Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան Նախկին Ատենապետուհի՝ Վանուհի Իսաջանեանի Հրաժեշտը

0 0
Read Time:2 Minute, 9 Second

Նոյեմբեր 25-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Մոնրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքեց Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետուհի՝ Վանուհի Իսաջանեանը։

Ընկերուհի Վանուհին, աւելի քան 65 տարի անձնուրաց նուիրումով ծառայած է Հ.Օ.Մ.-ին, սկսելով Հալէպէն մինչեւ Մոնրէալ, հասնելով հայրենիք եւ մինչեւ հայրենի հեռաւոր գիւղեր ու քաղաքներ։ Իբրեւ Հ.Օ.Մ.-ի ատենապետուհի, ընկհ. Իսաջանեանի աւանդը մեծ եղած է 90-ական թուականներուն Հ.Օ.Մ.-ի կողմէ Հայաստանին եւ յատկապէս Արցախեան Ազատամարտին նպատակաուղղուած օժանդակութիւններուն գծով։

Ծննդավայր Հալէպի մէջ երկրորդական ուսումը աւարտելէ ետք ան կը հաստատուի Պէյրութ, ուր Ecole Superieure des lettres-ի մէջ կը հետեւի մանկավարժութեան դասընթացքներուն։ Մոնրէալ կը հաստատուի 1968-ին եւ անմիջապէս կ՚անդամակցի Հ.Օ.Մ.-ի Մոնրէալի մասնաճիւղին։ Շնորհիւ իր կազմակերպչական կարողութիւններուն, ան կը գրաւէ ուշադրութիւնը տեղւոյն պատասխանատուներուն եւ արդէն տարի մը ետք կ՚ընտրուի վարչական։ Երկար տարիներ, որպէս Մոնթրէալի Հ.Օ.Մ.-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետ, շուրջը հաւաքելով նուիրեալ ընկերուհիներ, կը տանի օգտաշատ եւ բեղուն գործունէութիւն։

1990-ին ընկերուհին կը դառնայ Հ.Օ.Մ.-ի Գանատայի նորաստեղծ շրջանի առաջին ատենապետուհին եւ ապա 1992-ին Հայաստանի մէջ գումարած համահայկական պատգամաւորական ժողովի կ՚ընտրուի կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ ատենապետուհի։ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետի պաշտօնը կը վարէ ամբողջ վեց տարիներ։ Ան կը յիշէ Հ.Օ.Մ.-ի գործունէութեան այդ ժամանակահատուածը, նշելով. «Հ.Օ.Մ.-ի օժանդակութիւնը երկրաշարժի եւ Հայաստանի անկախութեան օրերուն, եղաւ արագ եւ արդիւնաւէտ։ Գործի առիւծի բաժինը ինկաւ Հ.Օ.Մ.-ի ուսերուն։ Հայրենիքի ընկերային պայմանները մղեցին մեզ մշակելու ծրագիրներ՝ օգնելու հայ որբին, հայ զինուորին, հայ կնոջ, հայ աշակերտին եւ ուսուցչին։ Զանազան նախարարութեանց հետ ունեցած իմ տեսակցութիւններս եւ անոնց ցուցաբերած հասկացողութիւնը եւ գործակցութիւնը մեծապէս օժանդակեցին մեր ծրագիրներուն իրագործման։ Ունեցանք դժուար օրեր բայց Հ.Օ.Մ.-ը մնաց Հայաստանի մէջ միշտ պատնէշի վրայ եւ այդ օրերուն էր, որ նաեւ կը տանէինք Հ.Օ.Մ.-ի գործիչային եւ դաստիարակչական աշխատանք Երեւանի եւ մինչեւ հեռաւոր գիւղերուն մէջ»։

Վանուհի Իսաջանեան 1974-1980-ին վարած է Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը։ Անուրանալի է իր ներդրումն ու նպատակասլաց աշխատանքը Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի հիմնադրման գծով։ Եղած է անդամ Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան, Հ.Յ. Դաշնակցութեան Մոնրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէին եւ Հայ Դատի յանձնախումբին։

Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ պարգեւատրուած է Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանով, իսկ Գանատայի կառավարութիւնը Confédération Canadienne 125-աﬔակի առիթով պատուած է զինք բարեսիրական եւ կրթական իր տարած երկարամեայ աշխատանքին համար:

Սեպտեմբեր 17, 2016-ի թուակիր հրամանագրով մը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Երախտագիտութեան մետալով պարգեւատրեց Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետուհի ընկհ. Վանուհի Իսաջանեանը։ Իր պաշտած կազմակերպութեան՝ Հայ Օգնութեան Միութեան մասին ընկերուհի Վանուհիի վկայակոչումն էր. «Հ.Օ.Մ.-ին պատկանիլը մեծ հպարտութիւն մը պէտք է ըլլայ բոլոր ընկերուհիներուն համար եւ մեր աշխատանքը պէտք է ըլլայ անանձնական»։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles