Հ.Յ.Դ. Արցախի Երիտասարդական Միութեան Անդամները Սուրիոյ Մէջ

0 0
Read Time:47 Second


ՀԱԼԷՊ․- Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, Նոյեմբեր 22-ին, Սուրիա ժամանեցին Հ․Յ․Դ․ Արցախի Երիտասարդական միութեան անդամներ` Վահագն Խաչատրեանը (Մարտունի) եւ Բենօ Բաբայեանը (Ստեփանակերտ):
Անոնք ծանօթացան տեղւոյն երիտասարդական ու պատանեկան միութիւններու աշխատանքներուն եւ մասնակցեցան վարժողական համապատասխան ծրագիրներուն` նպաստելով փորձառութիւններու փոխանակման կարեւոր գործին:
Այս ծրագիրը կ՛իրականացուի Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի առաջարկով եւ նպատակ ունենալով սերտացնել եւ թէ՛ համահայկական, թէ՛ Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդական միութիւններու մակարդակով հզօրացնել Արցախ-սփիւռք յարաբերութիւնները:
Արցախի ընկերները այցելեցին Հալէպի հայկական եկեղեցիները, նաեւ «Գանձասար»-ի խմբագրատուն, ծանօթացան խմբագրակազմին եւ անոր աշխատանքներուն, զրուցեցին խմբագիրին հետ, տեղեկութիւններ փոխանցեցին Արցախի ներկայ իրավիճակին շուրջ:
Անոնք նաեւ այցելեցին Սուրիոյ ազգային վարժարաններ, Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկ, Հայոց Թեմի եկեղեցիներ, ազգային ու մշակութային կառոյցներ եւ կեդրոններ:
Նշենք, թէ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի եւ Հ․Յ․Դ․ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ աւելի քան տարիէ մը ի վեր ազդանշանը տրուած Արցախի երիտասարդութեան կարողականութեան եւ հմտութիւններու զարգացման դասընթացքները վերջերս աւարտեցան եւ նմանօրինակ գործունէութիւն կը կատարուի Սիւնիքի մէջ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles