Ոչ Եւս Է Բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեան
ԵՐԵՒԱՆ.- Յունուար 11-ին իր մահկանացուն կնքեց հայրենի բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեան: Ծնած 1940-ին, Սպիտակ շրջանի Մեծ Պարնի գիւղին մէջ, Դաւոյեան 1964-ին աւարտեց Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական ուսումնարանի պատմալեզուագրական բաժանմունքը:
Արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ պարգեւատրումներու, ան 1965-էն սկսեալ վարեց «Գրական Թերթ»-ի բանաստեղծութեան եւ արձակի բաժինը: 1970-ին ստանձնեց աւագ խորհրդականի պաշտօնը, Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէին մէջ:
1991-էն 1999 ան եղաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Հայաստանի վարչութեան նախագահը։
1994-էն 1996, Դաւոյեան ընտրուեցաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան վարչութեան նախագահի պաշտօնը, իսկ 1999-էն 2003, ան եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական:
Ռազմիկ Դաւոյեան հեղինակ է աւելի քան 40 ժողովածուներու եւ գիրքերու, որոնք նաեւ հրատարակուած են ռուսերէնով, չեխերէնով եւ անգլերէնով: «Օտէոն» հրատարակչութիւնը անոր ստեղծագործութիւնները ներառած է համաշխարհային գրականութեան ժողովածուին մէջ:
2005-էն 2007 ան «Երեւան» վաւերագրական ժապաւէններու սթիւտիոյի տնօրէնն էր, 2007-էն մինչեւ 2018՝ «Հ1» պատկերասփիւռի կայանի տնօրէնի խորհրդական: