Ազերի Քարոզչական Սադ­րան­քը Թե­սա­ղո­նի­կէի Մէջ

0 0
Read Time:1 Minute, 56 Second


ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷ («Ազատ Օր»)․- Վերջերս, Յունաստանի երկրորդ քաղաքի հան­րա­կառքե­րուն վրայ նկատուած է եզակի գո­վազդա­յին ար­շա­ւ մը, որ ցոյց կու տար Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րուն կող­մէ բռնագ­րաւո­ւած ­­Շու­շի քա­ղա­քի պատ­մա­կան բեր­դը եւ ա­նոր պա­րիսպ­նե­րուն վրայ ե­րեւ­ցող ­­Շու­շիի ա­նո­ւան ատր­պէյ­ճա­նա­կան տար­բե­րա­կը, իսկ յու­նա­րէն լե­զո­ւով գրո­ւած էր «­­­Շու­շա, Ատր­պէյ­ճան» գրու­թիւ­նը։

­­Հան­րա­կառքը նկա­րո­ւած էր ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի ճամ­բա­նե­րուն վրայ եւ ա­նոր նկա­րը լայն տա­րա­ծում գտած էր ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու օգ­տա­տէ­րե­րուն կող­մէ, ո­րոնք բուռն կեր­պով դա­տա­պար­տե­ցին ատր­պէյ­ճա­նա­կան փոր­ձե­րը՝ ներ­կա­յաց­նե­լու հայ­կա­կան ­­Շու­շին որ­պէս ատր­պէյ­ճա­նա­կան քա­ղաք։ ­­Տեղւոյն Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը ա­րագ հա­կազ­դե­լով, կա­պի մէջ մտան ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի հան­րա­յին փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու սպա­սար­կու­թեան տնօ­րէ­նին հետ, որ խոս­տա­ցաւ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն դադ­րեց­նել մնա­ցեալ հան­րա­կառքե­րու նոյն գո­վազ­դով ե­րե­ւու­մը եւ ամ­բող­ջու­թեամբ չե­ղար­կել ծրա­գի­րը։ Տ­նօ­րէ­նը յայտ­նեց, թէ գո­վազ­դա­յին աշ­խա­տան­քը յանձ­նո­ւած էր մաս­նա­գի­տա­ցած ըն­կե­րու­թեան մը, իսկ պե­տա­կան սպա­սար­կու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը տե­ղեակ չէին ա­նոր պա­րու­նա­կու­թե­նէն։ ­­Յի­շեց­նենք, որ շա­բաթ­ներ ա­ռաջ, ատր­պէյ­ճա­նա­կան նմա­նօ­րի­նակ գո­վազ­դա­յին ծրա­գիր մը ե­րեւ­ցած էր ­­Լոն­տո­նի մէջ, ուր միջամտած էր տեղւոյն ­­Հայ Դա­տը։

Ն­շենք, որ տեղացի լրագ­րող­ներ եւս ի­րենց է­ջե­րէն բո­ղո­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով պա­հան­ջե­ցին ծրա­գի­րի կա­սե­ցու­մը։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles