Դեկտեմբեր 7-ին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ Շիրակի թեմի Գիւմրիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ վերաօծման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները սկսած էին 1999-ին:
Սրբազան արարողութեան ներկայ էին` Մայր Աթոռի միաբաններ, Հայ եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներ, Շիրակի թեմի հոգեւոր սպասաւորներ, մշակութային ու հասարակական գործիչներ եւ Հայաստանի տարբեր վայրերէն եկած մեծ թիւով ուխտաւորներ:
Վեհափառ հայրապետը եկեղեցականներու թափօրով նախ առաջնորդուեցաւ դէպի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ բակը տեղադրուած երկրաշարժի զոհերուն նուիրուած յուշարձան, ուր ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք աղօթք բարձրացուց առ Աստուած` անմեղ զոհերու հոգիներու խաղաղութեան համար:
Ապա, «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեան ընկերակցութեամբ, կաթողիկոսը իր հայրապետական օրհնութիւնը բաշխելով ներկաներուն, մուտք գործեց վերանորոգուած եկեղեցին, ուր ծայր առաւ վերաօծման սրբազան արարողութիւնը: Յընթացս արարողութեան` ջուրով եւ գինիով լուացուեցաւ տաճարին սուրբ սեղանը եւ խորան բերուեցաւ սրբալոյս միւռոնը, որով Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կատարեց եկեղեցւոյ սուրբ սեղանի օծումը:
Մինչ այդ` Դեկտեմբեր 5-ին, տեղի ունեցած էր եկեղեցւոյ նաւակատիքի արարողութիւնը:
Արարողութեան աւարտին հայոց հայրապետը Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ վերաօծման առիթով իր հայրական պատգամը տուաւ ներկաներուն` աղօթելով վերանորոգուած պատմական աղօթավայրին յաւէտ պայծառութեան, հայրենի երկրի խաղաղութեան, աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի ապահովութեան ու բարօրութեան համար:
«Հարիւրյիսնամեայ այս տաճարը, որ փուլ եկած էր 1988-ի աւերիչ երկրաշարժին իբրեւ հետեւանք, աղէտէն երեսունվեց տարի անց վերստին իր դռները կը բանայ քրիստոսասէր ու աւանդապահ գիւմրեցի հաւատաւոր մեր զաւակներուն եւ ուխտաւորներուն դիմաց: Կը յիշենք երկրաշարժը` իր սարսափելի հետեւանքներով, որ հազարաւոր կեանքեր խլեց, շատեր անօթեւան դարձուց, մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը դրաւ բազում դժուարութիւններու առջեւ: Խորհրդանշական է, որ երկրաշարժի նոյն օրը կը կատարուի տաճարի վերաօծման արարողութիւնը: Մեր հոգիները, որոնք կը կրեն ողբալի իրադարձութեան տարիներու վիշտն ու վէրքերը, եկեղեցւոյ վերականգման առիթով քաջալեր զգացումներով կը պարուրուին` իբրեւ առհաւատչեայ նաեւ այսօրուան մեր կեանքի նեղութիւններու ու խնդիրներու յաղթահարման եւ մեր ազգի խաղաղ ու բարօր յարատեւութեան: Տասնամեակներու ընթացքին աղէտահար մեր ժողովուրդը իր աշխատանքով, բարեկամ երկիրներու աջակցութեամբ շտկեց իր մէջքը եւ վերածնունդ ապրեցաւ: Նոյնպէս ալ Գիւմրիի սրտին մէջ քանդուած այս եկեղեցին աւերակներէն յառնեցաւ Շիրակի թեմի բարեպաշտ հայորդեաց աստուածասիրութեան եւ զօրեղ հաւատքի վէմին վրայ Աստուած կը հիմնէ եկեղեցին, ինչպէս կը շեշտուի մեր հայրերու աղօթքին մէջ. «Հիմնեցուցեր զեկեղեցի Քո ի վերայ վիմի հաւատոյ», ըսաւ վեհափառ հայրապետը` գոհունակութեամբ ընդգծելով, որ Տիրոջ ողորմութեամբ այսուհետեւ Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքոյ պիտի վերսկսին աստուածապաշտական արարողութիւնները, եւ երկնաւոր շնորհներն ու օրհնութիւնները պիտի բաշխուին հաւատաւոր հայորդիներուն:
Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ հայորդիներու եկեղեցանուիրումի ու առ Աստուած մշտավառ հաւատքի շնորհիւ կառուցուող եւ վերականգնուող իւրաքանչիւր սրբավայր կը դառնայ յոյսի ու զօրութեան աղբիւր` հայրենիքի հանդէպ սիրով, բարութեամբ եւ ազնուութեամբ զօրացնելով Քրիստոսին հաւատացող ազգի զաւակներու ոգին: Ան դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքը եկեղեցւոյ շուրջ համախումբ մնալով կը ծաղկի, եկեղեցւոյ շուրջ համախումբ մնալով կ՛ամրապնդուի ժողովուրդին կամքը` սրբազան արժէքներով ապրելու եւ դիմակայելու ապազգային ընթացքներ, պայքարելու վասն արդարութեան ու ճշմարտութեան եւ ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան:
«Շիրակցիներու հաւատաւոր, աննկուն ոգիի իւրօրինակ խորհրդանիշ է այս եկեղեցին: Սիրելինե՛ր, որքան անսասան պահենք ու ամուր դարձնենք մեր հաւատքը, այնքան զօրութիւն պիտի ունենանք` միասնաբար մեր կեանքի նեղութիւնները յաղթահարելու, հեռու վանելու քինախնդրութիւնը, վախն ու խարդաւանքը եւ մեզ պատած վիշտերու ու կորուստներու խաւարի մէջ արշալոյս բանալու: Վերականգնուած Սուրբ Ամենափրկիչ տաճարը այս իրողութեան հոյակերտ վկան ու ապացոյցն է», ըսաւ կաթողիկոսը` պատգամելով ըլլալ ոգիով անկոտրում եւ հոգեւոր մեր արժէքները դարձնել ամուր հիմքը միասնութեան, առ հայրենին աննուազ սիրոյ, դարձնել պատուար փորձութիւններու յաղթահարման եւ ազգային ինքնութեան անխաթար պահպանման:
Ապա Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը յորդորեց հաւատացեալները` միշտ շէն ու պայծառ պահել Սուրբ Ամենափրկիչ գեղեցկակերտ եկեղեցին, բանուկ պահել ճանապարհը դէպի նուիրական տաճարը, հաստատելով, որ մայր եկեղեցւոյ հաւատարիմ մնալով, մեր վերելքը խարսխելով աստուածահաճոյ գործերու եւ ազգանուիրումի վրայ` կ՛ամրագրենք երաշխիքը բարեյոյս կեանքի եւ հզօր, զարգացող հայրենիքի:
Այնուհետեւ ան իր հայրապետական բարձր գնահատանքը յայտնեց` թեմակալ առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանին, թեմի հոգեւոր սպասաւորներուն, թեմական եւ Ծխական խորհուրդի անդամներուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ վերականգնման մէջ իրենց նպաստը ներդրած բոլոր անձերուն, յատկապէս` Վարդան Ղուկասեանի:
Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ վերաօծման առիթով կաթողիկոսը եկեղեցւոյ ընծայեց Քրիստոսի խաչելութեան սրբապատկերը` որպէս մշտաբուխ աղբիւր Սուրբ Էջմիածինէն բաշխուող օրհնութեան, իսկ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանին բազմամեայ վաստակին ու նախանձախնդիր ծառայութեան իբրեւ գնահատանք` շնորհեց եպիսկոպոսական պանակէ:
Ընդառաջ թեմակալ առաջնորդի միջնորդութեան` Գարեգին Բ. կաթողիկոս Վարդան Ղուկասեանին յանձնեց անոր շնորհուած Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձր շքանշանը:
Այնուհետեւ Միքայէլ արք. Աջապահեան մատուցեց սուրբ պատարագ: Յաւարտ պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ` ի յիշատակ 1988 դեկտեմբեր 7-ի երկրաշարժի անմեղ զոհերուն:
150-ամեայ սոյն տաճարը, որ աւերուած էր 1988-ի երկրաշարժին իբրեւ հետեւանք, այսպիսով, աղէտէն 36 տարի ետք վերստին իր դռները բացաւ ուխտաւորներուն առջեւ: