Ամանորեայ Նուէրներ` Արցախի Սահմանամերձ Գիւղերու 1200 Երեխաներու Համար

0 0
Read Time:2 Minute, 54 Second


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Դեկտեմբերի 20-24-ին, թշնամիի անմիջական նշանառութեան տակ գտնուող 19 գիւղերու երեխաներ ստացան ամանորեայ նուէրներ, իսկ անոնց ընտանիքները` դրամական օժանդակութիւն:
Հայ Օգնութեան Միութեան Քանատայի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ կատարուեցաւ նուէրնեռրու բաշխման աշխատանքը։ Հ․Օ․Մ․-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Անի Օհանեան եւ անդամ Սիւզի Պոյամեանն անձամբ ներկայ գտնուեցան։ Իսկ, այս ծրագրի կազմակերպական հարցերը լուծուեցան Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի միաւորի միջոցով:
Արցախի միաւորի ատենապետուհի Լիլիթ Մարտիրոսեանը նշեց, որ ծրագիրը իրականացուած է Արցախի հսկողութեան տակ մնացած բոլոր շրջաններուն մէջ: Մարտակերտի շրջանի Կիչան, Ճանկաթաղ, Վարդաձոր, Վարնկաթաղ, Մաղաւուզ, Ասկերանի շրջանի Նախիջեւանիկ, Սառնաղբիւր, Խրամորթ, Մարտունիի շրջանի Մաճկալաշէն, Թաղավարդ-կալեր, Կարմիր Շուկայ, Նորշէն, Աւդուռ, Միւրիշէն, Հացի եւ Շուշիի շրջանի Լիսագոր, Եղծահող, Հին շէն, Մեծ շէն գիւղերու 972 աշակերտներ եւ մանկապարտէզներու սաներ ստացած են նուէրներ: «Իւրաքանչիւր տարիքային խումբի եւ սեռի համար տարբեր նուէրներ նախատեսած ենք` փափուկ խաղալիքներ, մարզանքի հագուստ, ժամացոյց, արծաթեայ զարդեր։ Ամանորեայ նուէրներ ստացող երեխաներու թիւը հասաւ 1200-ի», ըսաւ Մարտիրոսեան։
Հ․Օ․Մ․-ի Քանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Անի Օհանեանը տեղեկացուց, որ Արցախի մանուկներու ամանորեայ նուէրներու գաղափարը յառաջացած է անցեալ տարի` պատերազմի աւարտէն շաբաթներ ետք։
«Հայ Օգնութեան Միութեան Քանատայի շրջանը մտածեց որեւէ ձեւով օգտակար ըլլալ տեղահանուածներուն, Արցախի ժողովուրդին: Մենք մասնակցած ենք տեղահանուածներուն դրամական աջակցութեան տրամադրման: Իսկ երիտասարդները ցանկութիւն յայտնեցին ժպիտ պարգեւել Արցախի մանուկներուն: Մտածեցին երեխաներին խաղալիքներ տալ ու ծնողներուն ալ` որոշ գումար` Ամանորի առիթով որեւէ բան գնելու համար։ Առցանց հանգանակութիւն կատարեցին եւ հաւաքեցին մօտ 1500 երեխայի համար նախատեսուած գումար: Անցեալ տարուայ Նոյեմբերի աւարտին արդէն հանգանակութիւնը աւարտած էր, համավարակի եւ պատերազմի պատճառով միայն 270 նուէրներ բաժնուեցան Երեւանի եւ սահմանամերձ շրջաններու մէջ բնակութիւն հաստատած տեղահանուած ընտանիքներու երեխաներուն», նշեց Անի Օհանեան:
Երկրորդ փուլը սկսաւ Դեկտեմբեր 12-16, 2021-ին, երբ Անի Օհանեան եւ Սիւզի Պոյամեան Հայաստան մեկնեցան եւ նոր տարուայ առթիւ նուէրներ բաժնեցին Շէնգաւիթի ու մերձակայ արուարձաններու մէջ հաստատուած հարիւր ընտանիքներու երեխաներուն: Այնուհետեւ նուէրներ ստացան Եղէգնաձորի եւ Սիսիանի մէջ հաստատուած հարիւր ընտանիքներու երեխաներ:
Ծրագրի վերջին փուլը Արցախի մէջ իրագործուեցաւ:
Անի Օհանեանը հինգերորդ անգամ է, որ կ՛այցելէ Արցախ։ «Մեր կատարածը կաթիլ մը ջուր է ովկիանոսի մէջ: Երանի աւելի շատ գումարներ ունենայինք բոլորին հասնելու համար, որովհետեւ ամէն երեխայի ժպիտն անգին է, մեծ գոհունակութիւն է այս օրերուն երեխաների դէմքին ժպիտ տեսնել», շեշտեց Օհանեան։
Խօսելով Արցախի հետ կապուած այլ ծրագրերու մասին` Անի Օհանեանը յայտնեց, որ Հ․Օ․Մ․-ի Քանատայի միաւորը ունի 10 մասնաճիւղ եւ 1200 անդամ։ «Բոլորն ալ պատրաստակամ, սիրով կ՛ընդառաջեն մեր ծրագրերուն, մանաւանդ եթէ հերթը Արցախին: Մեր սրտին մէջ յատուկ տեղ ունի Արցախը: Մենք ամէն օր, ամէն ժամ Ձեզ հետ միասին կ՛ապրինք բոլոր դժուարութիւնները: Մեր ժողովուրդը միշտ Արցախի կողքին է»,- նշեց ան:
Նոր այլ ծրագիրներ պիտի յաջորդեն, միշտ ալ կիզակէտ ունենալով Արցախը։
Նշենք, թէ Հայ Օգնութեան Միութիւնը նախքան 44-օրեայ պատերազմը կեդրոնացած էր այլ ծրագրերու ուղղութեամբ: Բանակի հետ համագործակցութեամբ, շարք մը աջակցութեան ծրագրեր իրագործուած էին զօրամասերուն մէջ, մեկնակէտ ունենալով կրթական ծրագրերը, մանկապարտէզները: Պատերազմէն ետք, Հ․Օ․Մ․-ի ծրագրերը լրիւ փոխուած են եւ ստացած են ընկերային ուղղուածութիւն` ունենալով տեղահանուած բնակիչներու ընկերային-կենցաղային պայմանների բարելաւման նպատակ:
Նշենք, թէ Արցախի պատերազմէն ետք, տարիէ մը ի վեր Հայ Օգնութեան Միութեան Ստեփանակերտի, Խնձորիստանի, Աշանի եւ Ակնաբերդի «Սօսէ» մանկապարտէզներու դասաւանդութիւնը վերսկսած է։ Աշակերտներու շօշափելի թիւ մը վերադարձած է իրենց սիրելի դպրոցը, ուր միացան իրենց ընկերներուն եւ դաստիարակներուն։
Աղէտալի պատերազմի դէպքերէն ետք, աշխատանքի վերադառնալը դիւրին չէր դաստիարակներուն համար, որոնց կորուստի ցաւը թարմ էր իրենց սրտերուն մէջ։ Սակայն, երեխաներուն հոգեկան հանգստութիւնը առաջնահերթ դասելով, անոնք նուազեցուցին մատղաշ սերունդին ապրած ցաւն ու սարսափը։
Հ․Օ․Մ․-ը կը վարէր ութ մանկապարտէզներ, ուր մօտաւորապէս 400 երեխաներ կը ստանային մտային զարգացում եւ ընկերային, բարոյական ֆիզիքական ու գեղարուեստական կրթութիւն։ Նոյեմբեր 9, 2020-ի տխրահռչակ յայտարարութեամբ, Մեծ Թաղեր, Տող, Շուշի եւ Քարեգահ շրջաններու «Սօսէ» մանկապարտէզները անցան Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles