Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ
Ընդմիջումային զարկերակախցումի սրնքացաւը այն ցաւի զգացումն է, որ կը յառաջանայ սրունքներու զարկերակներու մասնակի կամ ամբողջական խցումով: Այս գրութեանս մէջ պիտի գործածեմ «ընդմիջումային սրնքացաւ» կրճատումը՝ գործնականութեան համար:
Ընդմիջումային սրնքացաւը կծկումային եւ պրկումային ցաւ մըն է: Ան առաւելաբար կը տեսնուի տարեցներու եւ մանաւանդ տղամարդոց մօտ: Այս սրնքացաւը կոչուած է ընդմիջումային, որովհետեւ ան ընդհանրապէս կը պատահի քալելու եւ վազելու ընթացքին: Սրնքացաւը մկանային ցաւ մըն է , որ կը սկսի երբ բաւարար քանակութեամբ թթուածինով յագեցած արիւն չի հասնիր սրունքներու մկաններուն:
Սրնքացաւը կ՚անհետանայ հանգիստ ընելով, այսինքն չքալելով եւ չվազելով: Զարկերակներու ամբողջական խցումով սրնքացաւը կը պատահի նոյնիսկ հանգիստ վիճակի մէջ:
Ընդմիջումային սրնքացաւի բուն պատճառը ինչպէս որ յիշուեցաւ նախապէս սրնքազարկերակներու մասնակի կամ ամբողջական խցումն է: Ասիկա կը յառաջանայ երկու հիմնական հիւանդութիւններով՝
- Զարկերակի ճարպակալումով (atherosclerosis), որ տեղի կ՚ունենայ մաղձաճարպի (cholesterol) կուտակումով զարկերակներու պատերուն վրայ:
- Զարկերակ պնթացումով (arteriosclerosis), որ զարկերակներու պրկումն ու կծկումն է զանազան պատճառներով, ինչպէս՝ զարկերակային գերճնշում եւ ծխախոտի գործածութիւն:
Սրնքացաւը կրնայ ըլլալ նաեւ սուր, սաստիկ, տրոփիչ եւ խորունկ: Ան կը զգացուի զիստէն (thigh) մինչեւ ոտք: Սրնքացաւը կեդրոնացած կ՚ըլլայ զարկերակի խցումի տեղէն վար: Յաճախ որովայնային մեծ զարկերակի խցումով կը զգացուի աճուկային (groin) եւ կամ յետոյքային ցաւ:
Ընդմիջումային սրնքացաւի վտանգաւոր ազդակներ նկատուած են ծխածոտը, շաքարախտը, արեան մաղձաճարպի բարձրացումը (hypercholesterolemia), զարկերակային գերճնշումը, սրտի տկար աշխատանքը եւ արեան որոշ հիւանդութիւններ:
Ընդմիջումային սրնքացաւին կ՚ուղեկցին սրունքներու զարկերակներու զարկի տկարացում եւ կամ բացակայութիւն, սրունքներու պաղութիւն, եղունգներու կապտութիւն, ինչպէս նաեւ մորթային որոշ անբնական երեւոյթներ, օրինակ՝ մորթի տժգունութիւն, մորթային վէրքերու ուշ սպիացում եւ մորթի փտախտ (gangrene): Այս վերջինի պարագային յաճախ սրունքի հատումը կը կատարուի հարկադրաբար:
Ընդմիջումային սրնքացաւի ախտաճանաչումը բացայայտ է, այսինքն՝ հիւանդին պատմականը: Սակայն եւ այնպէս բժիշկը կը փորձէ զգալ սրունքներու զարկերակներու զարկը եւ կը կատարէ հետեւեալ բժշկական քննութիւնները՝
- Արեան շաքարի եւ մաղձաճարպի.
- Բազուկի եւ սրունքներու զարկերակային ճնշումի աստիճանաչափի.
- Սրնքազարկերակներու անդրձայնային (ultrasound), մաքնիսարձագանգային (MRI) եւ համակարգչային շերտագրական (CT scan) նկարումներ.
- Սրնքազարկերակներու գունաւոր նկարում (angiography):
Սրնքացաւը կ՚անհետանայ սրնքազարկերակներու խցումի վերացումով: Այս կ՚իրականայ հետեւեալ դարմանամիջոցներով՝
- Զարկերակներու լայնացուցիչ դեղեր.
- Հակամաղձաճարպային դեղեր.
- Զարկերակի գերճնշումը նուազեցնող դեղեր.
- Վիրաբուժական գործողութիւններ,
ա. Երակային պատուաստ (vascular graft), այսինքն՝ խցուած զարկերակը փոխարինելով առողջ երակով մը:
բ. Խցուած զարկերակները բանալ յատուկ փուչիկներու գործածութեամբ (angioplasty).
գ. Յատուկ նեցուկներ (stents) զետեղել խցուած զարկերակներուն մէջ:
Սրնքացաւը կը մեղմանայ ժամանակաւորապէս հետեւեալ միջոցներով՝
- Հանգիստ ընել, շատ չքալել, երկար ժամանակ ոտքի չկենալ.
- Նստած վիճակի մէջ եւ պառկելու ու քնանալու ընթացքին սրունքները վեր պահել.
- Ցաւաբեկ դեղեր գործածել.
- Ծխախոտ չգործածել.
- Բժիշկին կողմէ թելադրուած դեղերը կանոնաւոր գործածել.
Կարելի՞ է կանխարգիլել ընդմիջումային սրնքացաւը:
Այո՛, կարելի՛ է՝ ուշադիր ըլլալով հետեւեալ ցուցմունքներուն` pնաւ չծխել, կանոնաւորել արեան շաքարի եւ մաղձաճարպի քանակը, ինչպէս նաեւ գերճնշումը ու հետեւիլ առողջապահական սննդականոնի։