ նման պատահարի մը կը հանդիպէի…չեմ գիտեր ինչո՞ւ, այս անգամ այս անօրինակ վիճակը ապրեցայ: Մի հարցնէ՛ք: Ձեռքս չէր: Հիմա կարեւորը այն էր, թէ ինչպէ՞ս պիտի փոխէի անիւը: Կը զգայի, որ ճակտէս քրտինքիս հոսքը արագացած էր: Բարեբախտաբար մայթին մօտ, քանի մը հոգի տեսայ, որոնք շարք մը կազմած, կեցած էին, որուն վերջին, այր մարդ մըն էր կանգնողը:

Ո՜վ հրաշք: Անմիջապէս անոր մօտեցայ եւ քաղաքավար իրմէ օգնութիւն խնդրեցի:

-«Հէ՜յ,-ըսաւ, նօ բլօպլըմ» խնդիր չէ,- ըսաւ ու ինծի իր տեղը տուաւ: Ամերիկեան պարզ ոճ բարեւելու եւ խօսելու: Յայտնի էր, որ զիրար չէինք հասկցած: Մարդը կարծած էր, որ ես կ’ուզէի շարքին մէջ տեղ գրաւել: Տեսանելի էին իր յոգնած աչքերը, որոնք թէեւ դանդաղ, սակայն անհանգիստ կը շարժէին: Հագուստը իսկապէս, որ գարշահոտ էր: Փորձեցի կրկին բացատրել, բայց զիս մտիկ ընող չկար: Խօսելու ժամանակ մարդուն շրթունքները հազիւ կը ճեղքուին ու բառերը թողալով դուրս կու գային: Գինով ըլլալու էր: Այս ժամո՞ւն: Է՜հ, հոս Ամերիկա է…: Ուստի հնազանդեցայ: Շարքին մէջ մտայ, այն յոյսով, որ թերեւս անցորդ մը կամ բարի «սամարացիի» մը պիտի կարենայի հանդիպիլ: Նայեցայ շարքիս: Բայց այս ի՞նչ «բանի» շարք էր…: Չհասկցայ: Ինձմէ առաջ երկու կիներ կային, նոյնպէս ցնցոտիներով: Իմս, անոնցմէ պակաս չէր: Փոշոտ եւ կեղտոտ: Ուրեմն այս մէկը անտունիներու, «հօմլես»-ներու շարք մըն էր, որուն կարգին ես ալ կամաւոր անցած էի:

Ուրեմն այս մարդը…այս նոր եւ ազնիւ «բարեկամս»… «հօմլէս» մըն էր…: Գլուխս սկած էր փեթակի նման երգել: Շուտով հասկցայ, որ գիւղի «Մարդասիրական Ծրագրին» համաձայն, ամէն օր եւ այս ժամուն, գիւղի անտունիները հո՛ս կը հաւաքուէին եւ կարգով կը ստանային իրենց համար «պատրաստուածը», որ ուրիշ բան չէր , եթ էոչ պնակ մը ճաշ եւ կամ հագուստեղէն եւ պիտանի ապրանք:

Իսկ այսօր ալ իմ բարի բախտէս…մեծերու «տայբըրներ» շորեր պիտի բաժնէին:

Եւ որովհետեւ ինկած էի յոյսերու եւ յուսահատութեան միջեւ, հետաքրքրութիւնս զիս մոռցնել տուած էր իմ եւ ինքնաշարժիս իրավիճակը: Անմիջապէս յիշեցի, որ ես գրանցուած չէի: Այս մէկը «ընկերոջս», իբրեւ մտահոգութիւն բացայայտեցի:

-«Տօնթ ուըրի», անհոգ եղիր հանդարտեցուց, շատ համարձակ եւ հաստատ:

Ահա քեզի պատմութիւն: Ահա քեզի Ամերիկա: Մեծամոլութեան ախտէն վարակուած երկիր: Ահա կեղծ մարդասիրութիւն….: Ողորմութիւն…: Ձեւապաշտ իրավիճակ…: Անմիջականութիւն մը, որ զուրկ է շնորհէ: Հոս է, որ ժողովուրդ մը կ’ապրի առանց մեծ աւանդութեան եւ սակայն աշխարհին տուած է ապրելու նոր կերպ: Երկրին մէջ հազարաւոր անտունիներ, աղքատներ, անօթիներ կան, փողոցներու մայթերուն վրայ կը գիշերեն, իսկ երկիրը, իր միլիոնները կը ծախսէ ուրիշ երկիրներու բոպիկ եւ անօթի մարդոց հիւրասիրելու համար: «Ամերիկեան երազ»: Երկու ծայրայեղութիւն: Սակայն որո՞ւ հոգը:

-Ե՛ս ալ համտեսեմ «հօմլէս»-ի այս «բարիքէն»-, ըսի մտովի ու ալ չխօսեցայ: Ո՛չ մէկ հարցում:

Նման կցկտուր խոհերով, արդէն հասած էր կարգս: Նախ աչքերս գետին, կեցայ խանութին փոքր պատուհանին առջեւ, որուն ետեւ ապրանքներով խճողուած սենեակին մէջ, օրիորդ մը, բոլորին կը սպասարկէր: «Մատուցող»: Նոյն այս օրիորդը, պարզ, աղօթքի նման  արագ-արագ կ’արտասանէր բառերը, որոնք անխորք ալ էին:

Մօտեցաւ ինծի ու յանկարծ «հայ Ճիմի մը»-ով մը զիս դիմաւորեց: Երեւոյթը գեղեցիկ էր:  Կարծես ինծի ծանօթ մը ըլլար: «Հօմլէս» ըլլալս չէր բաւեր, հիմա ալ Ճիմի ալ  եղայ: Հոգ չէ: Ինծի համար այդ պահուն «խաղողը ուտել էր , եւ ոչ թէ այգեպանը ծեծել»:

Ջերմ մթնոլորտի մէջ, օտարութիւնը աննկատ կարծես սկսած էր նօսրանալ: Զիս, իր ճանչցած Ճիմիին հետ շփոթած էր: Անպիտա՛ն աղջիկ, ինչպէ՞ս ալ ճանչցաւ: Գլուխս գլխարկ եւ դէմքս ալ դիմակ: Տիրական եղանակով եւ ձայնով նախ բարեւեցի: Հաստատապէս առանց վաւերագրուած «թուղթի» օրինաւոր անտունի մը կը նկատէի: «Տակից» պիտի ըսէին հայրենիք ապրող մեր հայրենակիցները: Աղջիկը շինծու ժպիտ մը դէմքին, իսկ երեսին վրայ ակնոց եւ անոնց ետեւ խաղցող կապոյտ աչքեր. հարցուց, թէ ի՞նչ «սայզ» չափ «տայբըր» շոր կը գործածէի եւ օրական քանի՞ անգամ «կը փոխուէի:»: Ահա քեզի հարցում: Հիմա ի՞նչ պատասխանէի: Շուարեցայ: Կեանքի հեգնանք: Բայց շուարելու ժամանակը չէր: Անմիջապէս մտաբերեցի, որ կինս քանի մը ամիս անգամ մը հայրենի մեր բարեկամներուն, Հայաստան ծանրոցներ կը ղրկէր, մէջը ամէն տեսակի պիտանի ապրանքներով լեցուն:

-«Թող տայ,-ըսի մտովի,- չորս հինգն ալ հոն կը ղրկենք»:

-Օրական երեք-չորս անգամ կը փոխուիմ,- առանց քաշուելու ըսի ու տուի «սայզըս»: Կը զգայի, որ ստախօսութեան դեւը ներս սողացած էր, մտքիս մէջ եւ իր սուր մագիլներուն մէջ առած ամէն ճշմարտութիւն: Թէեւ ինծի վայել չէր…բայց…«հարկ լուծանել զօրէնս», կ’ըսէին մեր մեծերը:

-«Օ՜հ,-ըսաւ օրիորդը,-այդ լաւ չէ… պէտք է բժիշկի երթաս…ինչ որ է, այս անգամ երկու ծրար կու տամ, գնա՛, գալ ամիս նորէն եկուր: Բայց չմոռնաս, վաղը «բիցցա»-ի օր է:

Ծրարները առի, նոյնիսկ առանց մնաք բարովի, արագ մը ինքնաշարժիս մօտեցայ: «Աւարս» տեղաւորելէս ետք յանկարծ յիշեցի, որ ես ալ AAA հաստատութեան անդամ էի եւ կրնայի, օգտուիլ անոնց նման ծառայութիւններէն: Հեռաձայնեցի: Տասը վարկեանէն հասաւ բարերար «թրաքը»: Ու մեքսիքացի վարորդը, կատարեց իր «գործը: Հանեց պայթած անիւը, նորը տեղաւորեց եւ թելադրեց, որ հինը շուտով նորոգել տամ ու բարի օր մաղթելով, վարձքը հատուցած ուխտաւորի մը հանգստութեամբ հեռացաւ:

Վերջապէս փրկուեցայ: Իջայ իրական աշխարհս, ազատուած անյայտ եւ անօրինակ ուրուականներէն ու նոր թափով մը շարունակեցի ինծի վստահուած պարտականութիւնս կատարել:

Ու երբ «պըրկըրներով» տղուս գրասենակ կը վերադառնայի, մտքիս մէջ արմատացած պահած էի, թէ նմանիլը, երբեք ըլլալ չի նշանակեր, բայց երբ կը համակերպիս, արդէն կապիկ դարձած կ’ըլլաս:

bedig43@aol.com

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles